Այս հատուածին մէջ Յիսուս Աստուծոյ կատարելիքներուն վստահելու վրայ շեշտը կը դնէ: Յիսուս կը թելադրէ աղօթել խնդրելով, փնտռելով եւ դուռը զարնելով:
«Խնդրել» (Մտ 7.7) բառը յունարէն բնագիրին մէջ «Էթէօ» բառն է, որ կը նշանակէ հարցնել, փափաքիլ, մուրալ եւ կարիքը ներկայացնել: Երբ մեր կարիքէն մղուած կը մուրանք, կոշտ ձեւով չենք խնդրեր, որովհետեւ ճանչցած կ'ըլլանք մեր պէտքն ու տկարութիւնը (հմմտ Մտ 9.27-31): Երբ մեր տկարութիւնը ճանչնանք, պիտի կարենանք նաեւ ճանչնալ ճշմարիտ օրհնութիւնը:
Պիտի խնդրենք փափաքով, առանց արտօնելու, որ կեանքին դժուարութիւնները մեր մէջ գաղջութիւն ստեղծեն: Մեր բեռն ու պէտքերը ներկայացնենք Աստուծոյ եւ խնդրենք այնպէս, ինչպէս ճամբորդ մը ուղղութիւն կը հարցնէ:
«Փնտռէ» բառը բնագիրին մէջ «ծիթէ՛օ» բառն է, որ կ'ակնարկէ գտնելու նպատակով կամ մղումով փնտռելու (հմմտ Եբր 4.16): Պիտի փնտռենք Աստուծոյ պատրաստածը, ատոր ետեւէն երթալով, նպատակ դնելով եւ պայքարելով (հմմտ Մր 5.21-43):
Յիսուս կը խօսի նաեւ դուռը զարնելու մասին: Զարնենք դուռը մէկու մը նման, որ ներս կ'ուզէ մտնել՝ առանց կասկածի կամ յուսահատութեան, յամառօրէն:
Ով որ Աստուծոյ սկզբունքներուն համաձայն խնդրէ, փնտռէ եւ դուռը զարնէ, անպայման պիտի առնէ, պիտի գտնէ եւ դուռը բաց պիտի գտնէ (Մտ 7.8):
Պիտի չստանանք մեր խնդրածին նմանող բան մը, այլ՝ ճի՛շդ մեր խնդրածը
(Մտ 7.9-10): Աշխարհը շատ անգամ հացի տեղ քար եւ ձուկի տեղ օձ կու տայ, բայց Երկնաւոր Հայրը մեզի պիտի տայ երկրաւոր ծնողներուն տուածին պէս եւ աւելին: Ղկ 11.13-ին մէջ, Յիսուս «աւելին» կը կապէ Սուրբ Հոգին տալուն հետ, ինչ որ ակնարկութիւն է ամէն ինչ շնորհելու:
Աստուած Իր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած Իր մտահոգութիւնը կը նմանցնէ ծնողներուն կատարածին (Սղ 103.13: Ես 66.13, 49.14-15): Շատ անգամ երկրաւոր ծնողները Ադամական ինկած բնոյթին իբրեւ հետեւանք կը լքեն իրենց զաւակները, բայց ոչ Աստուած (Սղ 27.10):
Աստուծոյ հետ բնաւ խախտում չկայ: Հաւատքո՛վ երթանք Աստուծոյ ներկայութեան եւ փնտռենք՝ Իր կողմէն մեզի տրուածը առնելու համար: Այն ատեն դժուարութիւնը անցած պիտի տեսնենք: