Յիսուս աշխարհի լոյսն է (Յհ 8.12): Ան ճշմարիտ լոյսն է, որ աշխարհ գալով ամբողջ մարդկութիւնը կը լուսաւորէ: Իր երկրաւոր առաքելութեան ժամանակ, Յիսուս մարգարէութեան մէջ քալեց (Մտ 4.12-17) եւ Աստուծոյ խօսքին համաձայն քալելով՝ Ան խաւարը լուսաւորեց (4.16)
Յիսուս Իր ամբողջ իշխանութիւնն ու զօրութիւնը պարգեւեց Իրեն հաւատացող եւ զԻնք ընդունող ժողովուրդին (Յհ 1.3, 9,12):
Մենք անցեալին հոգեւորապէս մեռած էինք (Եփ 2.1), բայց Քրիստոս Իր սիրով մեզ վերստին կեանքի կոչեց (Եփ 2.5): Յիսուս մեզ լոյսի որդիներ դարձուց եւ լոյսի իշխանութիւն տուաւ մեզի, ըսելով՝«Դուք էք աշխարհի լոյսը: Լերան վրայ շինուած քաղաք մը չի կրնար պահուըտիլ» (Մտ 5.14):
Լոյսը կենսական է բոյսերուն եւ աշխարհին համար: Լուսարադարկումի (Photosynthesis) գործարկութեան միջոցաւ, արեւէն եկող լոյսին ոյժը կը շտեմարանուի բոյսերուն մէջ եւ այսպիսով աշխարհին համար կ'արտադրուին կենսական տարրեր, ինչպէս օրինակ թթուածինը, որմէ կախեալ են բոլոր մարմինները:
Ճիշդ ինչպէս լոյսը իր բնոյթը կը փոխէ թթուածինի վերածուելու համար, նոյնպէս Յիսուս ծառայութիւն յանձն առաւ եւ խոնարհեցաւ, որպէսզի մենք Իրեն նման լոյս ըլլանք: Յիսուս կը թելադրէ, որ այսօր մեր լոյսը չպահենք աշխարհէն այլ փրկագործական լոյսը փոխանցենք աշխարհին (Մտ 5.16):
Մենք Քրիստոսի դեսպաններն ենք եւ կանչուած ենք աշխարհը Քրիստոսով լեցնելու (Եփ 1.10): Սատանան մարդիկը կը կուրցնէ, որպէսզի Քրիստոսի լոյսը չծագի եւ մարդիկ Քրիստոսի փառքը չտեսնեն (Բ. Կր 4.4), բայց երբ մենք մեր ինքնութիւնը ճանչնանք ու անոր մէջ մարզուինք, պիտի կարենանք Քրիստոսի գործը շարունակել եւ աշխարհը Քրիստոսով լեցնել: