Մտ 12.8-ին մէջ, «Որդին մարդոյ շաբաթին տէրն է» ըսելով, Յիսուս Աստուծոյ հաւասար ըլլալը յայտարարեց, որովհետեւ Ծն 2.1-3-ին մէջ Աստուած Շաբաթին տէրն ու հիմնադիրն է: Յիսուս Իր հռչակածը գործնականօրէն փաստելու համար, Շաբաթ օրով մը չորցած ձեռքով մարդ մը բժշկեց (Մտ 12.9-14):
Յիսուս կ'ուզէր ցոյց տալ, որ Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ ստեղծուած մարդը անկումէն ազատելը աւելի արժէքաւոր բան է քան անասուն մը ազատելը (Մտ 12.11): Կ'ուզէր նաեւ յայտնել, թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը ինկած մարդուն հասցնելը աւելի վսեմ ու կարեւոր է քան զոհ մատուցանելու պարտականութիւնը (Մտ 12.7):
Յիսուսի կատարած բժշկութեան հետեւանք, շատ մը ամբաստանութիւններ եղան:
- Հայհոյութիւն սեպեցին (Մտ 9.1-8):
- Անմաքուր կոչեցին (Մտ 9.11-13):
- Դեւերու իշխանին հետ գործող կոչեցին (Մտ 12.22-32):
Փարիսեցիները կ'ուզէին Յիսուսի գործին արգելք հանդիսանալ: Բայց Յիսուս անոնց ամբաստանութիւն բերող ոգիին ազդեցութեան դէմ դրաւ եւ մարդը վերականգնելու գործը շարունակեց:
Յիսուս ակնկալութիւն ունէր չորցած ձեռքով մարդէն: «Այն ատեն ըսաւ այն մարդուն. “Երկնցուր ձեռքդ”: Ան ալ երկնցուց ու ողջնցաւ միւսին պէս» (Մտ 12.13):
Այս մարդը բոլորին դիմաց հաւանութիւն ցոյց տուաւ եւ ըրաւ զինք բժշկել ուզողին ըսածը: Ասոր իբրեւ արդիւնք, ան բժշկուեցաւ: Եթէ կ'ուզենք բժշկուիլ, պէտք չէ Աստուծոյ առջեւ կենանք մարդոց խօսքերուն համաձայն, այլ՝ ճշմարտութիւնը բարձրացնելով:
Այս մարդը ճանչցաւ իր իրաւունքը եւ գիտցաւ թէ Յիսո՛ւսն է այն մարդը որ պիտի բերէր իրեն բժշկութիւն պարգեւով ճշմարտութիւնը, ազատագրութիւնը եւ զօրութիւնը: Ան յանձն առաւ բոլորէն մերժուիլ, բայց ստացաւ բան մը որ ուրիշ մէկը չստացաւ:
Ողջնցաւ բառը յունարէն բնագիրին մէջ
- «Ափոքաթի՛սթիմի» ἀποκαθιστάνω, ἀποκαθίστημι [apokathistemi /ap•ok•ath•is•tay•mee/], այսինքն՝ իր բնական վիճակին վերադառնալ:
- «Ուղիի՛ս» ὑγιής [hugies /hoog•ee•ace/], այսինքն՝ ամբողջ, կատարեալ ընել. նաեւ կ'ակնարկէ ուսուցումի մը, որ բնաւ ճշմարտութենէն չի շեղիր:
Երբ մարդը ձեռքը երկնցուց, կատարելապէս բժշկուեցաւ եւ ան չփոխուող ճշմարտութեան նշանը եղաւ: Յիսուսի բժշկելը ճշմարտութիւն մըն է որ բնաւ չի շեղիր ո՛չ մէկ պայմանէ կամ պարագայէ: