Անցեալ նիւթին մէջ (Անձնական Յարաբերութեան Կարեւորութիւնը) տեսանք, թէ Սամուէլի ծերանալէն ետք ժողովուրդը բոլոր միւս ժողովուրդներուն պէս թագաւոր մը ուզեց: Աստուած գիտէր անոնց թագաւոր ուզելու մղումը եւ ճիշդ իրենց ուզածին պէս թագաւոր մը տուաւ՝ Սաւուղը: Սաւուղ ըսել է «փափաքելի» եւ ան բոլորէն աւելի երկար ու գեղեցիկ էր:
Սաւուղ թագաւոր ըլլալու բոլոր առաւելութիւններն ու յատկութիւնները ունէր (9.1-2): Մենք ալ ունինք գեղեցկութիւնը եւ թագաւոր ըլլալու իրաւունքը Քրիստոսով (Բ.Կր 5.17: Ա.Պտ 2.9): Բայց մեզի համար ի՞նչ է գեղեցկութիւնը. արտաքի՞նը կամ Աստուծոյ կամքը կատարելը:
Սաւուղ գեղեցիկ էր, բայց Աստուծոյ կամքը կատարող մարդ չէր:
Աստուած Իր մտքին մէջ Սաւուղը ունէր, բայց Սաւուղ էշերուն ետեւէն էր (6):
Ան չունէր գործը յառաջ տանելու նկարագիրը: Ան էշերը գտնելէն առաջ հրաժարեցաւ ու որոշեց ետ դառնալ:
Սաւուղին հետ եղող մանչը անոր ըսաւ թէ Աստուծոյ մարդը այդ քաղաքին մէջ էր: Անոնք որոշեցին Սամուէլին քով երթալ էշերուն մասին հարցնելու համար: Սամուէլը թագաւորի չափ եւ աւելի հռչակաւոր էր, բայց Սաւուղ չէր գիտեր եւ ոչ ալ լսած էր անոր մասին (6):
Սաւուղը եւ իրեն հետ եղող մանչը հարց տուին, թէ ի՞նչ տանին Աստուծոյ մարդուն (7-8): Միւս կողմէ, երբ տեսան մարգարէն, տեսան որ ա՛ն տալիք ունէր (19-23):
Սաւուղ Սամուէլի միջոցաւ իր կոչումը պիտի ճանչնար, բայց Սաւուղ չէր ճանչնար Սամուէլը (10-14):
(15-17) Գիտե՞ս: Աստուած եւ Իր մարդը յաճախ քու մասիդ կը խօսին եւ քու թագաւորութեանդ ապագային մասին կը զրուցեն: Երկնքի մէջ, Յիսուս Թագաւորը քու մասիդ կը խօսի:
Մենք Սաւուղէն աւելի գիտենք թէ Աստուած ողջ է: Մենք Քրիստոսի միտքը ունինք (Ա.Կր 2.16) եւ թագաւորելու կանչուած ենք, բայց պէտք ունինք մեզի տրուած ինքնութիւնը ճանչնալու: Աստուած մեզ կանչած է գլուխ ըլլալու (Ա.Թգ 8.22), բայց պէտք ունինք մեզի տրուած ինքնութիւնը ապրելու: Արդեօք մեր կեանքը կ'ապրինք Աստուծոյ խոստումներո՞ւն համաձայն թէ՝ կեանքի պայմաններուն: