Ծնունդը խոստում էր սկիզբէն: Ծնունդը մարմնացաւ եւ նաեւ ազատագրեց:
Ծն 3.15-ին մէջ կը տեսնենք յաղթութիւնը բերող Փրկիչին ծնելուն խոստումը: Բոլորն ալ ծնունդը կը սպասէին, բայց իրենց հասկցած ձեւով: Նահապետները իրենց զաւակներուն անուններն անգամ այդ համոզումով կը դնէին (Ծն 5.1-32):
Յիսուս իր ծնունդով հաստատեց կոյսէն ծնելու եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ ըլլալու խոստումը (Ես 7.14, 9.6-7): Ան մարմնացաւ եւ Սատանան ու անոր մարդոց ջանքերը չկրցան արգելք ըլլալ Փրկիչին ծնելուն եւ երկրի վրայ ապրելուն (Ելք 1.16, Մտ 2.13):
Փրկիչին ծնունդը անցեալին խոստում էր, բայց արդէն դարձաւ ներկայի կեանքը (Յհ 3.16): Մեզմէ ակնկալուած է ճանչնալ այդ կեանքը (Եփ 1.18-23). Մեր միտքերը նորոգե՛նք եւ սպառազինուինք (Հռ 12.1-2, 6.10-18):
Եփ 6.11-ին մէջ, Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ՝ «Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել»:
- «Ձեր վրայ հագէք» յունարէնով «է՛նտիօ» enduō (ἐνδυω) բառն է, որ կը նշանակէ բանի մը մէջ փաթթել, բանի մը մէջ պահել եւ բանով մը հագցնել:
- Սպառազինութիւն բառը՝ «Փանոփլիա» panoplia (πανοπλια) բառն է որ կազմուած է «փաս»՝ (այսինքն՝ ամբողջ) եւ «Օ՛փլօն» (այսինքն՝զէնք) բառերէն. Բառացիօրէն կը նշանակէ «բոլոր զէնքերը»: Հետեւաբար, ասիկա կը ներառէ ամբողջ սպառազինութիւնը՝ զրահ, կօշիկները, վահանը, սաղաւարտը եւ սուրը: Դասական յունարէնի մէջ «Փանոփլիա» բառը կը գործածուէր խօսելու համար «ծանրազէն զինուորի» մասին:
Մեկնաբաններ կ'ըսեն թէ «Աստուծոյ» բառը, որ կը գործածուի սեռական հոլովի մէջ, կ'ակնարէ թէ կու գայ Աստուծմէ՝ Սկիզբէն եւ Աղբիւրէն: Այսինքն, սպառազինութիւնը մեզի կը հայթայթուի միայն Աստուծմէ:
Մեկնաբաններ կը շեշտեն թէ «Փանոփլիա» բառը գործածուած է, որպէսզի Աստուծմէ գալիք սպառազինութիւնը չհասկնանք միայն, այլ հասկնանք առանց պակասի ամբողջական սպառազինութիւնը:
Մեր հոգեւոր թշնամիին դիմաց պատերազի կենալու եւ յաղթելու համար պէտք է մեր անձերը զինենք Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած բոլոր զէնքերով:
- Հնարքներ բառը՝ յունարէնով «Մեթոտիա»՝ methodei (μεθοδεια), կը նշանակէ խորամանկ, խաբեբայ եւ գէշ վարք:
- Իսկ «դէմ դնել» կ'ակնարկէ զինուորի պէս կենալու, պատրաստ՝ յառաջ երթալու:
Եփ 6.12-ին մէջ կը կարդանք՝ «Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»:
- Պատերազմ բառը՝ յունարէնով «փալի՛» (palē(παλη) բառն է, որ կը գործածուէր յոյներու մօտ մարզական իմաստով եւ կը սահմանէր երկու անձերու միջեւ մրցումը, որու ընթացքին մրցակիցը կը ջանար գետին իյնացնել հակառակորդը եւ անոր կռնակը գետնին հաւասարեցնել, զայն կոկորդէն բռնելով՝ գետին սխմելով: Այսպիսի յաղթանակէ ետք, կարելի էր պարտուած յոյն մարզիկին աչքերը կուրցնել եւ ատիկա պիտի ըլլար իր պարտութեան նշանը:
Հետեւաբար կը հասկնանք հոս թէ Պօղոս առաքեալ ինչ կը պատկերացնէ Եփեսացիներուն:
Խաւարի իշխանութիններուն դէմ Քրիստոնեային մղած պատերազմը պակաս չէ եւ նոյնանման հետեւանքներ ունի: