Եփեսացիներուն ղրկուած նամակին մէջ կը կարդանք՝ «Ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել» (Եփ 4.3): Պօղոս առաքեալ կը խօսի հաւատացեալներուն մէկութեան մասին եւ Սուրբ Հոգիին ստեղծած յատուկ կապին մասին: Սուրբ Հոգին շարունակ աշխատանք կը տանի եկեղեցիին միութեան համար:

Միութիւնը.

  • բարի եւ վայելուչ է (Սղ 133.1),
  • մէկ միտք եւ մէկ հոգի ըլլալն է (Գրծ 4.32: 1.10),
  • զիրար աճեցնելու համար է (Հռ 14.9),
  • Կը նշանակէ խօսիլ՝ Աստուծոյ խօսքէն մէջբերելով (Փլպ 1.27):

Մենք պէտք է պահենք Սուրբ Հոգիին ստեղծած խաղաղութեան կապը, այլապէս արգելքներ ու վնասներ յառաջ կու գան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս եղաւ Իսրայէլի ժողովուրդի պարագային:

Դէպի խոստացուած երկիրը ուղղուելու ընթացքին, Տէրը Իսրայէլի ժողովուրդին յաղթութիւն տուաւ եւ անոնք հաւատքով Երիքովը գրաւեցին: Աստուած պատուիրած էր, որ անոնք Երիքովէն բան մը չառնեն, սակայն Աքար անունով իսրայելացի մը Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցաւ: Այդ մէկ հոգիին անհնազանդութիւնը միութիւնը խախտեց եւ պատճառ դարձաւ, որ Իսրայէլ պարտութեան մատնուի Գայիի մէջ: Երբ ժողովուրդը իր պարտութեան պատճառը գիտցաւ, սխալը վերցուց իր մէջէն եւ իր ճամբորդութիւնը շարունակեց:

Իսրայէլի ժողովուրդին օրինակով կը տեսնենք, թէ նոյնիսկ մէկ հոգին չափազանց կարեւոր է ամբողջ միութիւնը պահելու համար:

Միութիւնը խախտելը Սատանային դուռ կը բանայ: Մենք ալ յաղթութեան խոստում ունինք, սակայն կարեւոր է, որ Աստուծոյ պատուէրին հանդէպ զգոյշ ըլլանք, որպէսզի թէ՛ մեր անձին եւ թէ՛ եկեղեցիին որեւէ վնաս չհասցնենք: Սխալը մեր մէջէն վերցնենք ու մեր մեղքերը Քրիստոսի խաչին վրայ գամենք, որպէսզի Սատանային առիթ չտանք:

Նախորդ Հրապարակում Ժամանակ, Ծառայութիւն եւ Հնազանդութիւն
Յաջորդ Հրապարակում Ուսուցում Ապահարզանի Մասին (Մտ 5.31-32)