Մակեդոնեան ազատելու համար, Աստուած նախ քարոզելու դուռը բացաւ նուիրուած հաւատացեալներուն առջեւ եւ ապա Իր Խօսքն ու հրաշքները հասցուց բոլորին եւ սկսաւ վտարել դեւերն ու անոնց ազդեցութիւնը քաղաքէն:
Աստուած Ասիա Երթալը Կ'արգիլէ
«Փռիւգիոյ եւ Գաղատացիներու կողմերը պտըտեցան. հոն Սուրբ Հոգին արգիլեց որ Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ խօսին» (Գրծ 16.6):
Սուրբ Հոգին արգիլեց, որ Պօղոս Ասիա երթայ, որովհետեւ տակաւին ժամանակը հասած չէր: Ան ուրիշ տեղ մը պատրաստած էր:
Պօղոս ղրկուեցաւ Եւրոպա (Գրծ 16.9)՝ Աւետարանը քարոզելու համար (Գրծ 16.10):Աստուած դուռ բացաւ՝ Մակեդոնիայի մէջ քարոզելու համար եւ անոնց սիրտերն ալ պատրաստեց:
Ինչո՞ւ Մակեդոնիան
Մակեդոնիայի բնակիչները տալու պատրաստ էին եւ Աստուծոյ տալու շնորհքը իր ճամբան գտած էր հաւատացեալներուն մէջ:
«Հոն գիշերը Պօղոսին տեսիլք մը երեւցաւ. Մակեդոնացի մարդ մը կայներ կ'աղաչէր անոր ու կ'ըսէր.''Մակեդոնիա՛ անցիր եւ օգնէ՛ մեզի՛'': Երբ այդ տեսիլքը տեսաւ, շուտ մը ուզեցինք Մակեդոնիա երթալ, հասկնալով որ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ անոնց աւետարան քարոզելու» (Գրծ 16.9-10):
Տեսիլքին մէջ երեւցած այս մարդը կը ներկայացնէր Մակեդոնիայի պատրաստ սիրտը:
Տալու սիրտը շատ կարեւոր է: Տալու սիրտը կը տեսնենք Աբրահամի կեանքին մէջ, որ երբ գնաց Ղովտը ազատելու եւ մեծ աւարով վերադարձաւ, Աստուծոյ մարդը տեսնելով՝ անոր տասանորդ տուաւ:
Նուիրումը` Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ մեր ներդրումը բերել է: Այն մարդը, որ բնաւ տալու քայլը չառներ, թագաւորութեան բարիքները չի վայելեր: Սակայն երբ մեր նուիրումով կը մտնենք թագաւորութեան մէջ, կը տեսնենք թագաւորին երեսն ու պահպանութիւնը եւ յաղթող թագաւորին ունեցածը մեր սեփականը կը դառնայ:
Մակեդոնացիներուն տալու սիրտը մաքնիսի պէս էր եւ Աստուծոյ շնորհքը կը քաշէր: Մեր պատրաստակամ նուիրումով մենք եւս ճամբայ կը բանանք շնորհքին առջեւ:
(Բ.Կր 8.1-5)
«Արդ, եղբայրնե՛ր, ձեզի կը ցուցնենք Աստուծոյ շնորհքը, որ Մակեդոնացիներու եկեղեցիներուն տրուած է. Որ նեղութեան մեծ փորձին մէջ իրենց ուրախութիւնը աւելցաւ եւ իրենց ծանր աղքատութեանը մէջ աւելի մեծ առատաձեռնութեան մղուեցան: Վասն զի ես կը վկայեմ թէ իրենց կարողութեան չափովը ու կարողութենէն ալ աւելի յօժարակամութեամբ, կ'աղաչէին որ տուրքերը ու սուրբերուն համար եղած օգնութեան մասնակցութիւնը ընդունինք: Ոչ միայն որչափ մենք կը յուսայինք, հապա անձերնին ալ տուին առաջ՝ Տիրոջը ու ետքը՝մեզի՝ Աստուծոյ կամքովը»:
- (Հմր 1) Աստուծոյ շնորհքը երեւելի էր:
- (Հմր 2) Նեղութեան եւ ծանր աղքատութեան մէջ, առատաձեռնութեամբ մղուեցան:
Այս մարդոց շնորհքը իրենց վրայ կ'երեւէր, որովհետեւ իրենց պատրաստակամութիւնը ամէն բանէ վեր էր: Իրենց ծանր աղքատութեան մէջ աւելի մեծ առատաձեռնութիւն ցոյց տալը անհոգութեան արդիւնք չէր, այլ՝ հաւատքի: - (Հմր 3) Այս մարդիկը յօժարութեամբ ուզեցին տալ: Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ: Հաւատքէ մղուած՝ տուին իրենց կարողութենէն աւելին: Պօղոս միշտ ալ նոյնը թելադրած է (Բ.Կր 9.6-7):
- (Հմր 4) Կ'աղաչէին տալու համար:
- (Հմր 5) Ակնկալուածէն աւելին տուին: Նոյնիսկ իրենց անձերը տուին Աստուծոյ եւ Անոր ծառայողներուն:
Մակեդոնիոյ մէջ, Աստուած Լիդիայի սիրտը բացաւ լսելու համար: Լիդիա եւ իր տունը մկրտուեցան ու ան առաքեալներուն իր տունը բացաւ (Գրծ 16.11-15):