Մենք Քրիստոսով վերստին ծնած ենք, սակայն երկրի վրայ կը հանդիպինք զանազան դժուարութիւններու եւ պարագաներու: Մեր սովորութիւններով, որոշումներով կամ սխալներով կրնանք պատճառ ըլլալ, որ անէծքը մտնէ ու տապալէ մեզ:
Թէեւ Տէրը Դաւիթին հետ էր եւ թէեւ Դաւիթ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը վայելէր, սակայն Սաւուղին կատարած անցեալի մէկ մեղքը պատճառ դարձաւ, որ Դաւիթի օրերուն տիրէ երեք տարիներ երկարող սով մը: Տէրը ուզեց Դաւիթէն, որ սխալը վերցնէ, որպէսզի սովը դադրի:
Կան շատ բաներ, որոնցմէ պէտք է զգոյշանանք, որպէսզի խոստումները վայելենք եւ մեր վրայ ճնշող բաներէն ազատինք, որովհետեւ սխալը իր հետեւանքը ունի:
Քրիստոս անէծքը կոտրեց՝ «Եւ ձեզ, որ ատեն մը յանցանքներուն մէջ ու ձեր մարմնին անթլփատութեանը մէջ մեռած էիք, կենդանացուց անոր հետ. Մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի: Ու հրամաններով հաստատուած պարտամուրհակը, որ մեզի հակառակ էր, ջնջեց, մէջտեղէն վերցուց ու խաչափայտին վրայ քամեց» (Կղ 2.13-14):
Մենք պատասխանատուութիւն ունինք մեր մեղքերը եւ ցանկութիւնները այդ խաչին վրայ քամելու (Գղ 5.23-24): Կարեւոր է, որ սխալը մերժենք եւ Քրիստոսի ներկայութիւնը հռչակենք: Վտարենք թշնամին, որ եկած է մեզ տապալելու: Մենք կրնանք այդ մէկը ընել, շնորհիւ Քրիստոսի յաղթութեան: