Յյտ 15--18-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Աստուած ի՛նչպէս դատաստան կ'ընէ՝ սկաւառակները թափելով: Իւրաքանչիւր սկաւառակով որ կը թափէ, Աստուած Իր թագաւորութեան օրէնքը աւելի կ'ընդարձակէ աշխարհի վրայ.
- Թշնամին ծունկի կը բերէ:
- Թշնամին կը կորսնցնէ այն իշխանութիւնը, որով կ'ազդէր մարդոց վրայ:
Վեց սկաւառակները թափելէ ետք, նախքան եօթներորդին ժամը հասնիլը, Յովհաննէս կը տեսնէ վերջին պատերազմին մասին տեսիլքը:
«Տեսայ որ վիշապին բերնէն ու սուտ մարգարէին բերնէն երեք պիղծ ոգիներ կ'ելլէին գորտերու նման. վասն զի անոնք դեւերու ոգիներ էին՝ որ նշաններ կ'ընէին ու բոլոր աշխարհի թագաւորներուն քով կ'երթային, որպէսզի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն. (ահա գողի պէս կուգամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէսզի մերկ չպտտի ու իր ամօթը չերեւնայ.)» (Յյտ 16.13-15):
Արմագեդոնի Պատերազմը
Գիտենք, թէ Արմագեդոնի պատերազմին ընթացքին մեր Տիրոջ թշնամիները պիտի հաւաքուին տեղ մը, որ Արմագեդոն կը կոչուի:
Յյտ 16.13-էն 15-րդ համարներուն մէջ յիշուածները քանի մը իրականութիւններ ունին.
1. Յյտ 16.14 - Պիղծ ոգիները պիտի մղեն մարդիկը, որ Աստուծոյ դէմ պատերազմին:
2. Յյտ 16.14 - Երկրի բոլոր թագաւորները Աստուծոյ դէմ կը պատերազմին:
3. Գիտենք, թէ ժամանակներուն վերջը մօտ է. 7-րդ եւ վերջին հրեշտակը իր սկաւառակը պիտի թափէ, եւ բոլոր թշնամիները Աստուծոյ պիտի ենթարկուին:
Նկատողութիւն մը
Աստուած Իր թշնամիները ծունկի կը բերէ: Եկէք առնենք թագաւորները իբրեւ հոգեղէն ղեկավարներ, որոնք մարդոց խումբերը կը կառավարեն:
Պատերազմին մէջ թշնամին կը պարտուի եւ ծունկի կու գայ, որպէսզի այլեւս Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ չկենայ:
Աշխարհը թէեւ պիտի ունենայ իր կառավարական սովորական ղեկավարները, բայց անոնք պիտի չկարենան անհատին արգելք ըլլալ, եւ Աստուծոյ հետ անոր յարաբերութեան վնաս հասցնել: Ամէն մարդ իր գործին պատասխանատուն պիտի ըլլայ եւ պիտի չըսէ, թէ՝ կառավարութեան սխալն էր:
Ուրեմն՝ Ի՞նչ Է Արմագեդոնի Պատերազմը
Իւրաքանչիւր անհատ Աստուծոյ դիմաց պիտի կենայ եւ որոշէ:
Արմագեդոն բառը եբրայերէնով բաղկացած է «հար» եւ «մէ՛կիտօ» բառերէն:
- «Հար» կը նշանակէ՝ «հովիտ», իսկ «մէ՛կիտօ»ն քաղաք մըն էր Երուսաղէմէն 70 մղոն հեռու, հիւսիսի կողմերը, ուր միշտ պատերազմներ կ'ըլլային:
Իսկ առաքեալին կողմէ «Արմագեդոն» բառին յիշուիլը ակնարկութիւն է պատերազմի մը, զոր բոլոր մարդիկը անխտիր պիտի մղեն.
- Լոյսի պատերազմը ընդդէմ խաւարին
- Արդարութեան պատերազմը ընդդէմ անարդարութեան
- Ուղիղին պատերազմը ընդդէմ սխալին
- Աստուծոյ թագաւորութեան պատերազմը ընդդէմ թշնամիին գործերուն
Ապագայի կատարման կարծիքին հետեւողները (Futurists) կը սորվեցնեն, թէ միլիոնաւոր զինուորներ Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն պիտի ելլեն Իսրայէլի դէմ, 7 տարիներու նեղութեան օրերուն վերջաւորութեան: Ատիկա կը համեմատեն Եզ 38 եւ 39-րդ գլուխներուն հետ՝ Գոգն ու Մոգը Ռուսիան ու Չինաստանը համարելով:
Բայց համարին մէջ միայն երկուքի մասին չի խօսիր, հապա կ'ըսէ՝ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները:
Ուրեմն, պատերազմը մեր միտքին, սիրտին, նիւթականին, դրացիին, դպրոցին եւ կառավարութեան սահմաններուն մէջն է, որ պիտի մղուի:
Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքը ընդունողները կ'ըսեն, թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ անձնական պատերազմ պիտի մղէ (որ Արմագեդոնի դաշտն է):
«Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ» (Եփ 6.12):
Վերջին սկաւառակին թափուելէն անմիջապէս առաջ Արմագեդոնը կը պատահի, այսինքն՝ երբ բոլոր պիղծ ոգիներ իրենց իշխանութիւնը կը կորսնցնեն, եւ չեն կրնար իրենց ազդեցութիւնը բանեցնել. հետեւաբար, մարդը իր սխալ որոշումին համար այլեւս արդարացում չ'ունենար: Այլեւս ամէն մարդ ազատ է ընտրելու՝ Աստուծոյ թագաւորութեան հետ կամ դէմ ըլլալ:
Արմագեդոնի պատերազմը կը նշանակէ, թէ՝ ամէն մարդ իր կեանքով Աստուծոյ առջեւ պիտի կանգնի, ինչպէս Յովէլ կ'ըսէ 3.14-ին մէջ «Բազմութիւններ, բազմութիւններ կը հաւաքուին Վճիռի հովիտին մէջ»:
Վճիռ, այսինքն՝ հաստատ որոշում: