Գործ Առաքելոց գիրքի առաջին երկու գլուխներուն մէջ կը նկատենք շատ յատկանշական բան մը. համբարձումէն ետք, աշակերտները աղօթքով եւ միաբանութեամբ կեցած էին Աստուծոյ առջեւ: Սակայն երբ Սուրբ Հոգին ստացան, լուրջ զօրութիւն ստացան: Սուրբ Հոգիին ներկայութեան փորձառութիւնը վայելեցին: Անվախ եղան: Ինքնավստահ եղան: Կարեւոր բան մը եւս, որ կը նկատենք այն է, թէ Թագաւորութիւնը իրական էր իրենց մէջ: Իրական էր նաեւ Սուրբ Հոգիին հետ իրենց կապը: