Աստուծոյ եւ կոչումին դէմ ըմբոստութիւնը, անհաւատարմութիւնը եւ կեղծաւորութիւնը լուրջ արգելքներ կը բերեն փրկութեան ծրագիրին՝ Աստուծոյ նպատակներուն:
Այս ուսուցումին կեդրոնացումն է կոչումին կառչած մնալը, այնպէս որ եկեղեցիէն ներս հաւատացեալներուն կեդրոնացումը ըլլայ Աստուծոյ Թագաւորութեան գործը յառաջ տանիլը, աւելի քան անձնական պահանջները:
Շատ անգամ հաւատացեալներ չեն տեսներ եկեղեցւոյ կողմէ իրենց ստացած բարիքները, որովհետեւ աշխարհէն եւ կեանքի պայմաններէն ստացած իրենց վէրքերուն պատճառով իրաւունք պահանջելու վրայ կեդրոնացած կ’ըլլան: Սակայն եկեղեցի՛ն իսկական օրհնութիւնն է, եւ անոր հովանիին տակ մնալը՝ օրհնուելու պատճառը: Տե՛ս, թէ Ա.Կր 5.4-5-ին մէջ առաքեալը ինչքան զօրաւոր եւ օրհնաբեր կը նկատէ եկեղեցւոյ հոգեւոր խաւին մէջ կամ անոր ծածկոցին տակ ըլլալը. եւ ինչքան վնասակար եւ Սատանային չարութեան ենթարկուած կը նկատէ հոգեւոր ծածկոցէն դուրս ըլլալը:
Մեր նիւթին կեդրոնացումը պիտի ըլլայ Ղովտը՝ Աբրահամի եղբօրորդին եւ այն վնասները, որոնք եկան անոր անտարբեր եւ կոչումին դէմ անուղղակիօրէն ապստամբ ըլլալէն:
Ղովտ, Երկու Աղջիկներն ու Անոր Սերունդը
Ղովտի երկու աղջիկները կ’որոշեն իրենց հօրմէն զաւակներ ունենալ՝ իրենց հօր սերունդը պահելու համար:
- Հարցում՝ արդեօք այդ սերունդը ծառայե՞ց Աստուծոյ կամ Ղովտի բնաւորութիւնը, մտածելաձեւը եւ հակառակութիւնը շարունակեց:
- Երբ սխալ մը չենք վերցներ, ատիկա վերջաւորութեան ծնունդ կու տայ վնասակար դէպքերու, որոնք հակառակութիւն եւ թշնամութիւն կ’ըլլան Աստուծոյ Թագաւորութեան գործին:
- Ճիշդ ինչպէս մարդիկ կը մեծնան, սերունդներու տէր կ'ըլլան եւ մշակոյթներ յառաջ կը բերեն, այդպէս ալ, թշնամութիւնը կ'աճի, կը զարգանայ եւ Սատանային դրդումով մշակոյթի կը վերածուի:
Վերաքաղ Ղովտի Կեանքի
- Ղովտ Աբրամի եւ անոր կոչումին հետ ճամբայ ելաւ՝ Աստուծոյ սահմանած երկիրը եւ օրհնութեան հասնելու համար (Ծն 12.5):
- Ղովտ Աբրամի հետ միասին եւ անոր օրհնուած չափով օրհնուեցաւ (Ծն 13.5):
- Ղովտ ստացուածքը Աբրամէն եւ Տիրոջ կոչումէն աւելի նախընտրեց եւ բաժնուեցաւ Աբրամէն եւ միաժամանակ Աստուծմէ (Ծն 13.9):
- Ղովտ աւելի քան կոչումին երկիրը, կեանքը եւ տուեալները սիրելը սիրեց աշխարհայինը (Ծն 13.10-13):
- Ղովտի ընթացքը ապստամբութիւն եւ ըմբոստութիւն կարելի է կոչել, որովհետեւ իսկականը եւ հարազատը ձգելով գնաց ապրելու Աստուծոյ համար գարշելի եւ զզուելի թագաւորութիւններու մէջ, որոնց դատապարտութեան վճիռը արձակուած էր երկինքէն (Ծն 14.1-12):
- Աբրամ առաջին անգամ փրկեց Ղովտը հինգ թագաւորներու ձեռքէն, երբ ան չորս ապստամբ թագաւորներուն եւ անոնց ժողովուրդներուն հետ գերութեան տարուած էր եւ ազատագրելով՝ զայն վերադարձուց: Բայց Ղովտ նորէն գնաց եւ Սոդոմի մէջ ապրեցաւ (Ծն 19.1-3):
- Աբրամ եղաւ Աբրահամ, որ նշան էր Աստուծոյ հետ ուխտի մէջ մտնելուն: Եբրայեցիներուն համար «հ» տարը ակնարկութիւն էր Աստուծոյ: Եւ Աբրամի անունին մէջ «հ» տառին աւելնալը նշան էր, թէ Աստուած Իր անունը տուաւ Աբրամին՝ ուխտի ճամբով: Այդպիսով Աբրամ՝ «բարձր հայր»ը եղաւ Աբրահամ՝ «բազմութեան հայր»: Բայց Ղովտ մնաց Ղովտ:
- Երբ Սոդոմի կործանումին ժամը հասաւ, Ղովտ նորէն Աբրահամի շնորհիւ ազատեցաւ, այս անգամ երկու հրեշտակներուն ձեռքով (Ծն 19.29): Բայց նորէն Աբրահամի քով երթալով չմիացաւ անոր:
Ղովտի Վնասները
Ղովտ ամէն անգամ ազատող մը ունեցաւ, բայց արդեօք ինք ազա՞տ էր: Ոչ, ան ազատ մարդ չէր:
- Ան իր հարստութիւնը կորսնցուց:
- Կոչումէն հեռու էր:
- Աբրամ՝ «բարձր հայր»ը եղաւ Աբրահամ՝ «բազմութեան հայր», Սարա՝ «իշխանուհի»ն, եղաւ Սառա՝ «ազնուական կին», բայց ինք մնաց Ղովտ, որ կը նշանակէ «ծածկոց»:
- Վերջապէս կինն ալ աղի արձան եղաւ (Ծն 19.26):
- Թէեւ յաջողութիւն փնտռելը սխալ չէ, բայց եթէ Աստուծոյ օրհնութիւնը կորսնցնելու գինով ըլլայ, սխալ եւ վնասակար է:
- Վերջապէս Ղովտ դարձեալ չանդրադարձաւ Աբրահամի Աստուծոյ մարդ եւ օրհնութեան աղբիւր ըլլալը (Ծն 18.17-19), եւ այդպիսով եկաւ ժամանակ մը երբ իր սխալը ծնունդ տուաւ սերունդներու, որոնք պիտի հալածէին եւ արգելք ըլլային Աստուծոյ ժողովուրդին:
Ղովտ Սեգովրի Մէջ Ունեցաւ Ծնունդներ (Ծն 19.30-38)
Սեգովրի մէջ (որ կը նշանակէ՝ «պզտիկ») Ղովտի աղջիկները իրենց հայրը գինովցուցին եւ անոր հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցան, որպէսզի անկէ սերունդ ունենան:
- Առաջինը՝ մեծ աղջիկը, որ ծնաւ Մովաբը՝ Մովաբացիներուն հայրը (հմր 37)
- Երկրորդը՝ պզտիկ աղջիկը, որ ծնաւ Բենամմին՝ Ամմոնացիներուն հայրը (հմր 38)
Ղովտի այդ ծնունդները լուրջ թշնամութիւն ըրին Աբրահամի սերունդին՝ Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ:
- Առաջին աղջիկէն ծնան Մովաբացիները: Անոնք. ա. Աստուծոյ ժողովուրդը կ'անիծէին, որպէսզի անոնք ձախողին (Թւ 22.4): բ. Թշնամութիւն եւ պատերազմ կ'ընէին (Դտ 3.28): գ. Իրենց դիւային կեանքը եւ չաստուածը Քամովսը կը բերէին Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ (Դ.Թգ 23.13): Քամովս կը նշանակէ նուաճող կամ տիրող: Անիկա ծանօթ էր նաեւ իբրեւ՝ գարշելին: Ճանչցուած էր նաեւ որպէս Բէեղզեբուղ (Մտ 12.27): Նաեւ կը կոչուի Հրատ (Mars) եւ Երեւակ (Saturn):
- Երկրորդ աղջիկէն ծնան Ամմոնացիները: ա. Ամենագարշելի չաստուածին՝ Մողոքի, գործերը մտան Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ, նոյնիսկ Սողոմոն թագաւորին միջոցաւ (Գ.Թգ 11.5): բ. Մարդկային զոհ կը մատուցանէին Մողոքին, մանաւանդ փոքրեր:
Դուն Քրիստոսինն Ես
Անոր միացած մնա՛:
Աստուծոյ ճաբուն մէջ մնա՛: Կոչումիդ եւ եկեղեցիիդ մէջ մնա՛: Ծառայութեան եւ յարաբերութեան մէջ մնա՛: Քու օրհնութիւնդ Քրիստոսի միացած մնալէդ կու գայ:
Յակոբի աներհայրը Լաբան ճանչցաւ, որ Յակոբ էր իր օրհնուելուն եւ բարգաւաճումին պատճառը եւ ուղղակիօրէն ըսաւ ատիկա իրեն (տե՛ս Ծն 30.27): Աբրահամի եւ Իսահակի օրերուն թագաւորներ ճանչցան անոնց օրհնուած ըլլալը եւ յայտարարեցին այդ մէկը ինչպէս նաեւ այդ պատճառով ապահովութիւն շնորհեցին անոնց:
Եկեղեցիին մէջ եղողները պէտք է օրհնեն եկեղեցիի կեանքը, երախտապարտ ըլլան, շնորհակալ ըլլան... Պէտք է շնորհակալ ըլլան եկեղեցիէն իրենց ընդունած անուշութեան, օրհնութեան, յաւիտենականին, բարերարութիւններուն, Աստուծոյ ողորմութեան, իրենց վրայ չեկած հիւանդութիւններուն համար, իրենց վրայ չեկող դժբախտութիւններուն համար...
Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք, թէ պատերազմիկներ երբ աւար հաւաքեցին, իւրաքանչիւրը իր բաժինէն մաս մը հանեց եւ տուաւ տաճարին: Ատիկա ըրին առ ի երախտագիտութիւն, որ իրենցմէ մէկը չկորսուեցաւ. շնորհակալ եղան եւ Աստուծոյ կողմէ իրենց եկած շնորհք մը նկատեցին ատիկա:
Կարեւոր է, որ գիտակցինք, որ Աստուծոյ տունը բոլորէն բարձր է. տունը կառավարողէն մինչեւ ամէնէն յետին անձը: Աստուծոյ գործը ամէնէն բարձրն է:
Քու պատիւդ Յիսուսի ծածկոցին տակ մնալն է. քու օրհնութիւնդ Յիսուսի ծածկոցին տակ մնալն է: Քու բժշկութիւնդ Յիսուսի ծածկոցին տակ մնալն է: Քու բարիքներդ այսօր՝ իբրեւ Աբրահամի հաւատքի զաւակ, Քրիստոսի փրկագործութեան եւ արեան ծածկոցին եւ հովանիին տակ մնալն է:
Ասիկա իւրաքանչիւր հաւատացեալ, իւրաքանչիւր ծառայ եւ մանաւանդ եկեղեցիէն ներս Աստուծոյ գործին մէջ դիրքերով բարձրացող ծառաները պէտք է սորվին:
Կարդա՛ Փլպ 2.5-11:
Կարդա՛ Եբր 5.7:
Տէր Յիսուս աղաչական աղօթք չէր ըներ երբ հրաշք մը պիտի գործէր կամ բժշկութիւն մը պիտի կատարէր: Ան կ'ըսէ «Ե՛լ», «Բացուէ՛», «Մաքրուէ՛» եւ հրաշքը անմիջապէս կը կատարուէր: Ան աղաչանքով աղօթք ըրաւ միայն այն ատեն երբ Ան Իր երկրաւոր մարմինը պէտք էր Տիրոջ յանձնուած վիճակի մէջ պահէր:
Յհ 5.19-20-ին մէջ Տէր Յիսուս ըսաւ, թէ Ինքն Իր կամքը չէր ըներ, այլ՝ կամքը Անոր, որ զԻնք ղրկած էր:
Թող գիտակից եւ արթուն մնանք Տիրոջ հետ մեր ճամբորդութեան մէջ. աշխարհը իր ձեւերով թող զիջումներու չտանի մեզ: