Յիշելը շատ կարեւոր է արժեւորելու համար: Աւագ Շաբաթը եւ անոր մէջի զանազան ծառայութիւնները առիթ եղան իւրաքանչիւրիս յիշելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու մեր Տիրոջ՝ իր սիրոյն, զոհաբերութեան եւ յարութեան համար: Կրնաք ստորեւ նշուած իւրաքանչիւր ծառայութեան մանրամասնութիւնները տեսնել հոս.

Սիրոյ Երեկոյ

Սիրոյ Երեկոն միշտ յատուկ իմաստ մը ունի մեր եկեղեցիին համար, քանի որ եկեղեցին կը կեդրոնացնէ Յիսուսի սիրոյն եւ կատարածին վրայ՝ Յիսուսի օրինակով ծառայելու համար:

Հովիւը խօսեցաւ խոնարհութեան մասին Յիսուսի, որ բոլոր չարչարանքներուն ու հակառակութիւններուն դիմաց ընտրեց սէրն ու խոնարհութիւնը:

Քարոզը լսելու համար՝ Խոնարհութիւն

Խաչելութիւն

«Յիսուս խաչին վրայ մեռաւ, որպէսզի դուն եւ ես սկսինք ապրիլ»:

Մենք յիշատակեցինք Քրիստոսի զոհաբերումը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով մեր Տիրոջ, որ իր արիւնով մեզի տուաւ նոր կեանքի ընթացք մը։

Քարոզը լսելու համար՝ Խաչելութիւն

Յարութեան Տօն

«Յարութիւնը կեանքի մասին խօսող նոր լեզու մըն է»։ Հովիւը շեշտեց կարեւորութիւնը յարութեան կեանքը ապրելու, ո՛չ ջանքով, այլ՝ հաւատալով։

Յարութեամբ՝ Յիսուս վերջ դրաւ թշնամիին ուժին, եւ այսօր այդ զօրութիւնը կը գտնուի հաւատացողին կեանքին մէջ (տե՛ս Կղ 3.3):

Օրհնեա՛լ է Յարութիւնը Քրիստոսի։

Քարոզը լսելու համար՝ Յարութեան Զօրութիւնը

Նախորդ Հրապարակում Ծաղկազարդ
Յաջորդ Հրապարակում BC/AD-ի Գարնանային Տօնակատարութիւն 2018