Խուլ եւ Համր Դիւահարին Ազատագրութիւնը (Մր 9.14-29)
(Մր 9.14-29) Պիղծ ոգին խուլ եւ համր դարձուցած էր տղու մը, եւ այդ պիղծ ոգիին իբրեւ հետեւանք, տղուն կեանքին մէջ յառաջ եկած էին շատ ֆիզիքական հիւանդութիւններ:
Խուլութեան եւ համրութեան վիճակը կրնայ տիրել շատերու վրայ (եւ ոչ միայն ֆիզիքապէս խուլին կամ համրին) եւ պատճառել կեդրոնացումի կամ ըմբռնումի պակաս: Այդ ներքին վիճակը կը պատճառէ նաեւ հետեւանքներ, ինչպէս օրինակ՝ քնանալու նեղութիւն, ընկճուածութիւն, ֆիզիքական շատ յոգնած վիճակ, եւայլն...
Բայց ինչպէս Տէր Յիսուսի ներկայութեան այդ դիւային ազդեցութիւնը կտրուեցաւ, այսօր ալ Քրիստոսով կա՛յ ելք եւ ազատագրութիւն: