«Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի 'Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է': Բայց ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է: Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք: Երբ իր ոչխարները կը հանէ, անոնց առջեւէն կ'երթայ ու ոչխարները իր ետեւէն կ'երթան, վասն զի անոր ձայնը կը ճանչնան » (Յհ 10.1-5):

Այս առակին մէջ կը տեսնենք չորս հիմնական բաներ՝ հովիւը, դուռը, դռնապանը եւ ոչխարները: Կը տեսնենք նաեւ թէ այս չորս հատը ունին յատուկ հաղորդակցութիւն մը իրարու հետ, եւ եթէ ամէն բան օրինաւոր չըլլայ դուռէն մտնելու կամ ելլելու արտօնութիւնը չըլլար:

Յիսուս կ'ըսէ որ ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, այլ ուրիշ տեղէ, անիկա գող եւ աւազակ է:

Ի՞նչ է Դուռը եւ Ի՞նչ է Նպատակը

Դուռը միակ միջոցն է տեղ մը մտնելու: Դուռը դրուած է, որպէսզի մարդիկ կարենան մտնել տեղ մը, զոր ընդհանրապէս պահպանուած է պարիսպով, պատով կամ այլ միջոցով մը:

Նպատակը մտնողին վիճակը, բնութիւնը եւ վարուելակերպը ստուգելն է: Քանի որ դուռ մը կայ, մտնողը կ'ենթարկուի այդ դուռին եւ շինուած կառոյցին:

Եթէ մէկը փորձէ օրինական դուռէն զատ տեղէ մը մտնել, ան կը կոչուի գող - աւազակ, ինչքան ալ արդարացում փորձէ տալ: Հետեւաբար եթէ մենք կ'ուզենք մտնել տեղ մը որ դուռ ունի, պէտք է այդ դուռը յարգենք:

Հոգեւոր յարաբերութեան դռները բանալու համար պիտի գործածենք հաղորդակութեան օրինականութիւնը: Եթէ հոգեւոր կեանքին մէջ ալ ճիշդ ձեւը չգործածենք մենք վնասի կ'ենթարկուինք:

Ամէն դուռ ունի իր կղպանքը եւ միայն մէկ բանալիով կը բացուի: Նոյն ձեւով ալ մեր կեանքի յարաբերութիւնները ունին դռներ եւ օրէնքներ: Ասիկա նաեւ կը վերաբերի մեր արօրեային, եկեղեցիին մէջ եւ ընկերութեան մէջ մեր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան:

Պատուհանը

Երբ մարդիկ դուռէն մտնել չուզեն, երկրորդ հեշտ ձեւը պատուհանն է: Աստուածաշունչին համաձայն պատուհանը լաւ միջոց մըն է օդ առնելու, ուրկէ նաեւ լոյս կը մտնէ: Պատուհանը կը շինուի որպէսզի տունէն ներս արեւ մտնէ, պակաս խոնաւութիւն ըլլայ, ինչպէս նաեւ օդի փոփոխութիւն ըլլայ:

Աստուածաշունչը կ'ըսէ թէ գողն է որ կը մտնէ պատուհանէն՝ գաղտնօրէն: Այն մարդիկը որոնք չեն գործածեր դուռը, կ'ուզեն երկրորդ դիւրին միջոց մը եւ կ'ընեն ապօրինի ու սխալ բան մը:

Նոյնպէս, եկեղեցիին մէջ, ընտանիքին կամ միջավայրին մէջ երբ մէկու մը յարաբերութիւնները ուղիղ չեն, ան միշտ դարձուածքներով կու գայ եւ ուղիղ չարտայայտուիր:

Մենք շատ անգամ Աստուծոյ առջեւ կը կենանք աղօթքով եւ ամէն ինչի համար կ'աղօթենք, բայց չենք խօսիր մեր սխալներուն կամ թերութիւններուն մասին: Կը գտնենք դարձուածքներ Աստուծոյ առջեւ կենալու համար, ինչ որ հետեւանքներ ունի: Աստուած մեզ տակաւին կը սիրէ բայց մենք չենք ըլլար իր սէրը վայելելու վիճակին մէջ:

Պէտք է մեր յարաբերութիւններուն մէջ ըլլանք թափանցիկ եւ անկեղծ: Երբ մեր յարաբերութիւնները ըլլան անկեղծ հիմերու վրայ, կ'ըլլայ հաղորդակցութիւն եւ գործակցութիւն:

Դուռէն մտնողը ինքնավստահ կը մտնէ, որովհետեւ գիտէ որ իրաւունքը ունի այդ դուռէն մտնելու: Ան կը մտնէ առանց վախի, առանց բան մը ծածկելու, քանի որ իր սխալը վերցնելու պատրաստակամութիւնը ունի:

(3) «Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք»:

Երբ մէկը կու գայ մտնելու տեղ մը, ուր իրեն արտօնուած է մտնել, ինք այդ տեղը մտնելու օրէնքը եւ բանալին իր սրտին մէջ ունի: Այն ատեն դռնապանը իր առջեւ դուռը կը բանայ:

Երբ մենք օրէնքը խախտենք անձնականի կամ եսի համար, դռնապանը՝ Աստուած, մեր առջեւ յարաբերութեան դռներ պիտի գոցէ: Երբ տեղ մը ձախողութիւն կ'ունենանք մտնելու, քննենք մեր սխալները: Յիսո՛ւսն է դռան օրէնքը, կղպանքը, բայց նաեւ դռնապանը:

Երբ մենք կ'ապրինք Աստուածաշունչին համաձայն, մեր առջեւ որեւէ դուռ չի կրնար գոց մնալ: Երբ կը լեցուինք Աստուծոյ խօսքին օրէնքով, ամենալաւ բանալին ունինք դուռը բանալու: Նոյնիսկ երբ մարդիկ ոչ ըսեն, Տէրը երբ «այո՛» ըսէ, Տիրոջ «այո»ն պիտի կատարուի:

Երբ մարդոց կ'աւետարանենք, գիտնանք որ մարդոց կեանքերուն մէջ դուռ մը կայ, զոր Յիսուս անգամ զարկաւ ներս մտնելու համար: Պէտք է այդ դուռը զարնելով մտնենք, եւ չփորձենք մարդոց կեանքերէն ներս իրենց կեանքի սկզբունքներուն հակառակ ձեւով մտնել: Մտնենք մարդկային յարաբերութեան սկզբունքներով՝ մեր հաւատքը գործածելով, որպէսզի իրենք եւս կարենան վայելել մեր ունեցած օրհնութիւնն ու փորձառութիւնը:

Նախորդ Հրապարակում Մօր Բնոյթը
Յաջորդ Հրապարակում Բոլոր Բաները՝ Մէկ Նպատակի Համար