« Նմանապէս, երբ կ’աղօթես՝ կեղծաւորներուն մի՛ նմանիր, որոնք կը սիրեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու անկիւնները կեցած աղօթել, որպէսզի մարդիկ իրենց աղօթելը տեսնեն: Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Դուն երբ կ’աղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ: Եւ Հայրդ որ անտեսանելի է ու կը տեսնէ կատարածդ, քեզի պիտի հատուցանէ յայտնապէս»:

Տէրը կ'ըսէ որ «ներքին սենեակդ» մտնես եւ աղօթես:

Ի՞նչ ըսել է «ներքին սենեակ» եւ ո՞ւր է աղօթողին ներքին սենեակը:

Յունարէն ստուգաբանութեան մէջ, «ներքին սենեակ»՝ «դամէօն», կը նշանակէ.

  • Դրամարկղ (Cash desk), այսինքն՝ ճաշարանի կամ խանութի մը մէջ տեղ մը, ուր յաճախորդը կրնայ վճարել:
  • Ելք՝ վճարելէ ետք դուրս գալու համար (checkout): Այսինքն՝ վերջին տեղը, երբ հաշիւը կը փակենք:

Ներքին սենեակը դրամարկղ մըն է, ելքի տեղը: Այն տեղն է, ուր մեր բոլոր գնած բաներուն հաշիւը կը փակենք:
Երբ կ'ուզենք աղօթք կատարել, պէտք է մտնենք մեր ներքին սենեակը, մենք մեզ ենթարկենք հաշիւ տալու մեր սխալներուն եւ կատարածներուն համար:
Ճիշդ ձեւով կատարուած աղօթքին փոխարէն պատասխան պիտի ստանանք:

 

Նախորդ Հրապարակում Այս բաներէն յետոյ - Հովիւ Սերժիօ Տիաս
Յաջորդ Հրապարակում Կոչումիդ Կառչած մնա՛ - Եղբ. Աւետիս Գազազեան