Մինչեւ հիմա տեսանք, թէ Սուրբ Հոգին ի՛նչպէս աշխատեցաւ երբ առաքեալները իրենց նուիրումը պահեցին հակառակ հալածանքին եւ տեղի ունեցան սքանչելիքներ ու հրաշքներ: Եկեղեցին ամէն տեղի մէջ յայտնեց, որ միայն մէկ ճշմարիտ Աստուած կայ:
Այս հատուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Պօղոս ունէր յատուկ ռազմավարութիւն մը՝ խօսքը տարածելու համար:
Պօղոսի Յատուկ Ռազմավարութիւնը
Պօղոսին համար աւետարանչութիւնը պաշտօն մը չէր, այլ՝ կեանք եւ իր բոլոր ըրածները պտուղ կը բերէին: Ան աւետարանչութիւն չէր ըներ, այլ աւետարանչութիւնը կ'ապրէր իր իւրաքանչիւր մէկ շարժումով: Ան Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ներկայացնէր իր ապրելակերպով:
Պօղոս խօսքը կ'աւետէր քաղաքէ քաղաք, մէկ մարդէն միւսը երթալով: Ան այլեւս պատճառի պէտք չունէր խօսելու համար. իր նայուածքը իր նուիրումն էր եւ չէր արտօներ, որ որեւէ մէկ բան իր ընելքին արգելք ըլլար (Գրծ 19.20-21, 20.1-3ա, 20.13-16):
Գրծ 20-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Պօղոս ծրագրած էր երթալ Մակեդոնիա եւ Աքայիա (Գրծ 19.21-22) եւ թէեւ լուրջ ճնշումէ ելած էր (Գրծ 20.1), բայց իր միտքը դրած ծրագիրը պիտի ամբողջացնէր. ան թէեւ կ'աճապարէր, բայց տակաւին քալելով գնաց եւ չձգեց, որ որեւէ բան իր գործին արգելք ըլլայ:
Պօղոս իր պտոյտները կ'ընէր քաղաքէ քաղաք՝ Աստուծոյ խօսքը տանելու համար: Մինչ Պօղոս կը գործէր, հալածանքները բնաւ չպակսեցան, բայց գործը յաջողութեամբ շարունակուեցաւ:
Պէտք է մենք եւս, փոխանակ մարդոց ըսածները եւ ըրածները նկատի առնենք, ձգենք, որ քրիստոնէական կեանքի նուիրումը ինք մեզ ուղղէ:
Պօղոսին Երկար Քարոզը
Սուրբ Հոգին վստահաբար գիտէր, թէ մարդուն ուշադրութեան ժամանակամիջոցը (attention span) երկար չէ, բայց կ'ուզէր, որ ներկաները կարելի եղածին չափ օգտուին:
Ներկաները իրենց քունին դէմ դնելով մտիկ կ'ընէին: Կարեւոր է, որ այսպէս խիստ ըլլանք Աստուծոյ գործին մէջ եւ չարտօնենք զիջում կամ ծուլութիւն ընել:
Եւտիքոսի բժշկութիւնը (Գրծ 20.7-12)
«Երիստասարդ մը, Եւտիքոս անուն, պատուհանին վրայ նստած՝ խորունկ քունի մէջ մտեր էր: Երբ Պօղոս խօսքը երկնցուց, անիկա խորունկ քնով բռնուած՝ երրորդ դստիկոնէն վար ինկաւ ու զանիկա մեռած վերցուցին» (Գրծ 20.9):
«Քունի մէջ մտեր էր» արտայայտութիւնը յունարէնով կը նշանակէ, թէ ենթական քունի մէջ չմտնելու պայքար կը մղէր: Այս մարդը անմիջապէս քունի չէր անցած եւ կը կռուէր, որպէսզի խօսքը լսէր, բայց կորսնցուց այդ կապը եւ քունի անցաւ:
«Պօղոս վար իջնելով՝ անոր վրայ ինկաւ ու գրկեց զանիկա ու ըսաւ. ''Մի՛ խռովիք, վասնզի ասոր հոգին իր մէջն է'' […] Այն պատանին ողջ բերին ու մեծապէս մխիթարուեցան» (Գրծ 20.10-12):
Պօղոս գրկեց երիտասարդը, որպէսզի իր մէջ գտնուող օծութիւնը անոր փոխանցուի: Թէեւ երիտասարդը մեռած էր, բայց վերակենդանացաւ:
Աստուծոյ խօսքը ի՞նչպէս կ'ընդունինք: Երբ խօսքը մեր մէջ կը դնենք եւ զայն կ'ընդունինք որպէս Աստուծմէ եկած խսօք (Ա.Թես 1.5-6), Աստուծոյ զօրութիւնը կը հրաւիրենք:
Պօղոսի Կեդրոնացումը
Պօղոսին նպատակը Աստուծոյ խօսքը ամբողջ աշխարհ տանիլ էր: Պօղոս առաքեալ կ'ակնկալէր, որ մինչ խօսքը կը լսենք, զայն մեր կեանքերուն վրայ հռչակենք: Ոչ մէկ բան կեցուց Պօղոսը՝ ո՛չ երիտասարդին մահը եւ ո՛չ ալ անոր յարութիւնը: Պօղոս մինչեւ առտու քարոզեց, որովհետեւ խօսքը կարեւոր էր (Գրծ 20.11):
Սուրբ Հոգին յատուկ նամակ մը ունէր փոխանցելիք: Սուրբ Հոգին Պօղոսի առաքելութեան մէջ յատուկ տեղ մը ունէր եւ Ան կը վստահէր Պօղոսին, որովհետեւ Պօղոս Անոր համար լաւագոյն գործիքն էր իր գտնուած տեղին մէջ: Ատոր համար ալ Սուրբ Հոգին Պօղոսի բոլոր ըրածները կը հովանաւորէր:
Պօղոս երբ Աստուծոյ կը ծառայէր, իր կեդրոնացումը Խօսքը աշխարհին տալ էր: Մենք եւս Քրիստոսի փրկութեան լուրը բոլորին պիտի աւետենք:
Օրուան ընթացքին ի՞նչ կը մտածենք եւ ի՞նչպէս կը մտածենք մարդոց փրկութեան մասին: