Ամէն ինչ որ Աստուած մեզի կ՛ըսէ, կը պատուիրէ եւ կամ խօսքին միջոցաւ կը յորդորէ ու կը քաջալերէ որ ընենք, մեր ինքնութեան մէջ կայ ընելու բոլոր մանրամասնութիւնները:
- Մեր մարմինն ու շունչը չեն կրնար ըմբռնել եւ հասկնալ:
- Աստուած միշտ կը խօսի, կը մղէ եւ կը վարժեցնէ, որպէսզի մեր ինքնութեան վերաբերող գործերը ընենք:
Հաւատացեալները, պէտք է մարզեն իրենց անձերը, որ ոչ միայն Անոր ներկայութիւնը եւ հպումը փափաքին, հապա ամբողջ սրտով իրենց ներսիդին Անոր պէտքը զգան:
Երբ ամբողջ սրտով պէտքը կը զգանք, ինքնաբերաբար կը զգանք Անոր ներկայութիւնը եւ Անոր հետ կը հաղորդակցինք: Համեմատել Գրծ 4.23-31-ը 8.18-24-ի հետ:
Երեք Յայտարարութիւններ
Աստուած Աստուածաշունչին միջոցաւ երեք հիմնական ձեւեր որդեգրած է խօսելու համար իր մարդանալուն, փրկագործութիւնը կատարելուն եւ տնօրինումները սահմանելու մասին
(ինքնութիւնդ սահմաներլու).
- Տնօրինումները
- Նահապետներու Կեանքերով Եւ Անուններով Հանգիստ Մտնելը
- Աստուածային Յայտնութիւնները
- Աստուածաշունչը Ադամէն դատաստան եօթը տնօրինումներ կը ներկայացնէ:
Տնօրինում՝ կը նշանակէ ձեւ մը կամ կերպ մը, զոր Աստուած կ՛որդեգրէ իր կիրարկելիք ծրագիրներն ու նպատակները արտայայտելու համար:
- Անմեղութեան տնօրինումը (Ստեղծագործութենէն մինչեւ մարդուն անկումը)
(Ծն 1.28--3.6) - Խիղճի տնօրինումը (Անկումէն մինչեւ ջրհեղեղ)
(Ծն 4.1--8.14) - Կառավարական տնօրինումը (Ջրհեղեղէն մինչեւ Բաբելոնի խառնակութիւնը)
(Ծն 8.15--11.9) - Հայրապետական խոստումի տնօրինումը (Աբրահամէն մինչեւ Սինա լեռ)
(Ծն 12.1--Ելք 18.27) - Օրէնքի տնօրինումը «Ուխտը» (Սինայէն մինչեւ խաչ եւ վերնատուն)
(Ելք 19.1--Գրծ 1.26) - Շնորհքի եւ զօրութեան տնօրինումը (Վերնատունէն մինչեւ դատաստան)
(Գրծ 2.1--Յյտ 20.10)
Սուրբ Հոգիին Ժամանակն Է
(Ղկ 12.54-55)-ը կը թելադրէ, թէ ներկայ ժամանակներուն իմաստը հասկնանք, որպէսզի անոնցմով Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած բարիքները վայելենք:
Եթէ մենք մեզի առանձին ժամանակները քննել ուզենք, հաւանաբար դժուար պիտի ըլլայ տրամաբանութեամբ յաջողութիւն ձեռք բերել: Բայց եթէ Աստուածաշունչին խոստումներուն
հաւատանք, դիւրաւ պիտի տեսնենք եւ վայելենք ժամանակուան բարիքները, զորս Աստուած տուած է մեզի:
Սուրբ Հոգիին Դերը
- Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ երկրին երեսը նորոգողը Սուրբ Հոգին ինք կ՛ըլլայ (Սղ 104.30 ) «Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կը ստեղծուին ու երկրին երեսը կը նորոգես»:
- Աստուծոյ Տաճարը միայն Սուրբ Հոգիով կարելի է շինել (Զք 4.6) «Եւ ան ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի. ‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, Հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»:
- Սուրբ Հոգին կը հալածէ թշնամին (Ես 59.19) «Արեւմուտքը՝ Տէրոջը անունէն,Արեւելքը անոր փառքէն պիտի վախնան.Երբ թշնամին գետի պէս գայ,Տէրոջը Հոգին անոր դէմ դրօշակ պիտի կանգնեցնէ»:
- Վերջին օրերուն Սուրբ Հոգիով պիտի կատարուին խոստումները (Յվլ 2.28) «Ասկէ յետոյ Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ Ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան, Ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն: Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն»:
- Խոստումները կատարուած կ՛երեւին 2000 տարի առաջ վերնատան մէջ (Գրծ2.17) «Այնուհետեւ երբ վերջին օրերը գան,-կ’ըսէ Աստուած,- իմ Հոգիս պիտի թափեմ բոլոր մարդոց վրայ. ձեր տղաքն ու աղջիկներըիմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի, ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի ունենանեւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն»:
- Խոստումները կանխաւ խոստացուած էին Տէր Յիսուսի միջոցաւ (Յհ 14.16) «Եւ ես Հօրս պիտի աղաչեմ՝ որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ»:
- Սուրբ Հոգին ամբողջապէս Յիսուսի տրուած էր (Յհ 3.34):
- Ան իր աշակերտներուն փոխանցեց (Յհ 20.22):
- Աշակերտները պէտք էր սպասէին Սուրբ Հոգին ստանալը, Անով ծառայութեան սկսելու համար (Գրծ 1.5), զօրանալու (1.8) եւ կրակով վառած ծառայելու (2.1-4), Անկէ սորվելու (Ա.Յվ 2.27) եւ պարգեւներ ստանալու (Ա.Կր 12.7-11) համար:
- Եկեղեցին շինելու (Գրծ 9.31)
- Հրաշքները հովանաւորելու (Եբր 2.4)
- Թշնամիին դէմ զանոնք զօրացնելու համար (Ա.Յվ 4.4)
Յիսուսի ժամանակին կատարուածները
- 21 Մարգարէութիւնները
Սուրբ Հոգիին ժամանակ կատարուածները
- (Գրծ 3.1-9, 5.15, 6.8, 8.5-9, 13.8, 14.7-9)
- Բոլոր ասոնք Սուրբ Հոգիին գործերն են, զորս այս օրերուն ալ կը կատարէ (Գրծ 14.3-4, Եբր 2.4):
VII․Դատաստանի եւ նոր կեանքի տնօրինում (Նոր կեանքը եւ ամբողջական հանգիստը)
(Յյտ 20.11--22.21)
Նահապետներուն Անունները Իմաստալի Են
Ադամէն մինչեւ Նոյ անունները կանխատեսութեամբ ներկայացուցած են փրկութիւնը եւ մարդուն վերստին «Հանգիստ» մտնելը:
Անուն | Նշանակութիւն | Բացատրութիւն | |
1. | Ադամ | Մարդ | Մեղանչեց |
2. | Սէթ | Փոխարէն | Փոխարէն |
3. | Ենովս | Մահկանացու | Մահկանացու եղաւ |
4. | Կայնան | Ստացուած | Ստացաւ |
5. | Մաղաղիէլ | Աստուծոյ փառքը | Աստուծոյ փառքը |
6. | Յարեդ | Սերունդ եւ իջնել | Քրիստոս իջաւ |
7. | Ենովք | Նուիրում | Անձը նուիրեց |
8. | Մաթուսաղա | Մահ եւ ղրկել | Մահուան յաղթեց |
9. | Ղամէք | Զօրութիւն | Շնորհք եւ զօրութիւն |
10. | Նոյ | Հանգիստ | Հանգիստ մտցուց |
Տասնհինգ Ստորոգելիները
- Աստուած իր 15 գերբնական անուններով եւ ստորոգելիներով ցոյց տուած է, թէ Ամենազօր Աստուած անձամբ պիտի ըլլայ Փրկիչը եւ ազատէ իր ստեղծած մարդը (Եզ 34.11-16):
- Աստուած մէկ եւ միակ է “eḥad אֶחָד”, սակայն իրեն համար տրուած անունները եւ ստորոգելիները գոյական են, որոնք իրականութեան մէջ փրկագործութիւնը, Փրկիչը եւ մարդը անկումէն հանելով հանգիստ մտցնելու մասին կ'ակնարկեն:
Անուն | Նշանակութիւն | Բացատրութիւն |
1. ELOHIM |
Ամենազօր Աստուած Ծն 1.1: Սղ 19.1 |
Ամենազօր Արարիչ Աստուած |
2. ADONAI JEHOVAH |
ՏԷր Մղ 1.6 Փրկող Աստուած Ծն 2.4 |
Տէր է Փրկիչ է |
3. JEHOVAH JIREH | Տէրը պիտի ապահովէ Ծն 22.13-14 | Ապահովութիւնն է |
4. JEHOVAH RAPHA | Բժշկող Տէրը Ելք 15.26 | Բժշկութեան Տէրն է |
5. JEHOVAH NISSI | Տէրը մեր դրօշակը Ելք 17.15 | Դրօշակ է |
6. MACCADDESHEM | Սրբող Տէրը Ելք 31.13 | Սրբող է |
7. JEHOVAH SHALOM | Խաղաղութեան Տէրը Դտ 6.24 | Խաղաղութիւն է |
8. JEHOVAH RA`AH | Տէրը իմ հովիւս Սղ 23.1 | Կը Հովուէ |
9. JEHOVAH TSIDKENU | Տէրը մեր Արդարութիւնը Եր 23.6 | Արդարութիւնն է (Հռ 5.1) |
10. JEHOVAH SHAMMAH | Տէրը հոն է Եզ 48.35 | Իր տան մէջն է |
11. JEHOVAH SABBAOTH | Զօրութեան Տէրը Ես 6.1-3 | Զօրութիւն է (Մտ 8.5-13) |
12. EL-ROI | Տեսիլքի Տէրը Ծն 16.12 | Տեսիլք պարգեւողն է (Գրծ 2.17) |
13. EL-ELYON | Բարձրեալ Աստուած Ծն 14.17-20: Ես 14.13-14 | Բարձրեալ է |
14. EL-SHADDAI | Ամենակարող Աստուած Ծն 17.1: Սղ 91.1 | Ամենակարող |
15. EL-OLAM | Յաւիտենական Աստուած Ես 40.28-31 | Յաւիտենական |
Ամենազօր Արարիչ Աստուած
1. Էլոհիմ [’elohiym /el·o·heem/]: Կը նշանակէ՝ «Ամենազօր Աստուած»: Կը գործածուի Աստուծոյ զօրեղ եւ ուժեղ ինքնութիւնը պարզելու համար: Իրականութեան մէջ «Էլոհիմ» բառը յոգնակի է, բայց երբ ճշմարիտ Աստուծոյ վերագրուի, ակնարկուած կ'ըլլայ Անոր ստորոգելիներուն: Այսինքն՝ աստուածային ամբողջ մեծութիւնը իր մէջ կը պարբակէ: Այսինքն՝ «Էլոհիմ» ըսելով, Աստուած իբրեւ Ամենազօր եւ Ստեղծիչ կը ներկայացուի, ըստ Ծն 1.1-ին:
Փրկիչ եւ Տէր Է
