Յուլիս 18-ին, մենք տօնեցինք եօթը հոգիներու մկրտութիւնը Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Այսպիսով անոնք միացան այն նոր ժողովուրդին, որ Յիսուս Քրիստոս կը հաւաքէ Իրեն համար:
Եկեղեցւոյ մկրտութեան ուսուցումները ստանալէ ետք, այս եօթը հոգիները, իրենց ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն ներկայութեան, ՅԻՍՈՒՍԸ ՏԷՐ եւ Փրկիչ դաւանեցան: Ի՛նչ մեծ ուրախութիւն: