Գրծ 1.8-ին մէջ կը կարդանք. «Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք [...]»:
Պէտք է ամէն օր օծուած ըլլանք, որովհետեւ բոլորս ալ օծութեան պակասը կը զգանք կամ կ'ունենանք:
Ի՞նչպէս կը ստանանք թարմ օծութիւն:
Ժղ 9.8-ին մէջ կը կարդանք՝ «Հանդերձներդ ամէն ատեն ճերմակ թող ըլլան ու գլխուդ վրայէն իւղը պակաս թող չըլլայ»:
- «Հանդերձդ», այսինքն՝ ամբողջ Քրիստոնէական նուիրումդ եւ կեանքդ (հմմտ Յյտ 19.7-9, 6.9-11):
- Ակնարկութիւն է նաեւ ամօթը գոցելու (հմմտ Յյտ 4.18):
- Երբ Տէրը մեզ կ'օծէ թարմ օծութեամբ, մեր կեանքի գաւաթները «խիստ լեցուն» (Սղ 23.5) կը դարձնէ. «Իմ գլուխս իւղով կ'օծես իմ բաժակս խիստ լեցուն է»:
- Տիրոջ մեզ օծելը կը խօսի ծառայելու իշխանութեան մասին:
- Գլուխը իւղով օծելը, խորհրդանշաբար ակնարկութիւն է իշխանութեան:
Հանդերձներդ
Ժղ 9.8-ին մէջ կ'ըսէ՝ «Հանդերձներդ ամէն ատեն ճերմակ թող ըլլան»: Թարմ օծութիւնը կու գայ միայն երբ հանդերձներդ ճերմակ են: Այսինքն.
- Երբ կ'ապրիս արդարկեանքը:
- Արդարութիւնը օրինական իրաւունք մըն է, զոր կը ստանանք Տիրոջմէ՝ ապրելու համար արդար կեանքը գիտակցօրէն եւ զօրութեամբ (Հռ 5.1, 8.1-6):
- Մեղաւորները չեն կրնար այդ առաւելութիւնը ունենալ:
Հաստատեց
- «Վէվէօ՛» - Ամրացնել
- Օծեց:
- Թարմացի՛ր:
Բ.Կր 1.21-ի մէջ կը կարդանք, թէ Տէրը «[...] Քրիստոսով հաստատեց ու մեզ օծեց»:
«Հաստատեց» բառը յունարէն բնագիրին մէջ «վէվէօ՛» բառն է, որ կը գործածուի նաեւ որպէս «ամրացնել»: Ուրեմն մեզ կանչողը մեզ կը հաստատէ ինչպէս նաեւ կ'ամրացնէ մեզ:
- Բոլոր հաւատացեալները կանչուած են օծուելու:
- «Քրիստոնեայ» ինքնին կը նշանակէ օծեալ կամ օծուածներ:
- Սա կը նշանակէ, թէ դուն պէտք է միշտ նորոգուիս եւ թարմանաս:
Ինքնաշարժին մէջ դրուած իւղին օրինակը առնենք, որ ատեն-ատեն կը փոխենք.
- Եթէ իւղը չփոխես շարժակին աշխատանքը պիտի դժուարանայ եւ վերջապէս անիկա պիտի աւրուի:
Ուրեմն ոչ ոք կրնայ առանց թարմ օծութեան գործել:
Պօղոս կ'ըսէ. «[...] Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք» (Եփ 5.18):
- «Լեցուիլ» բառը կ'ակնարկէ ամէն օր թարմ օծութեամբ լեցուելուն եւ նորոգուելուն: Անիկա կը նշանակէ.
- Մինչեւ վեր լեցուիլ
- Գիտակցութեան հասցնիլ
- Պաշտօնին մասին գիտակից լեցունութիւն շնորհել
- Վաւերացնել
Ատոր համար, ամէն օր Տիրոջ հետ յարաբերութեան կարիքը ունինք. Տէրունական աղօթքին օրինակով՝ «Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր» (Մտ 6.11):
Խօսքը եւ Իւղը
- Տիրոջ հետ ըլլանք
- Խօսքը ուտենք մեղրի պէս
- Իւղով օծուինք՝ ծառայելու համար
Ամէն օր խնդրենք Հօրմէն, որ տայ մեզի ոչ միայն խօսքը, հապա նաեւ՝ իւղը, օծութիւնը:
Բ.Օր 32.13-ին մէջ կը կարդանք. «Զանիկա երկրի ԲԱՐՁՐ տեղերուն վրայ հանեց, որպէսզի արտերուն պտուղը ուտէ ու անոր վէմէն՝ մեղր ու ապարաժ վէմէն իւղ ծծել տուաւ» (շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):
- Բարձր տեղ, այսինքն՝ Աստուծոյ հետ ըլլանք
- Մեղր, այսինքն՝ խօսք
- Իւղ, այսինքն՝ օծութիւն
Օծութիւնը
Ա.Յհ 2.27-ին մէջ առաքեալը կը պարզէ, թէ օծութիւնը, զոր Քրիստոսէն ընդունեցինք ԻՐՄԷ է, այսինքն՝ Ինքն է եւ ոչ թէ Իր ունեցածէն, որ մեզի տուաւ: Մեզի տալով, Իր ունեցածէն չպակսեցաւ: Ուրեմն մեր օծութիւնը Իրմէ է մեզի՝ աստուածաշնչական իւրաքանչիւր խօսքի հոգեւոր փորձառութիւնը սորվեցնելու համար:
- Քու մէջդ կը բնակի: Սուրբ Հոգին Անոր չէ տրուած քանակով, հապա ամբողջապէս (Յհ 3.34): Քու լեցունութիւնդ կու գայ Անոր լեցունութենէն (Կղ 2.9-10):
- Քու մէջդ ըլլալը քեզի կը սորվեցնէ:
- Իսկ քու վրադ ըլլալը կ'օգնէ, որ ծառայես: Առանց այդ օծութեան, չենք կրնար ծառայել:
Օծութիւնը եւ Արիւնը
- Լուացուէ՛
Յիշուած օծութիւնը կ'աւելնայ եւ կը մնայ միայն Քրիստոսի թափած անգին արիւնով:
Հռութ 3.3-ին մէջ կը կարդանք. «Դուն լուացուէ՛ ու իւղով օծուէ՛ եւ լաթերդ հագի՛ր ու կալը իջի՛ր եւ մինչեւ որ ուտելն ու խմելը չլմնցնէ, այն մարդուն մի՛ յայտնուիր»:
Լուացուէ՛ եւ իւղով օծուէ՛, կ'ըսէ:
- Չես կրնար թարմ օծութիւն ստանալ եթէ լուացուած չես: Այսինքն՝ ամէն օր լուացուած Յիսուսի փրկարար արիւնով:
- Խօսքո՛վ Լեցուէ
Յոբ 29.6-ի մէջ կ’ըսէ՝ «Երբ իմ ճամբաներս կոգիով կը թրջէի ու ապառաժէն ինծի համար ձէթի հեղեղներ կը վազէին»:
- Երբ Տիրոջ Խօսքը կը լսես եւ Անոր ճամբաներուն մէջ կը քալես, ժայռէն՝ Տիրոջմէն, թարմ օծութիւնը հեղեղի պէս պիտի հոսի:
Նախ խնդրէ՛ Տիրոջմէ, որ մաքրէ քեզ, եւ միաժամանակ խոստովանէ՛ մեղքերդ եւ յանցանքներդ ամէն օր:
Եթէ չխոստովանինք եւ չմաքրուինք արիւնով, Խօսքը կարդալէն բան մը պիտի չհասկնանք:
- Յարատեւ Աղօթէ՛
Հալածանքները շատ անգամ կ'օգնեն մեզի թարմ եւ նոր օծութիւն ստանալու:
- Երբ հալածանք, ճնշում եւ դժուարութիւն ունենաս, օգնութիւն ստանալու համար բաց կ'ըլլաս: Ատիկա կը նշանակէ, թէ դուն թարմ օծութիւն խնդրելու եւ ստանալու ներքին պատրաս վիճակը ունիս եւ հետեւաբար կրնաս այդ պապակէն աղաղակել:
- Կէս սիրտով աղօթքը լման չ'օրհնուիր:
- Գրծ 4.23-31 - Աղօթեցին պէտքէ մը մղուած՝ Խօսքին կառչած եւ Տիրոջ վստահելով:
Տէրը կ'ուզէ քեզ օրհնել եւ քեզմով երկիրը փոխել: Կառչէ՛ Խօսքին եւ մաքրուէ՛ արիւնով, եւ Սուրբ Հոգին զօրութեամբ պիտի լեցնէ քեզ: