Աստուած կ'ակնկալէ, որ մեր կեանքին բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ Իրեն նուիրուած կեանք մը ապրինք: Ընծայումը նուիրումին պտուղն է: Ընծայել բառը յունարէնով «փասիսթեմի» բառն է, որ կը նշանակէ նուիրել, ներկայացնել, ենթարկել, մօտը կամ կողքը դնել եւ մէկը կամ բան մը ուրիշին տրամադրութեան տակ դնել:
Ծնողներուն պարտականութիւնը զաւակները Աստուծոյ մօտ դնելն է: Ընծայումը նպատակ ունի եւ կարեւոր է հսկել, որպէսզի այդ նպատակը իր լրումին հասնի:
Կան երեք տեսակի նուիրումներ.
- Երկրաւոր՝ երբ մեզի համար ամենէն կարեւոր բանը կ'ըլլայ աշխարիկ կեանքի վերաբերող բան մը (մարզանք, ընկերային կեանք...)
- Կրօնական՝ որ կրնայ հեթանոսական սխալ նուիրում ըլլալ:
- Աւանդական, որ անշարժ նուիրումի վիճակն է, երբ սառած վիճակ կ'ունենանք եւ բան մը չենք ըներ մեր նուիրումին համար:
Իսկական նուիրումը գործնական աշխատանք կը պահանջէ: Ըստ Աստուածաշունչին, նուիրումը Աստուծոյ համար երկրպագութեան տեղ մը նուիրել է: Իսկ այսօր, մե՛նք ենք Աստուծոյ տաճարը (Ա. Կր 6.19):
Ամբողջական նուիրումը շատ կարեւոր է: Աբրահամ պատրաստ էր իր ծերութեան եւ խոստումի որդին զոհելու եւ Տէրը գնահատեց անոր գործը: Յիսուս իր աշակերտները կանչեց՝ անոնցմէ ամբողջական նուիրում ակնկալելով (Մտ 4.18-22), իսկ անոնք ամէն բան ձգելով՝ Յիսուսի ետեւէն գացին:
Կարեւոր է որ ծնողներ իրենց զաւակները նուիրեն այնպէս, ինչպէս Սամփսոնի ծնողքը եւ Աննան(Ա. Թգ 1.1-28) իրենց զաւակները նուիրեցին Տիրոջ:
Թող որ մեր նուիրումը իսկական ըլլայ եւ մեր սիրտերը Աստուծոյ խօսքին առջեւ պարարտ հողի պէս ըլլան: