Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին եկեղեցին կազմակերպեց եօթնօրեայ համագումար մը Նախամուսնութեան ինչպէս նաեւ ամուրիութեան, բարեպաշտ կին եւ բարեպաշտ տղամարդ ըլլալու, ծնողք ըլլալու, սիրոյ զօրութեան, սիրոյ տարբեր լեզուներուն, սիրոյ քիմիական հիմքերուն եւ այլ նիւթերու մասին:
Աւելի քան քառասուն հոգիներ մասնակցեցան համագումարին՝ նշանուած եւ ամուսնացած զոյգեր եւ նոյնիսկ ամուրիներ: Իւրաքանչիւր պահէ ետք տեղի ունեցաւ գործնական կիրարկում (քննարկում) ինչպէս նաեւ առիթ տրուեցաւ հարցում-պատասխանի: