Մտ 24.14-20-ին մէջ, Յիսուս աշակերտներուն կ'ըսէ, որ Աւետարանը Երուսաղէմի մէջ յաջող կերպով քարոզուելէ ետք էր միայն որ վերջը պիտի գար, եւ անոնք պէտք էր պատրաստ ըլլային Երուսաղէմէն փախչելու:
- Պղծութիւնը Սուրբ Տեղին մէջ - Ապագայի կատարումի կարծիքին հաւատացողները կ'ըսեն, թէ ապագային Նեռը պիտի գայ, արձան մը կանգնեցնէ ապագայի տաճարին մէջ եւ ինքզինք աստուած պիտի կոչէ:
Բայց Մատթէոսի մէջ Նեռին մասին որեւէ խօսք չկայ: Յիսուս կը շեշտէր, թէ աշակերտնե՛րը պիտի տեսնէին այդ պատահելիքները: Մատթէոս աւետարանիչը կը յայտնէ, թէ սրբապղծութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Սուրբ տեղ»ին մէջ, իսկ Ղուկաս կը յայտնէ, թէ անիկա պիտի պատահի «Երուսաղէմ»ի մէջ: Երկուքն ալ ճիշդ են: (Յունարէն բնագիրին համաձայն, «Սուրբ Տեղը» կ'ակնարկէ տեղի մը, բայց ո՛չ շէնքի մը):
Ըստ Յովհաննէս Ոսկեբերանին (John Chrysostom), «Աւերմունքին պղծութիւնը» ակնարկութիւն է աւերումին, որ եղաւ Սուրբ քաղաքին՝ Երուսաղէմին պաշարուելովը: Ասիկա կը յարմարի Դանիէլ 9.26-ին, որ կը խօսի պղծութեան մասին: - Փախչիլ Յուդայէն եւ Երուսաղէմէն (24.17) - Երբ Հռոմէացի զինուորները լեռներուն վրայ շարուեցան, Երուսաղէմի ժողովուրդին համար փախչելու շատ կարճ ժամանակ մնացած էր: Հրէական տան մը տանիքը ելլելու համար պէտք կար դուրսէն աստիճանով բարձրանալու: Այդ պատճառով, Յիսուս թելադրեց, որ ներս չմտնեն, այլ առանց ժամանակ կորսնցնելու ուղղակի փախչին:
Քրիստոնեաներուն Երուսաղէմէն փախչելէն ետք, զինուորները գոցեցին քաղաքը եւ չարտօնեցին, որ մէկը անցնէր: Պատմականօրէն գիտենք, թէ աշակերտները փախան կործանումէն առաջ: Փախան, որովհետեւ Յիսուս իրենց պատուիրած էր: - Մեծ Նեղութիւն (Մտ 24.21,22) – Ըսելէն ետք որ փախչին, Յիսուս խօսեցաւ մեծ նեղութեան մասին: Ապագայ կատարումի կարծիքին հետեւորդները կ'ըսեն, թէ ատիկա ապագային պիտի ըլլայ: Եթէ Յիսուսի խօսքը վերջին ատենուան մասին էր, ի՞նչպէս կ'ըլլայ, որ Ան ըսաւ՝ «[...] եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ» (21):
Ուրեմն, 20-րդ դարուն 6 միլիոն հրեայի մահը անկէ մեծ նեղութիւն չէր... Յովսէփոս (Josephus) կը նկարագրէ մարդոց չարչարանքը եւ կ'ըսէ թէ երբ մարդիկ փորձէին փախչիլ, զինուորները կը բռնէին զանոնք, անոնց ձեռքերը կը կոտրէին եւ նորէն քաղաք կը ղրկէին: Վերջ ի վերջոյ քաղաքը գրաւուեցաւ, եւ հոն մնաց միայն 97,000 հոգի, որոնք տարուեցան եգիպտական հանգերը՝ աշխատելու: - Սուտ Քրիստոսները (Մտ 24.23-27) - Ժողովուրդը յոյս ունէր որ Քրիստոս պիտի յայտնուի: Այդ օրերուն մասին Յովսէփոս ըսած է, թէ շատեր իրենք զիրենք Քրիստոս կոչեցին: Այդ սուտ Քրիստոսները ըրին նշաններ ու հրաշքներ:
- Մեռած մարմին եւ արծիւները (Մտ 24.28) – Հազարաւոր զինուորներ շրջապատած էին Երուսաղէմը եւ իրենց դրօշակներուն ու վահաններուն վրայ կար արծիւի նշանը...
Հետեւաբար, Երուսաղէմի կործանիլը շատ նշանակալից դէպք մըն է: Երուսաղէմը «Սուրբ Քաղաք»ն էր: Մորիայի վրայ Աբրահամ Իսահակը պիտի զոհէր (Ծն 22.2), հոն Աստուած հանդիպեցաւ Դաւիթի (Բ. Մն 3.1), եւ այդ տեղին վրայ Սողոմոն շինեց տաճարը: Հոն ժողովուրդին մեղքերուն քաւութեան համար զոհեր կը մատուցանուէին, եւ Հրեայ ժողովուրդին կեանքին կեդրոնն էր: Երբ տաճարը կործանեցաւ, Հրեաներուն ժառանգութիւնը կործանեցաւ, այսինքն՝ Աստուծմէ անջատուեցան. անոնք իրենց ինքնութիւնը կորսնցուցին:
Եբրայեցիներուն նամակին հեղինակը կը յայտնէ, թէ անիկա փոխարինուեցաւ Նոր Ուխտով՝ Քրիստոսով (Եբր 8.13): Մենք հիմա ունինք Նոր Ուխտը. աւելի լաւ խոստումներ եւ Քահանայապետ մը, որ ծայրագոյն եւ ամենավերջին զոհը ըրաւ: Երբ տաճարը քանդուեցաւ, հին տաճարին պաշտօնը վերջացաւ եւ անոր հետ կապուած կրօնական սկզբունքները դադրեցան: