Մակեդոնացիներուն նուիրումը հրաւիրեց Աստուծոյ շնորհքի հոսանքը, փոխեց կլիման եւ մթնոլորտը: Դիւային խաբկանքները երեւելու սկսան պարգեւներուն միջոցաւ եւ Թագաւորութեան նամակը յայտնի եղաւ:
Երբ Աստուած մեզ տեղ մը կը մտցնէ, կ'ուզէ այդ շրջանը փոխել: Քրիստոնէութիւնը փոխող է եւ Քրիստոնէութեան փոխելու ուժը շատ աւելի մեծ է քան աշխարհին փոխելու ուժը:
2000 տարի առաջ սկսած եկեղեցին փոփոխութիւն բերաւ ամբողջ աշխարհի մշակոյթին մէջ, հակառակ դժուարութիւններուն եւ հալածաքներուն: Եկեղեցին այսօր ունի նոյն կարողութիւնը եւ կարեւոր է ատոր համար մղուինք:
Հարցուկ Ոգիով Աղախինը (Գրծ 16.16-24)
Այս աղախինը դեւերու գործակալ մըն էր եւ դիւահար մը: Այս կինը եւ իր տէրերը շատ յարգուած էին քաղաքին մէջ:
Այս կինը իր տէրերուն լաւ վաստակ կը բերէր: Ոգեղէն աշխարհը մարդոց կը ներկայանայ որպէս շահի աղբիւր:
Պօղոս Սուրբ Հոգիով Վտարեց Հարցուկ Ոգին
«Ասիկա Պօղոսին եւ մեր ետեւէն իյնալով՝ կը պոռար ու կ'ըսէր.''Այս մարդիկը Բարձրեալն Աստուծոյ ծառաներն են, որոնք մեզի փրկութեան ճամբան կը քարոզեն''» (Գրծ 16.17):
Աղախինը բարձրեալ Աստուծոյ ծառաները կը ներկայացնէր, բայց անոր ըրածը աւետարանչութեան գործին յաջողութեան համար չէր: Անոր շրթներով դեւերը կը խօսէին եւ դիւային իշխանութիւնը իր կամքը կը յայտնէր: Դեւերը կը ձեւացնէին, թէ իրենք Աստուծոյ գործին կողմնակից են, բայց բանտարկութիւն կը պատրաստէին:
Ասիկա նաեւ կը նմանի եկեղեցիին եւ հաւատացեալներուն մէջ եղող սուտ ընկերութեան հոգիին, ինչպէս նաեւ սիրածը կամ ուզածը ըսելով՝ ուզածին հասնող ոգիին:
«Այս բանը շատ օրեր կ'ընէր. Իսկ Պօղոս վշտանալով՝ դարձաւ ու ըսաւ այն ոգիին. ''Յիսուս Քրիստոսին անունով հրաման կ'ընեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ'': Նոյն ժամուն ելաւ» (Գրծ 16.18):
Պօղոսի հակառակութիւնը պիղծ ոգիին դէմ էր: Երբ դեւերը սկսան Պօղոսին մասին վկայութիւն տալ, Սուրբ Հոգին չխաբուեցաւ:
Դիւահար կինը կը խօսէր Պօղոսին եւ Շիղային մասին զանոնք գովելով, բայց իր կեդրոնացումը զանոնք մէջտեղէն վերցնել էր: Իսկ իր ծրագիրը յաջողցնելու համար, նախ պէտք էր շահէր հաւատացեալին սիրտը:
Կարեւոր է, որ դիւային աշխատանքները ճանչնանք եւ առիթ չտանք անոնց: Սուրբ Հոգին Պօղոսին գիտութեան խօսք տուաւ եւ ան վտարեց այդ ոգին:
Սուրբ Հոգին սորվեցուց, թէ բոլոր դրական խօսքերը եւ մեր ուզածը լսելը եկեղեցիին եւ աւետարանչութեան օգուտ չեն: Պէտք է անոնց ետին գտնուող ոգին զանազանել. նուիրո՞ւմ է այդ թէ՝ դիւային սուտ:
Ո՛չ Մէկ Արգելք Կրնայ Կենալ Նուիրումին Դիմաց (Գրծ 16.24-40)
Աղախինին տէրերը Պօղոսի ու Շիղայի քարոզչութիւնը սխալ սեպեցին, երբ ատիկա իրենց շահերուն արգելք հանդիսացաւ: Անոնք Պօղոսն ու Շիղան ամբաստանեցին, ծեծեցին եւ ապա վիրաւոր վիճակի մէջ բանտը դրին զանոնք:
Պօղոսն ու Շիղան նուիրումով կ'օրհնէին եւ բանտարկեալները վստահաբար կը տպաւորուէին: Մեր նուիրումին հետ չխառնենք մեր առօրեայ դժուարութիւնները: Շատ անգամ ծառայողները կը պոռթկան դժուարութեան դիմաց եւ իրենց պոռթկումը իրենց նուիրումին եւ աստուածպաշտութեան դէմ կ'ելլէ: Երբ նուիրուած մնանք, մեր նուիրումը իր պտուղը պիտի բերէ:
«Յանկարծ մեծ շարժ մը եղաւ, այնպէս որ բանտին հիմերը սասանեցան, անմիջապէս բոլոր դռները բացուեցան, ամէնուն կապերը արձակուեցան» (Գրծ 16.26):
Դեւերուն ծրագիրը ձախողեցաւ. անոնք մարդիկը կապեցին, բայց Սուրբ Հոգին զանոնք արձակեց:
Բանտը շարժեցաւ, քանի որ Աստուծոյ նուիրուած զաւակներ կային: Մեր նուիրումը արժէք ունի, որովհետեւ անիկա մշակոյթներ կը փոխէ:
(Հմր 27-34) Բանտապետը երբ եղածը ըմբռնեց, դարձի եկաւ: Բանտապետին ընտանիքը ապաշխարեց ու մկրտուեցաւ:
(Հմր 40) Պօղոսն ու Շիղան մխիթարեցին ժողովուրդը, անոնց վստահեցնելով, թէ անոնք պարտուած չէին:
Մակեդոնիայի ժողովուրդը նուիրուած էր եւ անոր համար ալ Աստուած օրհնեց զանոնք: Այս ամէնը եղաւ նուիրումին իբրեւ արդիւնք: Մեր անկեղծ, հաւատարիմ նուիրումն է, որ փոփոխութիւններ կրնայ յառաջ բերել: