Երբ կը կարդանք Յակոբ Նախահօր եւ անոր եղբօրը Եսաւի պատմութիւնը, կը նկատենք կեանքի երկու հիմնական հորիզոնները՝ աշխարհայինը եւ հոգեւորը: Աշխարհային ըսելով բնաւ չենք ակնարկեր հոգեւորները աշխարհի մէջ գտնուող եւ իրենց առօրեային վերաբերող կարեւոր բաներէն հեռացնելուն, հապա՝ կը փորձենք զգուշացնել Աստուծմէ հեռու պահող սովորութիւններէն:
Աստուած Ռեբեկայի արգանդին մէջ տղոց կռուիլը համարեց աշխարհայինի եւ հոգեւորի միջեւ պատերազմ: Բայց անշուշտ ոչ ոք կրցաւ հասկնալ ատիկա, նախքան անոնց ծնիլը, մեծնալը եւ իրենց ազատ կամքով իրենց որոշումները տալը: Նոյնիսկ երբ մենք կը կարդանք անոնց պատմութիւնը, կը մտածենք, թէ ինչո՞ւ Աստուած սկիզբէն մերժեց երէցը՝ Եսաւը եւ ընդունեց կրտսերը՝ Յակոբը:
Այսօր կ'ուզեմ խօսիլ Եսաւի եւ Յակոբի երկու տարբեր տեսակի բարգաւաճումներուն մասին՝ կեդրոնանալով անոնց աշխարհային եւ հոգեւոր տեսակներուն վրայ, ինչպէս նաեւ թէ ո՛ր մէկը մնայուն բարգաւաճում էր:
Ի՞նչպէս կ'որոշենք մեր Քրիստոնէական կեանքի յաջողութիւնը: Աստուծոյ հետ քայլ առ քայլ քալելո՞վ, թէ առանձին՝ մեր մարդկային ուժերուն վստահելով:
Այդ երկուքը ունին տարբեր ձգտումներ:
- Առաջինը, Աստուծոյ հետ քայլ առ քայլ, այսինքն՝ անոր եղանակներուն սպասելով կը վայելէ պտուղը՝ հաւատարմութեամբ եւ հաւատքով քալելով:
- Երկրորդը, սովորական եւ այս աշխարհի մէջ ընդհանրացած եւ զարգացած ձեւերով, ինչպէս Եսաւ ըրաւ (հմմտ Ա.Թգ 8):
Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, թէ կարող ենք ամէն բանի Քրիստոսով: Ատիկա կ'ընէ ո՛չ թէ որովհետեւ կ'ուզէ յայտնել Տիրոջ զօրութիւնը, հապա՝ կ'ուզէ յայտնել, թէ մե՛նք որքան կրնանք ընել Քրիստոսով (Փլպ 4.13):
(Հմր 1) «Յակոբ իր հօրը պանդխտացած երկրին՝ Քանանի մէջ բնակեցաւ»:
Եթէ մօտէն նայինք Եսաւի եւ Յակոբի երկու տարբեր տեսակի բարգաւաճումներուն, պիտի տեսնենք, թէ թէեւ Եսաւ իշխան դարձաւ, ընդարձակեցաւ եւ զօրացաւ, բայց «Յակոբ իր հօրը պանդխտացած երկրին՝ Քանանի մէջ բնակեցաւ»:
Հակառակ Եսաւին.
- Յակոբ չունէր գլխաւոր պետեր (տե՛ս Ծն 35.11):
- Գոնէ տակաւին չունէր հողատարածքներ՝ զանոնք կառավարելու համար:
- Լման ցեղախումբեր չունէր:
- Յակոբ տակաւին պանդուխտ էր:
Ըստ ինծի, մինչ Եսաւ կը բարգաւաճէր, Յակոբ ներքնապէս կ'աճէր եւ կը զօրանար:
- Մինչ Եսաւ ուժի ճամբով կը մեծնար, Յակոբ Տիրոջ ժամանակներուն սպասելով՝ կը զօրանար (կարդա՛ Սղ 27.14):
- Գերմանացի լուտերական աստուածաբան եւ եբրայագէտ Ֆրազ Տելիթզշ կ'ըսէ՝ «Աշխարհիկ մեծութիւնը շատ աւելի հեշտ կու գայ քան հոգեւոր մեծութիւնը»:
- «Խոստացուած հոգեւոր օրհնութիւնները կու գան համբերութեամբ եւ հաւատքով»:
- «Սպասել մինչ ուրիշներ կը բարգաւաճին, հաւատացեալին հաւատարմութիւնը քննել եւ յարատեւելու ուժը փորձել կը նշանակէ»:
Սաղմոս 37.1-40, 73.4,15-26,28
Ատեն մը, Դաւիթ՝ ազդուած իր չորս կողմի պայմաններէն եւ գրաւուած անոնց երեւոյթներէն, Տիրոջ հանդէպ կասկածներ ունեցաւ: Սակայն Տիրոջ տան մէջ եւ Անոր ներկայութեան մէջ իմացաւ, թէ երեւութապէս անոնք յաջող կը թուին ըլլալ, բայց իրականութեան մէջ եւ իրական կեանքի ակնոցներով դիտուած՝ անոնք շատ սահուն տեղ կեցած են:
Տիրոջ Ճամբան Ճանչցի՛ր
- Հեզ ըլլալով (Սղ 25.9: Տե՛ս 32.8)
- Հաստատուէ՛ Տիրոջմով (Սղ 37.23)
- Նման Մովսէսի (Սղ 103.7)
Վերջերս նկատեցի, որ գրեթէ ամէն օր ես սովորական ճամբայէն քալելով տուն կ'երթամ, բայց ճամբուն վրայ գտնուող բաներէն շատ տեղեակ չեմ: Պատահեցաւ, որ երբ կը քալէի Զալքայի մայրուղիին վրայ, մէկ օրուան մէջ քանի մը անձեր կեցան եւ տեղերու մասին հարցուցին ինծի, եւ ես չկրցայ ուղղել զիրենք, որովհետեւ չէի գիտեր այդ տեղերուն մասին: Այդ պահուն Սուրբ Հոգին խօսեցաւ ինծի, ըսելով. «Երբ անձ մը իմ ճամբուս մէջ քալէ, բայց Զիս չճանչնայ, ոչ մէկուն օգուտ կրնայ ըլլալ:
Մինչ կը քալենք այս աշխարհի մէջ, շատ անգամ կը քալենք գրաւուած եւ ազդուած ըլլալով պայմաններէն եւ վիճակներէն: Ատիկա մեզի չափով մը մոռցուցած կ'ըլլայ, թէ ո՛վ ենք մենք Քրիստոսով: Առաւել, ուրիշներուն յաջող ըլլալը չի նշանակեր, թէ դուն ձախող ես: Քու յաջողութիւնդ կու գայ հաւատքիդ մէջ հաւատարիմ մնալովդ: Յիշէ՛ Եսաւի եւ Յակոբի պատմութիւններուն եւ սերունդներուն վերջը կամ վախճանը:
Քու յաջողութիւնդ Տիրոջ եղանակներուն մէջ պիտի քաղես: Այսօր խնդրէ՛, որ Տէրը քեզ Իր ճամբուն մէջ քալեցնէ եւ Իր Սուրբ Հոգիով ժամանակները պարզէ: