Վախճանաբանութեան (Eschatology) այս նիւթերու շարքը առնուած է Հարոլտ Ռ. Էպըրլիի եւ Մարթին Թրենչի աշխատանքներէն: Վախճանաբանութիւնը կը խօսի վերջին ժամանակներուն մասին, եւ այս ուսումնասիրութիւնը կը յայտնէ, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի աճի եւ շատնայ մինչեւ որ երկիրը լեցնէ: Եկեղեցին պիտի բարձրանայ միութեամբ, չափահասութեամբ եւ փառքով, մինչեւ Յիսուսի երկրորդ գալուստը: Մեր նպատակն է ներկայացնել յաղթական վախճանաբանութիւն մը:
20-րդ դարուն, պատերազմի հակամարտութիւններուն եւ չարութիւններուն հանդիպելով, Քրիստոնեաները հետզհետէ աւելի կասկածոտ եւ վախկոտ դարձան ապագայի նկատմամբ ու սկսան տխուր վախճանաբանութիւն մը որդեգրել: Սկսան ընդունիլ այն գաղափարը, թէ աշխարհը եւ տնտեսութիւնը հետզհետէ Սատանային ձեռքը կ'իյնային եւ թէ արդէն շուտով Նեռը պիտի ելլէր եւ պիտի խաբէր մարդիկը: Ապա յղացան այն գաղափարը, թէ պիտի գան փորձութեան (tribulation) օրերը, երբ Աստուած Իր դատաստանը պիտի ընէ ու բարկութիւնը բերէ աշխարհի վրայ:
Այդպիսով նաեւ ընդունուած գաղափար մը դարձաւ այն, թէ՝ 2000 թուականը աշխարհի վերջը պիտի ըլլար: Բայց արդէն այդ թուականէն ետք շատ մը առաջնորդներ մերժեցին գաղափարը եւ ընդունեցին, թէ Քրիստոս պիտի թագաւորէ եւ ո՛չ Սատանան:
Կան վախճանաբանական երկու կարծիքներ՝
- Յաղթական կարծիքը՝ Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքը:
- Ժողովրդային կարծիքը՝ Ապագայ կատարումի կարծիքը:
Այս երկու անունները կը խօսին Մտ 24-ի եւ Յայտնութեան գիրքին կատարուելուն մասին:
Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքին հետեւողները կ'ընդունին, թէ Մտ 24-ը եւ Յայտնութեան գիրքերէն մաս մը արդէն կատարուած են, իսկ ապագայ կատարումի կարծիքը ունեցողները կ'ընդունին, թէ Մտ 24-ը եւ Յայտնութիւնը պիտի կատարուին ապագային:
Առաջին Մաս՝ Հասկնալ Մատթէոս 24-ը
Աշակերտները Յիսուսի հարց տուին, ըսելով. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մտ 24.3): Յիսուս պատասխան տուաւ հակաքրիստոսի մասին, պատերազմներու, երկրաշարժներու, սովի, հալածանքի եւ մարդոց հաւատքէն իյնալուն ու Աւետարանը ամբողջ աշխարհի վրայ քարոզուելուն մասին:
Ապագայ կատարումի կարծիքին համաձայն ատիկա ամբողջութեամբ պիտի կատարուի ապագային: Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքը տարբեր է եւ աշակերտներուն հարցումը կը բաժնէ 3 մասերու՝ «Այդ բաները ե՞րբ պիտի ըլլան», «Քու գալուդ նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ», «Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ ժամանակներուն (աշխարհի) վերջը»:
Կարեւոր է նկատի ունենանք այս խօսուածներուն պարունակը: Մտ 23-ին մէջ, Յիսուս Երուսաղէմի տաճարին մէջ խօսեցաւ ըլլալիքներուն մասին (37-38), որոնք կատարուեցան 70 թուականին (40 տարիներ ետք): Զօրագլուխ Տիտոս քաղաքը պաշարեց, ժողովուրդը սովի մատնեց, Քաղաքը գրաւեց ու այրեց զայն, սպաննելով մեծ թիւով մարդիկ: Տաճարը ամբողջութեամբ կործանուեցաւ: (Այս տեղեկութիւններուն մեծ մասը առնուած են Յովսէփոս (Josephus) պատմաբանէն, որ Հրեայ էր եւ ո՛չ Քրիստոնեայ):
Նոր Կտակարանի յունարէն բնագիրին մէջ, աստուածաշնչական գիրքերուն գլուխները չեն բաժնուած, եւ Մտ 23-ը ուղղակիօրէն կը շարունակուի Մտ 24-ով: Աշակերներուն առաջին հարցումը Երուսաղէմի եւ տաճարին քանդուելուն մասին էր եւ անոնք աշխարհի վերջին մասին կը հարցնեն միայն երրորդ հարցումին մէջ: Հրէական մտայնութեամբ, Յիսուսի գուշակութիւնը այնքան մեծ բան մըն էր, որ հաւանաբար խորհեցան, թէ աշխարհի վերջը պիտի գար:
- (Բնագիրին համաձայն) Մտ 24.34-ին մէջ, Յիսուս Իր միտքին մէջ ունէր, թէ կործանումը պիտի ըլլար նախքան այդ սերունդի՛ն անցնիլը եւ ո՛չ թէ՝ այդ ազգին:
- (Մտ 24.4-5) Շատեր պիտի ըսեն՝ «Ես եմ Քրիստոսը» - Ապագայ կատարումի կարծիքին հաւատացողները անմիջապէս կը պատկերացնեն չար առաջնորդ մը, որ պիտի ըսէ, թէ՝ ինք Քրիստոսն է: Կարեւոր է սակայն նկատի առնենք որ այդ օրերուն Հրեայ ժողովուրդը Մեսիային կը սպասէր՝ զիրենք Հռոմի կայսրութենէն ազատելու համար: Շատեր յուսահատելով հեռացան եւ ըմբոստացան ու իրենք զիրենք Քրիստոսը կոչեցին մարդիկ իրենց կողմը քաշելով:
- (Մտ 24.6-7) Պատերազմներ եւ Պատերազմներու Լուրեր – Յիսուսի խօսած ժամանակ պատերազմ չկար եւ հռոմէական կայսրութիւնը հաստատ, ամուր կը թուէր: Բայց Յիսուսի մարգարէութիւնը կատարուեցաւ այդ սերունդին օրերուն եւ կայսրութեան բոլոր մասերուն մէջ պատերազմներ սկսան:
- (Մտ 24.7) Սովեր - Գրծ 11.28-ին մէջ կը լսենք «մեծ սով»ի մասին: Յովսէփոս ալ կը խօսի այդ մասին (The wars of the Jews, 1998, V:X:3):
- (Մտ 24.7) Երկրաշարժներ - Ոչ միայն Յիսուսի մահուան եւ յարութեան ատեն երկրաշարժներ եղան (Մտ 27.51-52, 28.2), այլեւ Ք.Ե. 70 թուականէն առաջ մեծ երկրաշարժներ եղան, որոնցմէ ամենայատկանշականը Ք.Ե. 63 թուականին եղածն է:
- (Մտ 24.8) Ցաւերուն Սկիզբը (Birth pangs) – Այս բաները աշխարհի վերջի նշանները չէին, հապա՝ «ցաւերուն սկիզբը»:
- (Մտ 24.9) Նեղութիւն - Գրծ 8.1 եւ Գրծ 12.1-ը կը ներկայացնեն մեծ հալածանքը, որ սկսաւ շատ աւելի սաստիկ ըլլալ Ք.Ե. 64 թուականին, երբ Հռոմ քաղաքի մէկ երրորդը այրեցաւ եւ Ներոն կայսրը Քրիստոնեաները մեղադրեց: Պատմաբան Դագիտուս (Ք.Ե. 55-120) կ'ըսէ, թէ հազարաւոր Քրիստոնեաներ սպաննուեցան չարչարուելով, շուներուն առջեւ նետուելով եւ մինչեւ մահ բզկտուելով, խաչին վրայ գամուելով, ձէթով ծեփուելէ ետք վառուելով:
- (Մտ 24.10-13) Ուխտադրժութիւն եւ Սուտ Մարգարէներ- Տիրոջ մահէն ետք սուտ մարգարէներ սկսան մէջտեղ գալ, ինչպէս՝ Յուդայանները եւ Գնոստիկեանները:
- (Մտ 24.14) Աւետարանը Քարոզել – Մեզի համար Աւետարանը բոլոր ազգերուն քարոզուիլը Յիսուսի գալուստին կարեւոր մէկ նշանն է: Եթէ Աստուածաշունչի քանի մը համարներու նայինք, առաքեալներուն սերունդին ատեն Աւետարանը ամէն տեղ քարոզուեցաւ (Հռ 1.8, 10.18, 16.25-26: Կղ 1.5-6,23):