Շաբաթ, Դեկտեմբերի 15-ը բացառիկ (արտակարգ) օր մըն էր Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ Մանուկներու ծառայութեան համար: Մեր մանուկներուն եւ մանկապատանիներուն կողմէ շատ սպասուած օրն էր ասիկա: Մանուկները եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուեցան կ.ե. ժամը երեքին: Անոնք անցան տարբեր կայաններէ, ուր խաղցան, եփեցին եւ այլազան զուարճալի միջոցառումներու (ձեռնարկներու) մասնակցեցան: Յետոյ դիտեցին ներշնչիչ ներկայացում մը եկեղեցւոյ պատանիներուն կողմէ պատրաստուած: Ներկայացումին ընդմէջէն մանուկները սորվեցան այն ուրախութեան մասին, որ ուրիշներու տալը կը բերէ մեր սիրտերէն ներս: Ձեռնարկին աւարտին մանուկները խաղցան զանազան խաղեր եւ ի վերջոյ շատ սպասուած Կաղանդ Պապան եկաւ եւ նուէրներ բաժնեց իրենց: