Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցին մեծ հաճոյքով եւ ուրախութեամբ կազմակերպեց գեղեցիկ Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւն մը Սուրիացի Գաղթական Մանուկներուն համար Պուրճ Համուտի մէջ, Լիբանան:
Տարբեր տարիքներու պատկանող եօթանասուն տղոց եւ աղջիկներու մասնակցութեամբ, եկեղեցւոյ խումբը ստեղծագործ ծրագիր մը պատրաստեց՝ մանուկները զուարճացնելու համար եւ այս օրհնեալ տօնական օրերուն ընթացքին անոնց սիրտերէն ներս ուրախութիւն բերելու համար:
Ձեռնարկին տեւողութիւնը մէկ ու կէս ժամ էր եւ սկսաւ դէմքեր ներկելով (face painting) եւ երգերով: Ձեռնարկը շարունակուեցաւ խաղերով, երգեցողութեամբ եւ տալու մասին կարճ թատրերգութեամբ մը: Թատրերգութենէն ետք մանուկները վերապատմեցին պատմութեան ընթացքին պատահածները եւ հասկցան տալուն իմաստը եւ թէ ինչքան կարեւոր է սէրէն մղուած տալը:
Պահին աւարտին Կաղանդ Պապան եկաւ ու նուէրներ եւ թեթեւ ուտելիքներ բաժնուեցան: