Գերգեսայի մէջ բնակող դիւահար մարդուն պատմութիւնը (Մր 5.3, Ղկ 8.27) մեզի ցոյց կու տայ թէ երբ Սատանան յաջողի մէկու մը կեանքը կառավարել, նաեւ ենթակային կը ստիպէ ընել անբնական բաներ:
Ի՞նչ ըսել է անբնական: Ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս դեւերը կը ստիպեն որ մարդիկ անբնական բաներ ընեն:
Ի՞նչպէս հաւատացեալներ եւս կրնան ունենալ անբնական խոտորումներ եւ վարմունքներ եւ ի՞նչպէս Աստուած «Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք ու կ’ազատէ զանոնք իրենց
կործանումէն» (Սղ 107.20):