2. Եհովա [Yâhovah /yeh·ho·vaw/]: Կը նշանակէ՝ «Որ է» կամ «Տէր Աստուած»: Չորեքգրեան YHWH (Յունարէն բառով մը՝ Tetragrammaton) բառով կը հնչուի, որովհետեւ տարբեր համոզումներ կան «Եահուէ եւ Եհովա» արտասանութիւններուն միջեւ: Զոյգ կոչումներն ալ զԱստուած կը ներկայացնեն իբրեւ մարդկութեան հոգացողը եւ Փրկիչը: Շարունակողական «Տէր Աստուած» նշանակաւոր կոչումը (Ծն 2.4-5,7-9,15-16,18-19,21-22) կ'ուզէ յայտնել, թէ առաջին գլուխին ամենազօր ստեղծող Աստուածը, նոյն ատեն Իսրայէլի հետ Ուխտ ընող Եհովա Տէրն է: Այսպիսով Իսրայէլ պիտի իմանար, թէ իր Տէրը ստեղծած է ամէն ինչ եւ մարդը ձեւկերպած է շատ յատուկ ձեւով: Պատուիրանները սխալ մեկնուելնուն պատճառով, Գերութեան ժամանակ, արգիլած էին արտասանել Եհովա անունը, որ 6800 անգամ յիշուած է Հին Կտակարանին մէջ, եւ այդ անունին փոխարէն անոնք սկսած էին «Ադոնիա» Adonai, ըսել, որ կը նշանակէ Եհովան «Տէրն» է:
Տէրը Կ'ապահովԷ
3. Եհովայիրէ [JEHOVAH JIREH]: Կը նշանակէ՝ «Տէրը պիտի տեսնէ կամ Տէրը պիտի պատասխանէ»՝ ապահովելով պէտքը: Աբրահամ հաւատքով խօսեցաւ Իսահակի հետ երբ ըսաւ, թէ «Աստուած իրեն ողջակէզ ըլլալու գառը պիտի պատրաստէ», եւ երբ Աստուած իր հրեշտակը ղրկելով ողջակէզի համար խոյը ցոյց տուաւ, Աբրահամ Մօրիայի լերան անունը յիշատակի համար «Եհովայիրէ» կոչեց (Ծն 22.8,14): Աստուած իր արարքով Աբրահամի սիրտին մէջ դրաւ, թէ ինք կը տեսնէ եւ անկեղծօրէն նուիրուածներուն համար փրկութեան ողջակէզը կ'ապահովէ: Երբ մէկը իր անձը եւ արժէքները Աստուծոյ նուիրել գիտնայ, Աստուած ատոր համար ողջակէզը կը հայթայթէ: Այդ ողջակէզը Յիսուսն է: Մարդը Յիսուսի զոհողութենէն առաջ ենթակայ էր դատապարտութեան, բայց բոլոր հաւատացողներն ու նուիրուածները կ'ազատին Աստուծոյ պատրաստած ողջակէզին միջոցաւ (Ա.Պտ 2.22-25): Ասով Աստուած նաեւ ցոյց տուաւ, թէ ինք անձամբ պիտի ըլլայ փրկութեան գառը ապահովողը:
Բժշկութիւն է
4. Եհովառաֆֆա [JEHOVAH RAPHA]: Կը նշանակէ՝ «Բժշկող Տէրը»: Կը հաստատէ կատարելիքը մարգարէութիւններուն միջոցաւ (Եր 32.40-41, 33.6,9: Սղ 107.20), Կը խոստանայ կատարել հնազանդողներուն համար (Ելք 23.25: Բ.Օր 7.13-15) եւ կ'իրագործէ իր երկրաւոր առաքելութեան միջոցին (Մտ 4.23, 8.16, 9.35, 12.15):
Պահպանութիւնը Եւ Յաղթութիւնը Հաւատքով
5. Եհովանիսի [Yâhovah, nicciy /yeh·ho·vaw nis·see/]: Կը նշանակէ՝ «Տէրը մեր դրօշակը»: Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ես եմ Եհովան որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Ամենակարող Աստուծոյ անունով երեւցայ. բայց իմ Եհովա անունովս անոնց չյայտնուեցայ» (Ելք 6.3): Եհովա փրկութեան անունն է, փրկութիւն հայթայթողը «Եհովայիրէ», որ պատերազմի միջոցին դրօշակ եղաւ իր ժողովուրդին (Ելք 17.8-16) եւ պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք Քրիստոսով պիտի պատերազմին:
Սրբող Է
6. Եհովա Մագատտեշիմ “MACCADDESHEM”, որ կը նշանակէ՝ սրբող Տէրը (Ելք 31.13): Ստեղծող Աստուած իբրեւ Փրկիչ յայտնուեցաւ, հաւատքով «Շաբաթը» մտնել ուզողները «սրբելու» համար:
Խաղաղութիւն Է
7. Եհովաշալօմ [Yâhavah, shalowm /yeh·ho·vaw shaw·lome/]: Կը նշանակէ՝ «Եհովան խաղաղութիւն է» (Դտ 6.25): Գեդէօն իր հօրը ունեցած Բահաղին ու Աստարովթին սեղանը փլցուց եւ փոխարէն Աստուծոյ զոհը կատարեց, որպէսզի Աստուծոյ խաղաղութիւնը գայ իր ժողովուրդին վրայ: Յիսուսի ծննդեան առթիւ հրեշտակները երգեցին, ըսելով. «Բարձրունքներո՜ւն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղկ 2.14): Ան իր սեփական խաղաղութիւնը կու տայ իրեն հետեւորդներուն (Յհ 14.27): Նոյնը կը վերաբերի բոլոր հաւատացեալներուն (Հռ 1.7):
Հովիւ Է
8. Եհովա Ռայահ JEHOVAH [ra`ah /raw·aw/ Կը նշանակէ՝ «Տէրը իմ հովիւս», հասկցնելու համար, թէ Ան կը հովուէ, բարեկամ է եւ ընկերակից (Սղ 23.1):
- (Եփ 4.11) Հովիւը վերակացու հսկիչ մը կ'ըլլայ, հաւատքի մը տնօրէնը, այսինքն՝ Քրիստոսի օրինակով՝ եկեղեցիին գլուխը:
- Հովիւը ոչխարները թշնամիէն պահողն ու անկէ ազատողը կ'ըլլայ:
- Վիրաւոր ու հիւանդ ոչխարները դարմանողը:
- Զանոնք սիրողը եւ անոնց վստահութիւնը շահողը կ'ըլլայ:
- Պատերազմի ընթացքին երբ օդանաւերը վնասուէին, օդանաւորդները իրարու օգնական կ'ըլլային օդանաւերու դեւերով զիրար օգնելով:
Արդարութիւնն է
9. Եհովա Ցիտքեյնու [Yâhovah, tsidqenuw /ye·ho·vaw tsid·kay·noo/] Կը նշանակէ՝ «Տէրը մեր արդարութիւնը» (Եր 23.6): Յովսիային որդիին Յովակիմ թագաւորէն ետք Յուդայի վրայ Դաւիթի սերունդէն իշխող թագաւոր չկար, այդ պատճառով Աստուած կը խոստանայ, թէ Դաւիթէն արդարութեան շառաւիղ մը պիտի հանէ, որ իմաստութեամբ պիտի թագաւորէ, երկրի վրայ արդարութիւն ու իրաւունք պիտի ընէ ու ժողովուրդը մէկ սիրտ եւ միտք ու մէկ մարմին պիտի ըլլայ ու ապահովութեամբ պիտի բնակի: Այդ թագաւորին անունը «Եհովա Ցիտքեյնու» պիտի կոչուի, «Տէրը մեր արդարութիւնը»: Ժողովուրդին արդար կեանքը ապրելու գրաւականը պիտի ըլլայ այդ թագաւորը: Յիսուս Քրիստոս կատարումն է այս մարգարէութեան, որ իբրեւ թագաւոր՝ իմաստութեամբ եւ արդարութեամբ պիտի թագաւորէ ժողովուրդին վրայ եւ իւրաքանչիւրին մէջ (Եզ 37.26-27: Ղկ 17.20-21):
Տէրը Հոն Է
10. Եհովաշամա [JEHOVAH SHAMMAH]: Կը նշանակէ՝ «Տէրը հոն Է» (Եզ 48.35): Հազարամեայ տաճարը Տիրոջ անունով պիտի կոչուի: Տաճարը ինք Յիսուսն է (Յհ 2.19-22), իսկ հաւատացեալները իր մարմինին անդամները ըլլալով, նորէն տաճարներ են (Ա.Կր 3.16, 6.19) ու իրենց մէջ է Տէրը, որ պիտի ծնէր կնոջ սերունդէն եւ կոչուէր «Էմմանուէլ» (Ես 7.14: Մտ 1.22-23: Գղ 4.4):
Զօրքերու Տէր Է
11. Եհովա Սաբաւովդ [tsaba’, tsâba’ah /tsaw·baw/]: Կը նշանակէ՝ «Զօրքերու Տէր» (Ես 6.1-3): Երիտասարդ Եսայի մարգարէն Զօրքերու Տիրոջ փառքը կը տեսնէ, որ տաճարը լեցուցած է եւ բոլորը անոր երկրպագութիւն կ'ընեն: Ան Տիրոջ ներկայութենէն ստացած տպաւորութիւնը «Զօրքերու Տէր» կը կոչէ: (Յհ 12.41)-ի մէջ, Տէր Յիսուս կ'ըսէ, թէ Եսայի Յիսուսի փառքն էր որ Տեսաւ: Տեսաւ Յիսուսի աստուածութիւնը եւ թէ բոլորը Անոր կ'երկրպագեն: Երբ Աստուած իր տան մէջ ըլլայ, տունը փառքով կը լեցուի եւ «Զօրքերու Տէրը» կը պահպանէ այդ տունը:
Տեսիլքի Կենդանի Աստուծոյ Ջրհորը
12. Լահայրոյի [Bâ’er, la-Chay, Ro’iy /be·ayr lakh·ah·ee ro·ee/]: Կը նշանակէ՝ «Տեսիլքիս կենդանի Աստուծոյ ջրհորը» (Ծն 16.14): Հագար երկրաւոր Երուսաղէմը եւ հողեղէն մարմնաւոր մարդը կը ներկայացնէ (Գղ 4.23-25) եւ իր տիկինը անարգած ըլլալուն պատճառով կը փախչէր, Աստուած իր հրեշտակին միջոցաւ հանդիպեցաւ անոր եւ մահէն ազատեց զայն: Աստուած տեսիլքը կու տայ մարմնաւորներուն հանդիպելու եւ բոլորին ծարաւը հագեցնելու համար (Յհ 4.10):
Բարձրեալ Է
13. Բարձրեալ «Էլիոն» [’elyown /el·yone/]: Կը նշանակէ՝ «Բարձրեալ» (Ծն 14.17-20: Ես 14.13-14): Աբրահամ գիտցաւ իր ձեռքերը «Բարձրեալին» բարձրացնել, այսինքն՝ ուխտել որ միայն Անոր ձեռքերուն նայի եւ ո՛չ թշնամիին առաջարկներուն: Հաւատացեալները նոյնպէս կը նային Յիսուսի՝ հաւատքի հիմնադիրին եւ կատարելագործողին (Եբր 12.2):
Ամենակարող Է
14. Էլ Շատտայ [Shadday /shad·dah·ee/] : Կը նշանակէ «Ամենակարող» (Ծն 17.1): Փրկութիւնը քու մէջդ իրագործուելէն ետք, Ամենակարողին հովանաւորութեան տակ կը բնակիս (Սղ 91.1):
Յաւիտենական Աստուած
15. Էլ Օլամ [`owlam, `olam /o·lawm/]: Կը նշանակէ՝ «Յաւիտենական Աստուած» (Ծն 21.33: Ես 40.28-31): Յաւիտեան փառք տալու համար, Անոր որ յաւիտեան կայ (Յյտ 4.9-11): Որ Բոլորին Փրկիչն է (Յյտ 5.9-14): Մէկ փրկութիւն կայ եւ մէկ գահէ կու գայ (Յյտ 7.9-12): Եւ հիմա այդ Փրկող Աստուծոյ արիւնով յաղթութիւն կայ հաւատացողներուն (Յյտ 12.10-12): Անոր անունը բոլոր անուններէն բարձր է (Փլպ 2.9) եւ ով որ Անոր անունով խնդրէ բնաւ պիտի չամչնայ (Հռ 9.33):