Երկրորդ Հարցում՝ «[...] Քու գալուստիդ […] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»:
Ապագայի կատարումի կարծիքը ընդունող ուսուցիչները այս հարցումը անմիջապէս կը վերագրեն մեր Տիրոջ երկրորդ գալուստին եւ կ'ըսեն թէ Յիսուս պիտի վերադառնայ Մատթէոսի 24.4-22-ին մէջ յիշուած նշաններէն ետք:
Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքը ընդունողները տարբեր ձեւով կը բացատրեն: Ձիթենեաց լերան վրայ նստած ատեն աշակերտները երկրորդ գալուստին մասին չէին մտածեր. անոնք նոյնիսկ չէին համոզուած, թէ Յիսուս պիտի մեռնէր (Մտ 16.21-23): Այդ օրերուն Հրեաները կ'ակնկալէին Քրիստոսի գալը, որպէսզի Ան Իր թագաւորութիւնը հաստատէր եւ անոնք տիրէին ամբողջ աշխարհի վրայ (Մտ 20.20-23):
Աշակերտներուն հարցումը իրենց համար կը նշանակէր. «Ե՞րբ պիտի գայ թագաւորութիւնը» եւ «Ե՞րբ պիտի յայտնես Ինքզինքդ եւ գահիդ վրայ նստիս»: Այս բաները պատահեցան երբ Յիսուս մեռաւ, յարութիւն առաւ, համբարձաւ եւ Հօրը գահին աջ կողմը նսաւ: Այն պահուն որ Յիսուս երկինք մտաւ եւ Իր գահին վրայ նստաւ՝ Հօրը աջ կողմը, թագաւորութիւնը եկած եղաւ:
Ասիկա 2000 տարի առաջ եղաւ, աշակերտներուն սերունդին օրերուն: Մտ 16.28-ը ասիկա կը հաստատէ. «Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի թէ՝ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիներ կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»:
Յիսուս աշակերտներուն պատասխանեց. «Այն նեղութեան օրերէն յետոյ [...] Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ [...]» (Մտ 24.29-30):
- Որդի Մարդոյ Նշանը (Մտ 24.30ա) - Ապագայի կատարումի կարծիքը ընդունող ուսուցիչները կ'երեւակայեն, թէ Յիսուսի գալուստը պիտի ըլլայ երկինքէն: Բայց համարը չ'ըսեր «Յիսուս պիտի երեւի», հապա՝ «նշանը»: Նշանը տեսնելով, աշակերտները պիտի գիտնային թէ Յիսուս երկինք հասաւ, Հօր աջ կողմը նստաւ եւ ամէն իշխանութիւն Իրեն տրուեցաւ, իսկ նշանը տաճարին եւ Երուսաղէմի կործանումն էր:
- Դատաստանի Նշանը (Մտ 24.29) – Կարեւոր է հոս հրէական բանաձեւը հասկնանք: Երբ արեւ, լուսին եւ աստղեր ըսելով խօսէին, Հրեաները այլաբանօրէն կ'ակնարկէին կառավարութիւններու եւ իշխանութիւններու (Ծն 37.9, Յյտ 12.1) իսկ անոնց խաւարիլը ակնարկ է էր իշխանութեան իյնալուն (Եզ 32.7-8,16: Ես 34.4-5: Ես 13.9-11):
Երբ Յիսուս Իր յարութենէն ետք համբարձաւ եւ գերագոյն զօրութեան աջ կողմը նստաւ, ամէն իշխանութիւն ստացաւ, իսկ երկրի վրայ ատոր ապացոյցը տաճարին կործանիլն էր: Հիմա կայ նոր քահանայապետ մը, նոր կառավարիչ մը եւ թագաւորներու Թագաւոր եւ տէրերու Տէր (Ա.Պտ 3.22): - Որդի Մարդոյ Փառքով (Մտ 24.30բ) – Երբ Յիսուս «[…]Երկրի բոլոր ազգերը[…]», «Երկիր» բառը Յունարէն բնագիրին մէջ «ղի» “ge” բառն է: Նոր Կտակարանի տարբեր բաժիններուն մէջ, «ղի» բառը ընդհանրապէս կը թարգմանուի իբրեւ հողամաս, ինչպէս նաեւ կ'ակնարկէ խոստացուած երկիրին:
Երբ Հրեաները կործանումի լուրը առին, լացին, բայց երկինքի մէջ կատարուածէն տեղեակ չէին. այսինքն՝ այն իրականութենէն թէ Որդի Մարդոյ երկինքի մէջ փառքով նստաւ: Գալուստի մասին խօսելու ատեն Յիսուս չէր ակնարկեր Իր աշխարհ գալուն, հապա՝ երկինքի մէջ նստելուն: Ասիկա նման է Դանիէլի մարգարէութեան 7.13-14-ին. «Գիշերը տեսիլքի մէջ կը տեսնէի, թէ ամպերով Որդի Մարդոյ նման մէկը կու գար, մինչեւ հասաւ անոր որ յաւիտեան կենդանի է ու Որդի մարդոյ անոր մօտեցուցին: Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէսզի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն: Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի»: - Մտ 24.31 - Ընտրեալները Պիտի Ժողվեն - Մարդիկ կը կարծեն, թէ ասիկա ակնարկութիւն է գալուստին, բայց երեք համար ետք Յիսուս կ'ըսէ՝ «Այս ազգը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»:
Հրեաներուն համար փող հնչեցնելը արքայական հրաման մը, հրովարտակ մը ելլել կը նշանակէր: Ժամանակն էր, որ Աստուծոյ հրեշտակները Աստուծոյ ժողովուրդը հաւաքէին բոլոր ազգերէն: Նոյն ատեն առաքեալները պատուէր ստացած էին քարոզելու բոլոր ազգերուն: «Ժողվեն» բառը յատկանշական է եւ կը նշանակէ «ժողովարանին մէջ հաւաքեն»: Նոր Կտակարանին մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդը կը պատկանի Յիսուսի եւ կը հաւաքուի եկեղեցիին մէջ: - «[…] Գիտցէք թէ մօտ է […]» (Մտ 24.32-33) - Այս ազդարարական նշանները ցոյց պիտի տային, թէ՝ հինը անցաւ եւ հոգեւոր նոր ժամանակի մը սկիզբն էր:
Ապագայի կատարումի կարծիքը ընդունող ուսուցիչներէն ոմանք կ'ըսեն, թէ թուզի ծառը օրինակ է Հրեայ ժողովուրդին, եւ թէ անիկա պիտի պտղաբերի նորէն: Բայց Իսրայէլ նմանցուած է ձիթենիի (Եր 11.16, Հռ 11.17):
Պէտք է հասկնալ, թէ այդ պարունակին մէջ Յիսուս 2000 տարի վերջ ըլլալիքին մասին չէր խօսեր, հապա՝ պատասխան կու տար աշակերտներուն: - Այս ազգը (Մտ 24.34) - Ապագայի կատարումի կարծիքը ընդունողները, Յիսուսի ըսածը բառացի կերպով չեն ընդունիր եւ կը վերասահմանեն «սերունդ» բառը (որ յունարէնի մէջ ծննդոց (genesis) բառն է) որպէս «ազգ», եւ կ'ըսեն, թէ նախքան Հրեայ ազգը անցնի 24-րդ գլուխին խօսքերը պիտի կատարուին: Սակայն Նոր Կտակարանի Յունարէն բնագիրին մէջ «ծննդոց» (genesis) բառը յիշուած է 34 անգամ եւ բնաւ չէ գործածուած ազգ իմաստով:
Երրորդ հարցում՝ «[…] Աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»:
Յիսուս պատախանեց. «[...] Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր […]» (Մտ 24.36): Աստուածաշունչը օր կամ ժամ (նաեւ՝ մեծ օրը եւ վերջին օրը) բառերը գործածելով, կ'ակնարկէ վերջին դատաստանի օրուան, այսինքն այն ժամանակին, երբ Աստուած բոլոր մարդոցմէ հաշիւ պիտի պահանջէ (Մտ 7.22: Ղկ 10.12: Յհ 6.39, 12.48: Հռ 2.16: Ա.Կր 1.8, 3.13, 5.5: Փլպ 1.6, 1.10, 12: Յդ 1.6):
Յիսուս դատաստանի մեծ օրը կը բաղդատէ Նոյի օրերուն եղած ջրհեղեղին հետ (Մտ 24.36-39), արտին մէջ եղող երկու մարդոց (Մտ 24.40-41), գիշերը եկող գողին (Մտ 24.42-44), ծառաներէն հաշիւ պահանջող տիրոջ (Մտ 24.45-51), հարսին քով եկող փեսային (Մտ 25.1-13) եւ Տիրոջ, որ կու գայ նայելու, թէ ծառաները ինչպէս կը գործածեն իրենց տաղանդները (Մտ 25.14-30): Յիսուս իր ուսուցումը կ'ամբողջացնէ, Որդի Մարդոյ փառքով ինչպէս նաեւ Իր հրեշտակներուն հետ գալուն եւ բոլոր ազգերը իր առջեւ հաւաքուելու նիւթով (Մտ 25.31-46):
Յիսուս կը յայտնէ թէ այդ օրը անակնկալ պիտի ըլլայ. Յիսուս անգամ չի գիտեր, հրեշտակներն ալ չեն գիտեր, այլ միայն Հայրը գիտէ: