Յիսուս կը սորվեցնէր, կը քարոզէր եւ կը բժշկէր: Ան չէր ուզեր, որ մարդիկ պարզապէս լսեն, այլ կը փափաքէր, որ մարդիկ իրմէ սորվին եւ ուրիշներուն սորվեցնեն, կերտուին եւ իրենց կոչումը ստանձնեն:
Յիսուս խօսեցաւ Մեսիային թագաւորութեան վերաբերող ինը բանալիներուն մասին (Մտ 5.3-12): Ան երանի տուաւ.
- Հոգիով աղքատներուն (5.3), որոնք կը ճանչնան, թէ Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը կորսուած ըլլալուն պատճառով իրենք հոգիով աղքատ են եւ ամբողջութեամբ Աստուծոյ կը վստահին:
- Սգաւորներուն (5.4), որոնք կը ցաւին իրենց անկարողութիւններուն եւ մեղանչական բնոյթին համար ու ելքի համար Տիրոջ կը դիմեն:
- Հեզերուն (5.5), որոնք ներքնապէս եւ լրութեամբ Աստուծոյ ու Անոր խօսքին կ'ենթարկուին: Անոնք մարդոց հետ հեզութեամբ կը վարուին եւ կը յարմարին պայմաններուն, որովհետեւ ներքին հանգիստ եւ հաճութիւն ունին (Սղ 37.11):
- Արդարութեան անօթի եւ ծարաւներուն (5.6), որոնք հոգեւոր ախորժակ ունին եւ բնաւ չեն փորձեր իրենց սեփական գործերով արդարանալ, այլ կը յուսան Աստուծոյ արդարութեան:
- Ողորմածներուն (5.7), որոնք կ'ողորմին եւ Աստուծոյ ողորմութեան կ'արժանանան: Աստուծոյ փառքը եւ ողորմութիւնը ողորմածին հետ կ'ըլլան (Սղ 18.25):
- Մաքուր սիրտ ունեցողներուն (5.8): Աստուածաշունչը կ'ըսէ, թէ սիրտով մաքուրները զԱստուած պիտի տեսնեն (Բ. Կր 5.17: Սղ 17.15):
- Խաղաղութիւն ընողներուն (5.9), որոնք զօրաւոր եւ անկեղծ հակում ունին խաղաղութիւն հասատատելու: Յիսուս իր խաղաղութիւնը տուաւ մեզի, որպէսզի Իր օրինակով ապրինք երկրի վրայ (Յհ 14.27):
- Արդարութեան համար հալածուողներուն (5.10):
- Նախատինք կրողներուն (5.11): Թշնամին պիտի փորձէ մեր առաքելութեան դիմաց արգելքներ դնել՝ մարդիկը մեզի դէմ լարելով եւ մեր մասին սուտեր ստեղծելով:
Երբ այս սկզբունքներուն համաձայն ապրինք, մեր սիրտը պիտի լեցուի ցնծութեամբ եւ ոչ՝ տրտմութեամբ: