«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ Աստուծոյ բազմատեսակ պարգեւներուն իրաւ տնտես՝ իր ստացած շնորհքը ուրիշներուն թող մատակարարէ» (Ա.Պտ 4.10):
Իմանալէ ետք, թէ Աստուծոյ զաւակները բազմատեսակ պարգեւներու տնտեսներ են, բնակա՛ն է, որ ուզես շնորհքդ գիտնալ եւ անմիջապէս գործի լծել զայն:
Աստուած Սիրելով Փրկեց Մեզ
Աստուածաշունչը այդ մասին քեզի կ'ուզէ իմացնել, թէ Աստուծոյ ծառայելու մօտեցող անձը իր պաշտօնը պէտք չէ իբրեւ պարտականութիւն կատարէ, այլ՝ պէտք է Աստուծոյ նկարագիրով եւ նորոգուած սիրտով մը յանձն առնէ ծառայութիւնը, ինչպէս Աստուած Իր սիրովը յանձն առաւ զայն. «Աստուծոյ սէրը հետեւեալ ձեւով մեզի յայտնուեցաւ. Աստուած իր միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի անով կեանք ունենանք: Այս է ահա ճշմարիտ սէրը. ո՛չ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, այլ Աստուած ինք սիրեց մեզ եւ իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերը քաւող իբրեւ զոհ» (Ա.Յհ 4.9-10):
Սիրելիներ, շնորհքները՝ որոնց մասին Աստուածաշունչը կը յայտնէ (տե՛ս Ա.Կր 12.8-10), բոլորն ալ մեր Աստուծոյն կը պատկանին: Սակայն մարդը փրկելու ատեն Ան անոնցմէ ո՛չ մէկը գործածեց: Աստուած Իր սիրովը ստեղծեց մարդը եւ նոյն սիրով եկաւ ու փրկեց զայն. «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16):
Աստուածաշունչէն կը սորվինք, թէ բոլոր հաւատացողները Քրիստոսի տուած չափով շնորհք ստացած են (Եփ 4.7) եւ պէտք է գործածեն զանիկա (Հռ 12.6): Նաեւ կ'իմանանք, թէ շնորհքները պէտք է ըլլան Յիսուսը «Տէր» խոստովանող գործիքներ (Ա.Կր 12.3):
Շնորհքներու Բանալին
Այդ շնորհքները օգտակար ձեւով գործածելու համար, առաքեալը բանալի մը կը ցուցնէ, ըսելով. «Հետեւաբար՝ ձգտեցէք հասնիլ այն շնորհքներուն, որոնք լաւագոյնն են: Բայց հիմա ես լաւագոյն ճամբան ցոյց պիտի տամ» (Ա.Կր 12.31):
Պօղոս առաքեալ կը նշէ, թէ սէրը շնորհքները կիրարկելու լաւագոյն բանալին է: Ան կ'ուզէ, որ նախքան շնորհքներ խնդրելը, հաւատացեալները ձգտին ունենալ շնորհքները հրաւիրող եւ զանոնք գործածել գիտցող բեղմնաւոր սիրտ մը:
- Ա.Կր 13.1-3-ին մէջ, Պօղոս առաքեալ կը պարզէ, թէ ծառայելու լաւագոյն միջոցը սէրն է, եւ կը նախազգուշացնէ հաւատացեալները, որ եթէ իրենց թանկագին պարգեւները առանց սիրոյ եւ զոհողութեան մատակարարեն, անոնք կրնան անիմաստ ըլլալ. «Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներուն լեզուները խօսիմ, բայց սէր չունենամ, ի՞նչ տարբերութիւն կ'ունենամ պղինձէ շեփորէն որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն որ կը ղօղանջեն: Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունենամ, կարենամ բոլոր խորհուրդներու խորքը թափանցել եւ հասնիմ ամբողջական գիտութեան, եւ նոյնիսկ լեռները տեղափոխելու չափ զօրաւոր հաւատք ունենամ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ կ'արժեմ: Ի՞նչ օգուտ, եթէ բոլոր ինչքերս աղքատներուն տամ եւ նոյնիսկ մարմինս կրակի մատնեմ. եթէ սէր չունիմ՝ ոչինչով կ'օգտուիմ»:
- Առաքեալը կը թելադրէ, որ ծառայութիւնդ սիրով կատարես, հետապնդելով զոյգ նպատակներ.
- Առաջին՝ սիրով Աստուծոյ կը միանաս (Ա.Յհ 4.12-13) եւ Իրեն պէս գործած կ'ըլլաս: Այդպիսով շնոհքները բացայայտօրէն կ'երեւին կեանքիդ մէջ Սուրբ Հոգիով, հաւատքիդ չափովը:
- Երկրորդ՝ որպէսզի ծառայութիւնդ ստացողներուն հանդէպ անսակարկ սէր ունենաս, այսինքն՝ զոհողութիւն յանձն առնես եւ այդպէս առաջինին մէջ յիշուած սէրէն չ'իյնաս:
Աստուած Անսակարկ Սիրով Սիրեց
Աստուած Իր սիրոյ չափը յայտնել ուզելով, կ'ըսէ. «[…] Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի. անոր համար ողորմութեամբ քեզ քաշեցի» (Եր 31.3):
Այդ սէրէն մղուած՝ կ'ըսէ. «Անոնց բարիք ընելով՝ անոնց համար պիտի ուրախանամ […]» (Եր 32.41):
Այդպիսի (Աղաբի) Անսակարկ Սէր Կը Նշանակէ՝ Ինքզինք Զոհել.
«[...] Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար. մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ՝ կը լքէ ոչխարները ու կը փախչի, ձգելով որ գայլը յափշտակէ եւ ցրուէ ոչխարները, որովհետեւ վարձկանը չի մտահոգուիր ոչխարներուն վիճակով» (Յհ 10.11-13):
Յիսուս կ'ըսէ. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յհ 15.13):
Քննելու Միջոց
Քու սէրդ քննելու եւ չափելու համար, առաքեալը հոգեւոր ինքնամարզութեան փորձ մը կու տայ քեզի: Ինչպէս երբ ծարաւնաս՝ անմիջապէս ջուր կը խմես, այնպէս ալ ամէն անգամ, որ որեւէ պատճառով ձախողիս կատարելու ստորեւ յիշուած յատկութիւններէն մէկը՝ անմիջապէս աշխատէ՛ մարզել սէրդ. «Սէր ունեցողը համբերատար կ'ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ: Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ'ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ'ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ'ըլլայ ճշմարտութեան: Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա.Կր 13.4-7):
Սէր Ունեցողը
«Սէր ունեցողը վախ չունի, որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ […]» (Ա.Յհ 4.18):
Սիրոյ Առաւելութիւնը
«Սէրը անվախճան է, մինչդեռ այս կեանքին հետ մարգարէական պատգամները վերջ պիտի գտնեն, հրեշտակներու լեզուներով խօսիլը պիտի դադրի, գիտութիւնն ալ վերջ պիտի գտնէ» (Ա.Կր 13.8):
«Ուրեմն սիրոյ հետամուտ եղէք […]» (Ա.Կր 14.1):