Բնական մղումը կարեւոր է, որպէսզի սրտի հաղորդակցութիւն ըլլայ: Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնն ալ ունի բնական մղում: Կարեւոր է մեր ծառայութիւնը ընենք մղուած մեր սէրէն եւ ներքին համոզումէն, ինչպէս Եղիսէ բնական մղումով Եղիային հետեւեցաւ, կամ ինչպէս Աբրահամ բնական մղումով ուզեց Աստուծոյ տասանորդ տալ: