Հաւատացեալը կանչուած է եւ կոչում ունի: Բայց հակառակ կանչուած ըլլալուն, ան տակաւին կրնայ ունենալ դժուարութիւններ եւ իյնալ: Վերականգնումը կ'ըլլայ միա՛յն Տիրոջ հանդիպելով, ճիշդ ինչպէս Մովսէս իր կոչումին մէջ վերականգեցաւ երբ Տիրոջ հանդիպեցաւ եւ զԻնք տեսաւ որպէս վառող մորենի մը:

Մովսէսի Կոչումը

Մովսէս ունեցաւ իւրայատուկ սկիզբ մը (Ելք 2): Ան թէեւ իշխան եղաւ պալատին մէջ, բայց իր սրտին մէջ միշտ ցաւ կար:

«Հաւատքով, երբ ծնաւ Մովսէս, իր ծնողներուն ձեռքով երեք ամիս գաղտուկ պահուեցաւ. Վասնզի տղան գեղեցիկ տեսան ու չվախցան թագաւորին հրամանէն: Հաւատքով Մովսէս, երբ մեծցաւ, չընդունեց Փառաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ. Քանզի աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել: Աւելի մեծ հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը՝ քան թէ Եգիպտոսին գանձերը. վասնզի դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին: Հաւատքով Եգիպտոսը թողուց ու չվախցաւ թագաւորին բարկութենէն. Վասնզի համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր: Հաւատքով ըրաւ զատիկը եւ արիւնը սրսկելը, որպէսզի անդրանիկները սատկեցնողը իրեն չդպչի» (Եբր 11.21-28):

Մովսէսի կեանքին մէջ փառք կար, բայց իր սրտին մէջ կոչումը չէր արտօներ որ ատոնց կապուէր: Ան նոյնիսկ մարդ սպաննեց իր մէջի փափաքը իրականացնելու համար (Ելք 3.11-12):

Երբ Մովսէս գիտցաւ որ ատիկա փառաւոնին ականջին հասած է, վախցաւ ու փախաւ Մադիամ: Մադիամ կը նշանակէ պայքար: Այսպիսով, թշնամիին կեցուածքը իրեն վախ պատճառեց ու Մովսէսի կոչումը ծածկուեցաւ մօտ 40 տարիներ:

Երբ մենք ալ մեր կեանքերէն ներս փորձենք առանց Աստուծոյ քալել, կը ձախողինք:

Տէրը անապատին մէջ թաղուած կոչումը մէջտեղ հանելու համար մօտեցաւ (Ելք 3.2): Ան Մովսէսին հետաքրքրութիւնը շարժեց. «մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր» (Ելք 3.2): Երբ Մովսէս տեսաւ չսպառող մորենին, ուզեց երթալ ու տեսնել. Ան գերբնականը շօշափելու եկաւ:

Վերականգնելու համար, Տէրը կ'ակնկալէ որ գերբնականը շօշափենք:

Աստուած Մովսէսին ըսաւ որ իր սովորական կօշիկները հանէ (5), նախքան իրեն մօտենալը եւ Մովսէս հնազանդեցաւ:

Երբ Մովսէս Տիրոջ հանդիպեցաւ, իր կոչումը ետ արթննցաւ եւ Աստուած անոր յանձնեց իր պարտականութիւնը: Որպէսզի Մովսէս չվախնար, Աստուած անոր խօսեցաւ իր փրկիչ անձնաւորութեան մասին:

Նախորդ Հրապարակում Յիսուս Կնոջ Հաւատքը Հաստատեց (Մատթէոս 15.28)
Յաջորդ Հրապարակում Ծնունդ, Խոստում եւ Ազատագրում