Աստուածաշունչին մէջ յիշուած մեղրը Աստուծոյ խօսքն է: Մարդիկ Աստուծոյ բարիքները կը վայելեն երբ խօսքին համաձայն շարժին, բայց շատեր, զանազան պատճառներով, զրկուած կը մնան մեղրէն: Ա.Թգ 14–ին մէջ, Յովնաթան կ'առնէ յանդուգն հաւատքի քայլ մը եւ ատոր պտուղը կ'ուտէ:

«Յովնաթան» կը նշանակէ՝ Եհովան շնորհեց: (Շատ կարեւոր է որ այսօր մեր կեանքերէ ներս ճանչնանք Յիսուսին շնորհածը): Յովնաթան իր զէնքերը կրող պատանիին ըսաւ՝ «Եկո՛ւր, անդիի կողը Փղշտացիներուն պահապան զօրքին կողմը անցնինք» (1): Թէեւ Յովնաթան հօր՝ Սաւուղի իշխանութեան տակ էր եւ հնազանդ էր, բայց հօրը չիմացուց այն ինչ որ պիտի ընէր, որովհետեւ հաւանաբար գիտէր որ հայրը պիտի արգիլէ որ իր հաւատքը քայլը իրականացնէ:

Թագաւոը՝ Սաւուղ իր կոչումին համաձայն քալող մարդ չէր: Ան այդ ժամանակ Մագրոնի մէջ կը նստէր, նռնենիին տակ (2): «Մագրոն» կը նշանակէ՝ անդունդ եւ գահաւեժ, ինչ որ կը նկարագրէ իր վիճակը. Սաւուղ արդէն թագաւորութիւնը կորսնցնելու վիճակի մը մէջ էր:

Յովնաթան ըսաւ՝ «[…] կարելի է որ Տէրը մեզի համար բան մը ընէ. Քանզի շատ մարդոց կամ քիչ մարդով ազատելու կողմէ արգելք մը չկայ Տիրոջ առջեւ» (Ա.Թգ 14.6): Թէեւ Յովնաթանին հետ միայն մէկ պատանի կար, բայց ան կը խօսէր իր սրտին մէջ եղած հաւատքի ձայնով: Շատ կարեւոր է որ մենք եւս պատերազմի ատեն Աստուծոյ ձայնը լսելու ատակ ըլլանք:

Երբ մենք տեսնենք մեր թշնամին, Յովնաթանի նման պէտք է գիտնանք թէ շնորհք ունինք: Տիրոջ ներկայութեան ըլլալը մեզի զօրութիւն կու տայ, որպէսզի զանիկա գործածենք պէտք եղած ատեն (Եբր 4.16):

Յովնաթանին զէնքերը կրողը պատրաստ էր երթալու Յովնաթանին հետ, ուր ալ որ երթար (7), որովհետեւ ան տեսաւ իր առաջնորդին հաւատքի պատասխանը: Երկուքը միասին յարձակեցան ու 20 մարդու չափ մեռցուցին:

Անոնց ըրածը թիւի հետ կապ չունէր, այլ՝ հաւատքի: Անոնք քայլ առին Տիրոջ վստահելով եւ յաղթեցին իրենց հաւատքով: Իրենց կատարած գործը մեծ աղմուկ հանեց. «Ու բանակին մէջ, դաշտին մէջ ու բոլոր ժողովուրդին մէջ մեծ խռովութիւն եղաւ. Պահապան զօրքերն ու աւարառուներն ալ զարհուրեցան ու երկիրը դողաց այնպէս որ անոնց վրայ Աստուծոյ կողմանէ վախ մը ինկաւ» (16): Մինչ թագաւորը նստած էր, Յովնաթանի Տիրոջմէն ստացած առաջնորդութիւնը եւ իր հաւատքի որոշումները պատճառ եղան որ Տէրը ազատէ իր ժողովուրդը (23):

Պատերազմէն ետք մինչ կ'երթային իրենց աւարը հաւաքելու, հակառակ որ այդ մարդիկը սնունդի պէտք ունէին, թագաւորը յանկարծ որոշում առաւ ծոմապահութեան: Ծոմը շատ կարեւոր է բայց կարեւոր է նաեւ ատիկա ընել ճիշդ ժամանակին:

Յովնաթան անտեղեակ ըլլալով իր հօր այս որոշումէն, գաւազանին ծայրով մեղր կերաւ: Երբ կերաւ՝ աչքերը բացուեցան: Աչքերը բացուելէն ետք Յովնաթան գիտցաւ թէ ինչքան կարեւոր էր այդ մեղրէն ուտելը (Ա. Թգ 14.29):

Ժողովուրդը զարկաւ Փղշտացիները, բայց անօթութենէն նուաղեցաւ: Ուստի աւարին վրայ իյնալով՝ ոչխարները, արջառները եւ հորթերը մորթեցին ու արիւնովը կերան (ինչ որ մեծ մեղք էր Տիրոջ առջեւ): Երբ Սաւուղին իմացուցին, Սաւուղ Տիրոջ առջեւ սեղան շինեց: Աստուծմէ պատասխան չստանալով, ան ուզեց գիտնալ թէ ո՞վ էր մեղք գործողը: Մէկը Սաւուղին պատասխան չտուաւ իսկ երբ ան վիճակ ձգելով գիտցաւ որ Յովնաթանն էր մեղրէն ուտողը, ան պատրաստ էր իր որդին սպաննելու: Ժողովուրդը Յովնաթանին պահապան եղաւ եւ սպառնալիք ըրաւ թագաւորին, որ Յովնաթանին գլուխէն մէկ մազ անգամ պիտի չիյնար (Ա.Թգ 14.45):

Այս դէպքերուն պատճառով, Իսրայէլացիները պատերազմը չկրցան թշնամին վերջնականապէս հալածել: Մենք Տիրոջմո՛վ պէտք է քալենք եւ նայինք, թէ Տէրը ի՛նչ կ'ուզէ որ ընենք: Յովնաթան կերաւ բայց միւսները չկերան սխալ կրօնական ըմբռնումի մը պատճառով եւ չկրցան յաղթանակը ձեռք բերել:

Նախորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - 2-րդ եւ 3-րդ Հարցումները (Մատթէոս 24)
Յաջորդ Հրապարակում Թագաւորութեան Գործին Դէմ Յարձակումներ, Արգելքներ ու Հալածանքներ (Մատթէոս 13.24&37-38)