Աստուած մեզ կը սիրէ ո՛չ այն չափանիշով, որ մարդկային միտքը կ'ըմբռնէ, այլ Ան մեզ կը սիրէ յաւիտենական սիրով (Եր 31.3): Ան մեզի հանդէպ իր Սէրը յայտնեց Իր սիրելի Որդին աշխարհ ղրկելով (Յհ 3.16):
Փրկութեան ծրագիրը պարզ գաղափար մը չէր, հապա Աստուած Իր մեծ սիրով ուզեց մեզ ընել որդիներ (Ա. Յհ 3.1), Իր Որդիին հարազատ պատկերով (Հռ 8.29): Աստուած ուզեց, որ մենք Իր ժառանգորդները ըլլանք եւ Քրիստոսի ժառանգակից (Հռ 8.17):
Որդիին սէրը միտքի հասողութենէն վեր է (Եփ 3.19): Յիսուս Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէր եւ մարդիկը փրկութեան կը հրաւիրէր: Ան Իր խօսքով դեւերը կը հալածէր եւ հիւանդները կը բժշկէր:
Բորոտին բժշկութիւնը (Մտ 1.40-42) մեզի ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ սէրը սահման չունի: Յիսուսի օրերուն, բորոտները ընկերութեան կողմէ անմաքուր կը սեպուէն եւ բոլորին կողմէ մերժուած էին: Ո՛չ ոք կը համարձակէր անոնց մօտենալ, ո՛չ իսկ իրենց հարազատներն ու սիրելիները: Ո՛չ ոք կը համարձակէր դպնալ իրենց կամ իրենց առարկաներուն, որովհետեւ իրենց հետ յարաբերողը բորոտութեամբ կը վարակուէր: Սակայն բորոտ մը , Յիսուսի մասին լսելով, իր դժուարութիւններուն մէջ՝ Յիսուսը տեսաւ որպէս ելք: Այս մարդը, արհամարհելով վախը, ամօթը եւ Օրէնքը, Յիսուսը գտնելով՝ Անոր առջեւ ծունկի եկաւ եւ բժշկուիլ ուզեց:
Կարեւոր է, որ անտեսենք մեր չորս կողմը գտնուող արգելքները՝ Յիսուսին հասնելու համար: Կարեւոր է մեր սիրտին մէջ Յիսուսը տեսնենք մեր դժուարութիւներէն վեր եւ մեծ եւ այդ հաւատքին համաձայն ապրինք:
Բորոտը գիտէր, որ Յիսուս կարող է, սակայն պէտք ունէր նաեւ գիտնալու, թէ Յիսուս կ'ուզէր, որ ինք բժշկուի: Բորոտը աղաչելով մօտեցաւ, բայց Յիսուս գթաց, դպաւ անոր ու ըսաւ «Կ'ուզեմ, մաքրուէ՛» (Մր 1.40-42): Յիսուս չվախցաւ բորոտութենէ վարակուելէ, հապա դպաւ անոր եւ «կ'ուզեմ» ըսելով, Իր մեծ փափաքն ու սէրը յայտնեց: «Մաքրուէ՛» ըսելով, Յիսուս հռչակեց բորոտին ամբողջ եւ կատարեալ ըլլալը:
Յիսուս կ'ակնկալէր, որ Իր հպումով, մարդը ըլլար ամբողջ ու կատարեալ:
Յիսուսի միակ փափաքը մարդիկը Սատանային ձեռքէն ազատել էր (Գրծ 10.38): Աստուած Իր այս փափաքը սկիզբէն իսկ յայտնած էր ՝ «Տիրոջ խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով “Ահա ես եմ Տէրը՝ ամէն մարմնի Աստուածը”» (Եր 32.26-27):
Աստուած կը յայտնէ, թէ ինք կը կամի մեզ բժշկել, եւ թէ Իր ուրախութիւնը կատարեալ պիտի ըլլայ երբ մեզ բժշկուած տեսնէ (Եր 33.6):
Այսօր ալ Աստուծոյ մեծ սէրը եւ փափաքը նոյնն են: Այսօր ալ Յիսուս կ'ուզէ Իր հպումով մեզ դարձնել ամբողջ ու կատարեալ: Մենք պէտք ունինք բորոտին նման անտեսելու մեր չորս կողմի ձայները եւ Յիսուսը մեր սիրտին մէջ ամէն բանէ վեր դասելու: