Առաքեալներու Գործերը գիրքին մէջ կը տեսնենք, որ քաղաքներ մէկը միւսին ետեւէ Տիրոջ կը դառնան: Այս գործը յաջողութիւն կը գտնէր Տիրոջ հետ յարաբերութեան պատճառով. Սուրբ Հոգին կ'առաջնորդէր առաքեալները իւրաքանչիւր քայլի մէջ եւ անոնք խօսքը կը սորվեցնէին իր ամբողջ ճշմարտութիւնով:
Յիսուս երբ քաղաք մը մտնէ, կը գրաւէ զայն եւ բոլոր միւս օտար ուժերը կը դադրին գործելէ: Ան մեր միջոցաւ կը գրաւէ քաղաքները եւ կը վտարէ բոլոր օտար ուժերը, որոնք զինաթափ եղած են եւ պարտուած: Երբ մենք տեղ մը մտնենք, դեւերը պիտի հեռանան անկէ՝ կախ իրենց կամքէն:
Ուսո՞ւմ Թէ՝ Պատրաստակամութիւն (Գրծ 19.1-6)
Այս մարդիկը հաւատացեալ էին, բայց Սուրբ Հոգիին հետ կապուած աշխատանք չունէին: Պօղոսին համար ատիկա զարմանալի էր:
Եփեսացիները մկրտուեցան եւ Սուրբ Հոգին ստացան, նախքան վարդապետութիւն եւ ուսում ստացած ըլլան, որովհետեւ հաւատացին:
«Հաւատացին»՝ այսինքն ընդունեցին, այսինքն յանձնուեցան կատարուած փրկագործութեան եւ անոր ընթացքին: Սուրբ Հոգին ստացան, ո՛չ թէ շատ բան գիտնալնուն իբրեւ արդիւնք, այլ յանձնուած սիրտ ունենալնուն համար:
Սուրբ Հոգին մեզի հետ կը գործէ պատճառով մը: Մեր նուիրուիլը եւ յանձնուիլը Սուրբ Հոգիին ճամբայ կը բանայ:
- Սուրբ Հոգիի մկրտութիւնը ո՞ւր կը տանի մեզ. Լեզուներու պարգեւի՞ն, մարգարէութեա՞ն:
- Արդեօք եկեղեցւոյ պաշտամունքին ներկայ կը գտնուինք աւանդական պարտականութեա՞մբ թէ՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը արծարծելու համար եւ հաւատացեալներուն հետ միաբանելով՝ հրաշք ու ազատագրութիւն տեսնելու համար:
Բազմապատկութիւն (Գրծ 19.7-10)
Պօղոս երկու տարի Աստուծոյ խօսքը սորվեցուց՝ իր նմաններուն ծնունդ տալու համար: «Ասիկա երկու տարի տեւեց, մինչեւ որ բոլոր Ասիայի մէջ բնակող Հրեաները եւ Յոյները Տէրոջը խօսքը լսեցին» (Գրծ 19.10):
Ամբողջ Ասիոյ մէջ մարդիկ Յիսուսի մասին լսեցին եւ եկեղեցին բազմապատկուեցաւ: Ուսուցումներու միջոցաւ խոստումներն ալ կը բազմապատկուին (Հմմտ 14.12):
Յիսուս ոչ միայն կ'ուզէ հաւատացեալներուն թիւը աւելցնել, այլ նաեւ կ'ուզէ, որ անոնք Իրեն նման ապրին եւ Իր սկզբունքներուն համաձայն քալող ըլլան: Այդ պատճառով, Յիսուս, Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, ժամանակ կ'անցընէր սորվեցնելով:
Նշանաւոր Հրաշքներ (Գրծ 19.11-20)
Պօղոսին թաշկինակով եւ գոգնոցներով մարդիկ կը բժշկուէին ու չար ոգիները կ'ելլէին: Պօղոսին ամէն բանը օրհնուած էր, քանի որ ինք նուիրուած էր:
• Սկեւային Որդիները (Գրծ 19.11-16)
Միայն Յիսուսով գործողը կը ճանչցուի որպէս զաւակ եւ ոչ թէ խօսողը: Այս մարդիկը խաբեբայ էին եւ դեւերը չէին ճանչնար զանոնք:
Մենք Յիսուսի կը պատկանինք եւ դեւերը գիտեն ատիկա: Պիտի չըլլանք անունով հաւատացեալ, այլ Յիսուսը պիտի ներկայացնենք:
Մենք պիտի չվախնանք եւ Խօսքը պիտի հռչակենք զօրութեամբ: Զօրութիւնը մեր սիրտին մէջ է: Երբ մենք Աստուծոյ զօրութիւնը գործնական դարձնենք մեր կեանքին մէջ, դեւերը պիտի փախչին:
(Հմր 18-19) Քանի որ Յիսուսը կը քարոզուէր Եփեսոսի մէջ, ճշմարտութեան պատճառով բոլորին վրայ վախ ինկաւ եւ Յիսուսի անունը կը մեծարուէր: Այն, ինչ որ Պօղոս ըրած ու սորվեցուցած էր, բոլոր հաւատացեալները սկսան նոյնը ընել:
(Հմր 19-20) Կախարդութիւնները դադրեցան եւ Տիրոջ հանդէպ սէրն ու յարգանքը բարձրացաւ:
Այս քաղաքին մէջ հրաշք եղաւ, որովհետեւ Պօղոս հոն մտաւ: Նոյն բանը կը հռչակենք մեր քաղաքին մէջ այսօր: