«Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):
Այս համարին մէջ, Տէր Յիսուս կը խօսի յաւիտենական կեանք տալու եւ զանիկա տալու ձեւին մասին:
«Կեանք» (Յհ 3.16) բառը յունարէնի մէջ «զօի՛» ( ζωή [zoe /dzo•ay/] ) բառն է (Enhanced Strong’s Lexicon), որու նշանակութիւններէն են Աստուծոյ կեանքը, Կեանքի լեցունութիւն, Քրիստոսի կեանքը եւ Աստուծոյ նուիրուած կեանք: Նաեւ յատկապէս կը նշանակէ աշխարհի մէջ գտնուելով հանդերձ ըլլալ օրհնուած:
Երբ անձ մը Յիսուս Քրիստոսի կը հաւատայ, Աստուծոյ սահմանած կեանքը կը ստանայ: Այդ կեանքը հաւատացեալին ֆիզիքական առողջութիւն կու տայ:
Յհ 3.14-ին մէջ կը կարդանք. «Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է որ Որդի մարդոյ բարձրանայ»: Յիսուս Աստուծոյ պատուէրով Մովսէսի բարձրացուցած օձը եւ անոր միջոցաւ ժողովուրդին ազատիլը կը նմանցնէ խաչի փրկագործութեան:
Յիսուս Ինքզինք կը նմանցնէ Մովսէսի միջոցաւ անապատին մէջ բարձրացուած օձին (Թւ 21.4-9): Թւ 21.4-6-ին մէջ, ժողովուրդը ինքզինք բաժնեց Աստուծմէ եւ Անոր պահպանութենէն Աստուծոյ եւ Մովսէսի դէմ խօսելով եւ գերութիւնը գերադասելով Աստուծոյ հետ ըլլալուն:
Օձերը եկան երբ ժողովուրդը սրտով հրաժարեցաւ Աստուծմէ: Իրականութեան մէջ, անապատը արդէն լեցուն էր օձերով, բայց Աստուած հրաշքով զանոնք հեռու պահած էր Իր ժողովուրդէն: Բայց երբ անոնք Աստուծոյ հովանաւորութենէն դուրս ելաւ՝ օձերը եկան:
Ժողովուրդը զղջաց: Մովսէս աղաչեց Տիրոջ, եւ Տէրը Մովսէսին տուաւ օձերուն խայթոցէն բժշկուելու միջոցը: Բժշկուելու եւ ապրելու միջոցը նայիլն էր պղինձէ օձին: «Եւ Մովսէս պղնձէ օձ մը շինեց ու զանիկա ձողի մը վրայ դրաւ: Երբ օձ մը մարդ մը խածնէր ու մարդը պղնձէ օձին նայէր, անմիջապէս կ'առողջանար» (Թւ 21.9):
Այսօր մենք թէեւ չենք կրնար տեսնել 2000 տարի առաջ Յիսուսի կատարածը, բայց խաչին հաւատալով մենք կրնանք վայելել նո՛յն յաղթութիւնը (Ա.Կր 1.18):