Աստուած Մեր Կողմն է (Հռ 8.31) Հայրը մեր կողմն է, եւ ատիկա կը փաստուի Իր Որդին չխնայելովը (Հռ 8.32): Որդին ալ մեր կողմն է (Հռ 8.34), նոյնպէս ալ Սուրբ Հոգին (Հռ 8.26):
Աւելին6 Յունուար 1941-ին, Ֆրենքլին Ռուզվելթ Եւրոպայի դէմ մղուող պատերազմին մասին տուած իր ճարին աւարտին կ'ըսէ, թէ ինք կ'ակնկալէ աշխարհ մը, որ հիմնուած է մարդկային չորս հիմնական ազատութիւններու վրայ. 1. Խօսքի ազատութիւն 2. Պաշտելու ազատութիւն 3. Ուզելու (խնդրելու, պահանջելու) ազատութիւն 4. Վախէն ազատութիւն
ԱւելինՊօղոս կ'ուզէ ցոյց տալ հիմնական վարդապետական գիտելիք մը, թէ՝ Քրիստոնէական կեանքը յաջողապէս ապրիլը կախեալ է Քրիստոնէական դաստիարակութենէն եւ ուսուցումներէն:
ԱւելինԱյս գլուխին մէջ, Պօղոս կը հետապնդէ հիմնական երկու նպատակներ: 1. Հիանալի առանձնաշնորհում մըն է Քրիստոնեայ ըլլալը: Մեր արդարանալը միայն երկինք երթալու խոստում մը չէ, հապա ներկայ ժամանակին օրհնութեան աղբիւրը վայելելու համար է: 2. Արդարութիւնը եւ օրհնութիւնները մնայուն են: Պօղոս կը փորձէ հաստատել, թէ արդարութիւնը չի կորսուիր, ինչ ալ ըլլան պայմանները:
ԱւելինԱյս գլուխին մէջ, Պօղոս իր խօսքը կ‘ուղղէ Հռոմի Քրիստոնեաներուն, որոնք կրնան հարցուցած ըլլալ, թէ ի՞նչպէս կրնայ «հաւատքով արդարանալու» գաղափարը կապուիլ իրենց պատմութեան հետ, մանաւանդ որ Պօղոս կ'ըսէր, թէ այդ մասին վկայուած է Օրէնքին ու մարգարէութեան կողմէ (Հռ 4.1-2):
ԱւելինԲնագիրին համաձայն «Դատել» «Գրինօ» բառն է, որ կը նշանակէ բաժնել, ընտրել եւ արժեւորել: Կը նշանակէ նաեւ նախընտրել, օրէնքին դիմել, յարիլ, ենթարկուիլ, յանձնուիլ:
ԱւելինԱյս բաժինին մէջ Պօղոս կը խօսի մեղաւոր մարդուն վիճակին մասին, որ շատ անհաճոյ է, սակայն չենք կրնար անտեսել զայն կամ հրաժարիլ զայն փոխելէն: Այս բաժինը եղափոխութեան մասին չի խօսիր, որուն համար կ'ըսուի, թէ մարդը սկսաւ ցած մակարդակով եւ հասաւ բարձր:
ԱւելինՊօղոս Իր Վստահութիւնը Կը Հաստատէ (Հռ 1.16Ն.Թ.)
Աւելին