Բաբելոն՝ Հպարտութեան Ոգին
Նախապէս ըսինք, թէ ի՛նչպէս Սատանան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ այս աշխարհի աստուածը եւ կարելի եղածին չափ կ'աշխատի, որ մարդոց վրայ իր ազդեցութիւնը բերէ (տե՛ս Բ.Կր 4.4):
Ան կը փորձէ իր իշխանութիւնը տարածել դեւերուն գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ երկրի վրայ եղող իշխանութիւնները գրաւել խաբեբայութեամբ: Միւս կողմէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը տարածուի եւ դեւերը իրենց ազդեցութիւնը հետզհետէ կը կորսնցնեն. օրինակ.
- Փարաւոնին օրերուն եգիպտացիները կը հաւատային, թէ իրենք արեւի «Ռա» աստուծոյ սերունդէն էին:
- 312 թուականին Կոստանդին կայսրը Յիսուսի առջեւ խոնարհեցաւ, եւ այդպիսով Բաբելոնի ոգիին իշխանութիւնը իր վրայ ոյժ չունեցաւ:
Թէեւ ստոյգ չենք գիտեր, թէ Բաբելոնի հպարտութեան ոգին ո՞ւր եւ ի՞նչպէս կը գործէ այսօր, բայց երբ կը տեսնենք ղեկավարներ, որոնք իրենք զիրենք Աստուծոյ տեղ կը դնեն եւ իրենց անձերը ուրիշներէ աւելի բարձր կը դասեն, կը հասկնանք, թէ հպարտութեան ոգին տիրած է:
Արեւմտեան Եկեղեցին (Կաթողիկէ)
Մեր կասկածները կը հասնին մինչեւ արեւմտեան Կաթողիկէ եկեղեցիին. անիկա Հռոմէական կայսրութեան տիրապետութեան ծագած վայրէն յառաջ եկաւ եւ շուտով իր իշխանութիւնը հաստատել ուզեց բոլոր միւս Քրիստոնեաներուն վրայ.
- Կարգ մը Պապեր սկսան ըսել, թէ միայն իրե՛նք են «Քրիստոսի տեղապահները» երկրի վրայ:
- Բնաւ չենք փորձեր ըսել որ միջնադարեան եկեղեցին դիւահար էր, որովհետեւ այդ ժամանակուան եկեղեցիին միջոցաւ կատարուած են շատ բարի եւ բարեսիրական գործեր ինչպէս նաեւ համայնքները պահելու աշխատանքներ:
Մեր կասկածները կ'արդարացնենք պատմութիւնը ուսումնասիրելով եւ տեսնելով, թէ ի՛նչպէս հպարտութեան ոգին խաբած է թագաւորներ, կայսրեր, ղեկավարներ եւ նոյնիսկ եկեղեցւոյ առաջնորդներ: Օրինակի համար, 11-րդ դարէն մինչեւ 13-րդ դարուն ընթացքին կատարուած արշաւանքները եւ 16-րդ դարու Հաւատաքննութիւններուն պատճառով, հարիւրաւորներու եւ հազարաւորներու սպանութիւնը:
Այս կէտերը յիշելով մենք չենք դատապարտեր ներկայի Կաթողիկէ եկեղեցին, որովհետեւ եթէ Բողոքական Քրիստոնեաներն ալ այդ օրերուն իշխանութեան վրայ ըլլային, հպարտութեան ոգիին ազդեցութեան փորձութեան պիտի հանդիպէին:
Անցած հինգ հարիւր տարիներուն ընթացքին, շատ մը Բողոքական ղեկավարներ յայտնած են, թէ Տիրոջմէն յայտնութիւն ստացած են, թէ միայն իրե՛նք են Աստուծոյ ընտրած անօթները: Բայց անշուշտ խաբուած եղած են:
Հպարտութեան Ոգին Աշխարհի Մէջ
16-րդ դարուն հպարտութեան ոգին սկսաւ գործել աշխարհիկներուն մէջ: Վերածնունդի (Զարթօնքի) ժամանակաշրջանին մշակութային բարելաւումներ եղան, գործի ասպարէզի դռներ բացուեցան եւ մարդկային միջոցներով յաջողութիւն ձեռք բերելու հնարաւորութիւնը վերածնաւ, ճիշդ Յունական (կամ Բիւզանդական) եւ Հռոմէական կայսրութիւններուն օրերուն նման: Այդպիսով հպարտութեան ոգին տիրեց ու ատիկա պատճառ եղաւ, որ մարդաբանութիւնը (humanism) եւ վերջապէս 18-րդ դարուն տրամաբանութիւնը (rationalism) տիրեն: Շատ մը սխալներ սկսան մուտք գործել ընկերութեան մէջ, եւ մասնաւորաբար՝ տրամաբանութեան իշխանութիւնը Աստուածաշունչի իշխանութենէն գերադասուեցաւ: Այդպիսով աշխարհիկները սկսան իրենք զիրենք Սուրբ Գիրքերուն դատաւորները կամ մեկնաբանները հռչակել:
Հպարտութեան ոգին գործեց Եւրոպական երկիրներուն միջոցաւ ալ 15-էն մինչեւ 17-րդ դարերուն: Անգլիա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Փորթուգալ, Սպանիա եւլն. սկսան երկիրներ գրաւելով հսկայ տարածքներ առնել ու իրենց կայսրութիւնը կառուցել՝ սեփական գաղութներու (colony) վերածելով գրաւուած երկիրները:
- Այդ երկիրներն ու բնակիչները շատ կը ճնշուէին երբ իրենց հարստութիւնները կը յափշտակուէին:
1800 թուականէն ետք, գրեթէ բոլոր երկիրներն ալ ազատութիւն ստացան:
Կառավարութիւններու կողմէ ժողովրդավարութեան գաղափարը հետզհետէ աւելի ընդունելի դարձաւ: Այսօր, արդէն 60 տոկոսէն աւելի երկիրը ժողովրդավարութիւնը չափով մը ընդունած են: - Բոլոր մարդոց խօսելու ազատութիւնը եւ գրագիտութիւնը ընդունուեցան:
- Մինչ աշխարհ կը յառաջդիմէ, կը զարգանայ, ստրկութիւնն ու անոր գաղափարը կը նուաճին:
Առաջին դարուն Իտալիոյ ժողովուրդին քառասուն տոկոսը ստրուկ էր: 16-րդ դարուն եւրոպական ազգերը կը կարծէին, թէ մշակոյթները չեն կրնար շարունակել առանց ստրուկներու:
Թէեւ այսօր ալ կան ստրուկներ, բայց շատ փոքր թիւով: Ինչքան ճշմարտութիւնը կը յառաջանայ, այդքան դեւերը իրենց իշխանութիւնն ու ազդեցութիւնը կը կորսնցնեն:
Հպարտութեան ոգին էր, որ հաւանաբար խաբեց Հիթլերը, որ իր կարգին իր ազգը համոզեց, թէ ճերմակամորթներու ցեղը բոլոր միւս ցեղերէն գերադաս է: Այդ օրերուն դեւերը կը փորձէին իրենց իշխանութիւնը վերահաստատել երկրի վրայ:
Հպարտութեան ոգին թէեւ այս օրերուն ալ տակաւին կը փորձէ ինքզինք հաստատել, բայց բնաւ պիտի չյաջողի երկրի վրայ ունեցած իր անցեալի իշխանութիւնը նորէն ձեռք բերել:
Տարուէ տարի Աստուծոյ թագաւորութիւնը երկրի վրայ կ'աճի, մինչ դեւերուն իշխանութիւնը՝ ազգերը խաբելու մէջ, կը պակսի: