Ծննդոց 27.9-ին մէջ կը կարդանք. «Հիմա դէպի հօտը գնա՛ ու անկէ ինծի երկու աղէկ ուլ բե՛ր այծերէն եւ անոնցմէ քու հօրդ համար խորտիկներ պատրաստեմ իր սիրածին պէս»:

Իսահակ եւ Ռեբեկան ունէին երկու տղաք. Եսաւը եւ Յակոբը: Իսահակը կը սիրէր Եսաւը, իսկ Ռեբեկան՝ Յակոբը:

Եսաւ պիտի երթար արտ, հօրը առջեւ որսը պիտի բերէր ու որպէս անդրանիկ զաւակ պիտի ստանար անոր վերջին օրհնութիւնը, բայց Ռեբեկան կը համոզէ Յակոբին որ Եսաւէն առաջ երթայ արտ եւ որսը հօրը բերէ:

Յակոբ արդէն իսկ եղբօր հետ խաբեբայական ուխտ մը ըրած էր, եւ Եսաւ անոր ծախած էր իր անդրանկութեան իրաւունքը ապուրի փոխարէն: Եսաւ իր իրաւունքներէն հրաժարած էր, բայց Ռեբեկան նաեւ կ'ուզէր որ Յակոբ առնէ իր հօր վերջին օրհնութիւնը: Այսպիսով ան Յակոբին պատուիրեց «Գնա՛ եւ ինծի ուլ մը բե՛ր, ես անմիջապէս պատրաստեմ քու հօրդ սիրածին պէս»:

Ռեբեկան, որպէս տան մայրը եւ Իսահակի կինը, գիտէր թէ հայրը ի՞նչ կը սիրէր եւ ունէր գիտակցութիւնը թէ երբ Իսահակին առջեւ դրուէր իր պատրաստածը, Իսահակ պիտի հաճէր եւ օրհնէր:

Պատմութեան շարունակութեան մէջ կը տեսնենք թէ Իսահակ՝ աչքերը տկար ըլլալուն համար, չի կրցաւ զանազանել եւ գիտնալ թէ իր առջեւինը Յակոբն էր եւ ոչ Եսաւը:

Մօր մը Բնոյթը

Այս պատմութեան մէջ կը տեսնենք մօր մը բնոյթը. Մայր մը գիտէ եւ կը հասկնայ թէ հայրը ի՞նչ եւ ի՞նչպէս կը սիրէ, եւ հետեւաբար թէ Աստուա՛ծ ի՞նչպէս կը սիրէ...

Մայրերու օրուան առթիւ, կ'ուզենք շնորհակալ եւ երախտապարտ ըլլալ ատոր համար, եւ երախտապարտ ըլլալով՝ մեր յարաբերութիւնը աւելի լաւ հիմերու վրայ դնել մեր մայրերուն հետ:

Չնայինք մեր մայրերուն` հարցերուն թելադրած ձեւով, այլ նայինք մեր մայրերուն որպէս հոգացողներ, որոնք սկիզբէն իսկ այդ զոհողութիւնը ձրիօրէն յանձն առին:

Երբ կը խօսինք մօր բնոյթին մասին, «բնոյթ» բառը եկած է լատիներէն «նաթուրա» բառէն եւ կը նշանակէ ծնունդ կամ նկարագիր: Երբ կը խօսինք մօր մը բնոյթին մասին, կը խօսինք անոր ամբողջ ինքնութեան եւ նկարագիրին մասին:

Այս բնոյթը մօր մը տրուած է Աստուծոյ՝ ստեղծողին կողմէ, որպէսզի մայրը իր ներդրումը ունենայ իր ընտանիքին, ազգին եւ աշխարհի մէջ ու մարդիկ կարենան վայելել Աստուծոյ խնամող ու սիրող յատկութիւնները:

Մօր Տուող բնոյթը

Մօր մը բնոյթը երկնաւոր հօր տուող նկարագիրը կը ներկայացնէ: Առանց մօր յատկութիւններուն, տունը կ'ըլլայ միայն շէնք մը եւ բնակարան մը:

Տղամարդը եւ կինը ունին տարբեր բնոյթներ, եւ ինչքան ալ տղամարդը օգնէ իր կնոջ, ան բնաւ չի կրնար մօր մը տեղը առնել: Կարեւոր է ամէն մէկուն բնոյթը արժեւորուի եւ բարձրանայ, որպէսզի ընտանիքներուն մէջ ըլլայ Աստուծոյ կողմէ սահմանուած պատկերը եւ ընտանիքները ըլլան Աստուծոյ աւելի մօտ:

Ընդհանրապէս տուող բնոյթ ունեցող բաները մայր կը կոչուին, ինչպէս օրինակ մայր բնութիւնը, մայր եկեղեցին:

Բանաստեղծ Ուիլյըմ Պուսխը ըսած է՝ «Մայր դառնալը այդքան դժուար չէ, սակայն մայրութիւն ընելը շատ դժուար է»: Մայրութիւն ընելը լուրջ գործ է եւ ընտանիքներէն ներս մայրութեան գործը պէտք է արժեւերուի:

Ի՞նչպէս գնահատենք

Պատրաստենք ցուցակ մը բաղկացած 31 գործերէ, զորս մեր մայրերը կ'ընեն: Գործեր, որոնց համար հազուադէպօրէն երախտապարտ կամ շնորհակալ կ'ըլլանք, որովհետեւ բնական կը սեպենք որ անոնք ընեն:

Մէկ ամսուան տեւողութեան վրայ, անոր ամէն օր գովասանքի խօսք մը ըսենք իրենց բարի գործերուն կամ յատկութիւններուն մասին: Կրնանք ծաղիկ առնել, պտոյտի տանիլ...

Ես 66.12-13-ին մէջ Աստուած իր հոգածութիւնը կը նմանցնէ մօր մը հոգածութեան: Աստուծոյ սէրը եւ հոգածութիւնը աշխարհի վրայ կ'երեւին մայրերուն միջոցաւ եւ իւրաքանչիւր անձ կրնայ իր առօրեային մէջ իր մօրմէն հրաշք վայելել:

Յիսուս եւս նոյն պատկերը կու տայ մայրութեան մասին երբ Երուսաղէմի հանդէպ իր սէրն ու մտահոգութիւնը կը նմանցնէ հաւու մը օրինակին, որ իր ձագերը իր թեւերուն տակ կ'առնէ:

Քրիստոնեայ մայրը իր զաւկին համար աղօթքով կը կենայ եւ անոր մտահոգութիւնը կը բնակերպէ Աստուծոյ սէրը իր որդիներուն հանդէպ: Քրիստոնեայ մօր զոհուող գութը կը բնակերպէ Աստուծոյ զոհուող սիրտը (Բ.Կր 8-9): Քրիստոնեայ մօր համբերութիւնը կը բնակերպէ Աստուծոյ համբերութիւնը իր որդիներուն համար:

Օկոսդինոսի մայրը ծնկաչոք կ'աղօթէր իր կամակոր տղուն համար. ան կ'ըսէ. «Աստուածավախ մայրը երբեք պիտի չդադրի իր զաւակներուն համար աղօթելէն ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց պայմանն ու պարագան»:

Եզրափակութիւն

Մայրութիւնը բաժին մըն է Աստուծոյ ստեղծագործ ծրագիրին՝ աշխարհին սէր եւ հոգածութիւն բերելու համար: Երբ մայրութիւնը արժեւորենք, տուողը՝ զԱստուած գնահատած եւ արժեւորած կ'ըլլանք, ինչ որ մեր կեանքին մէջ կը դառնայ օրհնութեան աղբիւր:

Նախորդ Հրապարակում Մովսէս Եւ Իր Անապատը
Յաջորդ Հրապարակում Դուռ եւ Պատուհան (Յովհաննու 10)