Այս նիւթով կ'ուզենք քու ուշադրութիւնդ դարձնել երկու բաներու վրայ.

  1. Կորսուածներուն
  2. Ազատագրողին

Աստուածաշունչին համաձայն, ազատագրողը Քրիստոսն է: Ես 61.1-4-ին համաձայն, Քրիստոս «գերիներուն ազատութիւն» պիտի տայ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ.

«Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է,

«Որովհետեւ Տէրը զիս օծեց

«Ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու,

«Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,

«Գերիներուն՝ ազատութիւն

«Եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարկելու […]»:

Նկատի ունենալով, որ շատ անգամ Տիրոջ կողմէ կանչուածները նորէն գերի կը դառնան, կարեւոր կը տեսնեմ բացատրել, թէ ի՛նչպէս կը յաջողի թշնամին զանոնք գերել, ինչպէս նաեւ թէ ո՛վ կ'ազատէ եւ ի՛նչպէս:

Ապստամբութիւն (Ծն 14.1-4)

«Չորս թագաւորներ՝ Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին, Ելլասարի Արիովք թագաւորին, Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին եւ Գոյիմի Թադգաղ թագաւորին ժամանակները, Սոդոմի Բարա թագաւորին եւ Գոմորի Բարսա թագաւորին եւ Սեբոյիմի Սիմոբոր թագաւորին եւ Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորին հետ պատերազմեցան: Ասոնք ամէնքը հաւաքուեցան Սիդդէմ ձորին մէջ, որ է Աղի ծովը: Տասներկու տարի Քոդողագոմորի ծառայութիւն ըրին ու տասներեքերորդ տարին ապստամբեցան»:

Տասներկու տարի Քոդողագոմորի ծառայութիւն ընելէ ետք այդ չորս թագաւորները ապստամբեցան:

Ապստամբիլ, եբրայերէնով՝ «մարատ» [ marad /maw• rad/], կը նշանակէ՝ տիրող թագաւորին դէմ ելլել, առանց բաւարար պատճառ կամ զօրութիւն ունենալու:

Ապստամբութեան վերջ դնելու եւ գերիները ծառայութեան վերադարձնելու համար, Քոդողագոմոր եւ անոր հետ չորս թագաւորներ յարձակեցան չորս արեւելքցի ապստամբ թագաւորներուն վրայ եւ անոնց յաղթելով՝ գերի առին բոլորը, նաեւ Ղովտը (հմր 12)՝ Աբրամի եղբօրորդին:

Չորս թագաւորները ապստամբ էին միւս հինգ թագաւորներուն դէմ, իսկ Ղովտ ապստամբ էր Աբրամի եւ Աստուծոյ կոչումին դէմ, ինչպէս նաեւ այդ ապստամբ թագաւորութիւններէն մէկուն մէջ բնակիլ հաճելուն մէջ:

Աստուած Ղովտի գերութեան տարուիլը օգտագործեց որպէս դրական առիթ մը, որ ան ետ դառնար աշխարհայինը փնտռելէն եւ մաս կազմէր Աբրամի յաղթական ճամբորդութեան:

Գերութիւն

Մարդուն առօրեան եւ անոր մէջ գտնուող մանրամասնութիւնները կրնան զինք ձգել լուրջ դժուարութիւններու, հիւանդութիւններու, սովորութիւններու, կիրքերու եւ այլազան գերութիւններու մէջ:

Պետրոս հաստատեց, թէ Ղովտ արդար էր (Բ.Պտ 2.7-8), բայց անոր արդարութիւնը չէր օգներ իրեն, որովհետեւ գտնուած տեղը սխալ էր. «Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ» (Մտ 6.21):

Այդ տեղը ընտրելը արդիւնքն էր Ղովտի աշխարհային մտածելաձեւին (կարդա՛ Հռ 12.1-2):

318 Կրթուած Ծառաներ (Ծն 14.13-16)

  1. Աբրամ խաղաղութեամբ քալող, կոչումի տէր մարդ մըն էր: Երկինքի Թագաւորութիւնը տարածել փնտռող Աստուծոյ պատերազմիկ մարդն էր:
  2. Ան օրէնքի տէր, կարգ-կանոն սիրող մարդ էր:
  3. Ան իր ծառաները կրթած եւ մարզած էր: ա. Աստուծոյ Թագաւորութեան կրթութիւնը կարեւոր է. անիկա թշնամիին դէմ դնելու պատրաստութիւնն է: - Աբրամի ծառաները անոր առաջնորդութեամբ հինգ զօրաւոր թագաւորներու դէմ դրին՝ յանդգնութեամբ, ծրագրելով եւ ինքնավստահութեամբ: բ. Կրթուած կը նշանակէ՝ մարզուած, հրահանգի վարժուած, փորձառու եւ փորձուած (Enhanced Strong’s Lexicon): - Որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան զինուորներ, պէտք է ըլլանք հրահանգի վարժ, մարզուած եւ փորձառու հաւատացեալներ:

Աբրամ Պատրաստ էր

Շնորհիւ.

  1. Ներքին վստահութեան
  2. Խօսքին բռնուած ըլլալուն

Աբրամի ծառաները կրթուած էին: Ինք պատրաստ էր դէմ դնելու հինգ յաղթող եւ տիրող թագաւորներու:

Աբրամի զօրութիւնը չէր կրնար արտաքին կամ զգացական շարժում մը ըլլալ: Անիկա արդիւնքն էր անոր ներսի զօրութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ ունեցած վստահութեան:

Ա.Յհ 4.4-ի համաձայն, «[...] Ձեր մէջ գտնուող Աստուծոյ Հոգին աւելի մեծ է քան Քրիստոսի հակառակորդին հոգին, որ կը գտնուի աշխարհի պատկանողներուն մէջ»:

Աբրամ յաղթեց հինգ թագաւորներուն եւ վերադարձուց Ղովտը ինչպէս նաեւ բոլոր գերութեան տարուածները՝ իրենց ստացուածքներով:

Աբրամի իր ներքին զօրութիւնը ճանչնալը կարեւոր էր Ղովտը ազատելու համար: Քրիստոսով քու ներքին զօրութիւնդ ճանչնալդ եւ մարզուելով զանիկա գործի դնելդ կարեւոր են քու անձդ եւ ուրիշները այլազան գերութիւններէ, մանաւանդ ապաշխարութեան դէմ պայքարող գերութենէն ազատելու համար:

Քու ներքին զօրութիւնդ եւ վստահութիւնդ կրնան ազատել երկիրներ եւ շահիլ հոգիներ Աստուծոյ համար:

Աբրամի զօրութիւնը Աստուծոյ խօսքին կառչելէն եկաւ: Աբրամ ուրիշ բան չունէր, որուն կրնար կառչիլ կամ որուն վրայ կրնար յոյս դնել:

Աստուծոյ Զօրութիւնը

  1. Աբրամը մղող զօրութիւնն էր:
  2. Խօսքին միջոցաւ կը յաղթէ մեր թշնամիին:

Աբրամի յաղթութեան մղումը եւ պատճառը Սուրբ Հոգին եղաւ: Աբրամ միայն խօսքին կառչած էր եւ անով կրթուող էր:

Մեր յաղթութիւնը կախեալ չէ թշնամիին բանակէն եւ անոր զօրութենէն կամ թիւին շատութենէն, այլ՝ Աստուծոյ խօսքին կառչելէն եւ վստահութեամբ զայն ապրելէն:

Ղովտ Վերադարձաւ

Աբրամ Ղովտը վերադարձուց գերութենէն, իր Աստուծոյ խօսքին համաձայն զինուած եւ մարզուած ըլլալուն պատճառով:

Աստուծոյ կողմէ յաղթութիւնը շնորհուած էր Աբրամին եւ դրուած էր խօսքին եւ Անոր նուիրուելուն մէջ:

Աստուծոյ զաւակ ըլլալը ինքնին միջոց է, որ զանազան տեսակի գերիները ազատենք. Եսայի 61.1-4-ը մեզի ալ կը վերաբերի Քրիստոսով (տե՛ս Ղկ 4.16-19):

Եթէ խօսքը քու մէջդ է, կը նշանակէ, թէ դուն Անոր՝ Քրիստոսի, ինքնութիւնը կ'ապրիս (տե՛ս Գղ 2.20), հետեւաբար, թշնամիին զօրութիւնը կարեւոր չէ, հապա՝ դուն պիտի յաղթես:

Նախորդ Հրապարակում Զօրութիւն եւ Նպատակ (Գործք Առաքելոց 1.1-5)
Յաջորդ Հրապարակում Կոչումէդ Մի՛ Բաժնուիր (Ծննդոց 12-19)