Այս աշխարհը բարեկամի պէտք ունի եւ հաւատացեալը կրնայ անոր ամենալաւ բարեկամը ըլլալ: Աստուածաշունչը կը ներկայացնէ Քրիստոսով բարեկամանալու ամենէն լաւ ձեւը:
Բարեկամանալ կը նշանակէ՝ իր անձէն աւելի սիրել դիմացինը, ինչպէս՝ Յովնաթան սիրեց Դաւիթը: Բարձրագոյն սէրը, ըստ Յիսուսի, մարդ իր անձը զոհել է բարեկամին համար:
Պէտք չէ հոգեւոր կեանքը պատճառ ըլլայ, որ աւելի քիչ բարեկամներ ունենանք: Պէտք չէ արտօնենք, որ մերժուածութիւնը պատճառ դառնայ, որ մարդոցմէ հեռանանք, այլ մեր ինքնութիւնը ճանչնալով պէտք է այդ զգացումը յաղթահարենք: Մենք աշխարհին համար աղբիւր եւ աղ ենք:
Պօղոսի նման փափաքինք բարեկամ շահիլ: Պօղոս կանչուած էր հեթանոսներուն քարոզելու եւ ինք այդ մարդոց փրկութեան համար փափաք ունէր: Պօղոս ճեղքեց կախարդին ազդեցութիւնը եւ իր բարեկամութիւնը առաջարկեց փոխանորդ բդեշխին (Գրծ 13.12): Մե՛նք ալ ճեղքենք, անտեսելով մարդոց կեցուածքն ու բամբասանքը: