Յհ 4.43-54-ին մէջ կը տեսնենք հաւատք մը, որ թէեւ շատ գիտութիւն չունի, բայց կատարեալ հնազանդութիւն ունի: Կը նկատենք նաեւ, թէ Յիսուս կը գնահատէ այդ հաւատքը եւ կ'արտօնէ, որ այդ բժշկութիւնը տեղի ունենայ:

Կարդանք.

«43Երկու օր ետք Յիսուս հոնկէ մեկնեցաւ եւ Գալիլեա գնաց: 44Յիսուս ինք ըսած էր, թէ մարգարէն իր գաւառին մէջ յարգ չունի, 45բայց երբ Գալիլեա հասաւ, Գալիլեացիները զինք ընդունեցին, որովհետեւ իրենք ալ տօնին առիթով Երուսաղէմ գացեր էին եւ տեսեր այն բոլոր հրաշքները, որ գործեր էր տօնին ժամանակ: 46Յիսուս դարձեալ եկաւ Գալիլեայի Կանա քաղաքը, ուր ջուրը գինիի փոխած էր: Պալատական մարդ մը կար, որուն որդին հիւանդ էր Կափառնաումի մէջ: 47Անիկա երբ լսեց թէ Յիսուս Հրէաստանէն Գալիլեա եկած է, գնաց Յիսուսի մօտ եւ աղաչեց որ Կափառնաում երթայ եւ բժշկէ իր որդին, որ մահամերձ էր: 48Յիսուս ըսաւ անոր. “Մինչեւ որ նշաններ եւ հրաշքներ չտեսնէք՝ պիտի չհաւատաք”: 49Պալատականը ըսաւ. “Տէ՛ր, երթա՛նք, քանի տակաւին զաւակս չէ մեռած”: 50Յիսուս ըսաւ. “Գնա՛, զաւակդ ողջ է”: Պալատականը հաւատաց Յիսուսի խօսքին ու գնաց: 51Մինչ կ'երթար, իր ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ աւետեցին՝ ըսելով. “Տղադ առողջացաւ”: 52”Ո՞ր ժամուն ապաքինեցաւ զաւակս”, հարցուց պալատականը ծառաներուն: Անոնք պատասխանեցին. “Երէկ կէսօրէ ետք ժամը մէկ էր, երբ տաքութիւնը գնաց”: 53Այն ատեն հայրը անդրադարձաւ՝ թէ ճիշդ այն ժամուն էր, երբ Յիսուս ըսաւ իրեն՝ “Գնա՛, զաւակդ ողջ է”: 54Ասիկա երկրորդ հրաշքն էր, որ Յիսուս կատարեց Հրէաստանէն Գալիլեա գալէն ետք»:

Պալատականը (Հմր 43-47)

Պալատականը հարուստ, ճանչցուած եւ իշխանութիւն ունեցող մէկն էր: Իր պէտքէն մղուած Յիսուսի դիմեց: Պատմութիւնն ալ ատիկա կը պարզէ: Սակայն իր հնազանդող հաւատքը յատուկ էր եւ պէտք է նկատի առնենք:

Պալատականը վստահաբար դիմած էր բոլոր նիւթական եւ իր դիրքին արտօնած միջոցներուն, բայց օգուտ մը չէր տեսած բնաւ:

Տէր Յիսուս (Հմր 48)

Տէր Յիսուս քիչ մը կարծր պատասխան տուաւ պալատականին, որովհետեւ թէեւ բժշկութեան կամ հրաշքներու նշանները լաւ միջոցներ են հաւատք ներշնչելու, բայց Ան կը մերժէ, որ միայն անոնք ըլլան պատճառը մեր Յիսուսը ընդունելուն:

Անկատար Հաւատք

Պալատականը կը հաւատար, թէ Յիսուս կրնար բժշկել իր զաւակը, բայց չէր գիտեր, թէ մահը Յիսուսի գործին արգելք չէր կրնար ըլլալ: Պալատականը միայն այդքան գիտէր: Արդեօք Յիսուս ի՞նչ կը տեսնէր անոր մէջ:

«Գնա՛, Զաւակդ Ողջ Է» (Հմր 50)

Պալատականը 33-էն 38 քիլոմեթր ճամբայ կտրեց Կափառնաումէն դէպի Կանա: Յիսուս կարծր պատասխան տուաւ: Անկէ ետք անմիջապէս ըսաւ՝ «Գնա՛, զաւակդ ողջ է»:

Պալատականը կրնար մտածել...

  • «Արդեօք ինձմէ ազատելու համա՞ր այդպէս ըսաւ»:
  • «Աղօթք մըն ալ չըրաւ»:

Պալատականը հաւատացՅիսուսի խօսքին եւ անմիջապէս ճամբայ ելաւ:

  • Հաւատաց, թէեւ հեռու տեղէ եկած էր:
  • Հաւատաց, առանց փաստ մը կամ նշան մը ուզելու եւ կամ կասկածներ ունենալու:

Պալատականին համար, կարեւորը Յիսուսէն խօսք մը ստանալն էր:

  • Անոր խօսքը տիեզերական եւ վերջնական սեպեց:
  • Յիսուս տղուն քով գտնուածի պէս խօսեցաւ:
  • Պալատականին համար Յիսուս կարող էր տեսնելու իր զաւակը:
  • Պալատականին համար, կարեւոր էր, որ Յիսուս խօսեցաւ:

Որդին Առողջացաւ...

... Խօսքին պատճառով

Պալատականին հաւատացածին համաձայն որդին առողջացաւ: Ան բժշկուեցաւ այն պահէն, երբ Յիսուս ըսաւ՝ «Գնա՛, զաւակդ ողջ է»:

  • Տէր Յիսուսի խօսքը հօրմէն արա՞գ ճամբորդեց եւ բժշկեց: Թէ կարելի է ըսել, թէ Տէր Յիսուսի խօսքը ժամանակներու օրէնքին համաձայն չի գործեր: Անոր խօսքը ամենուրէք է: Ամենակալ է: Ամենատես է: Հաւատալուն պատճառով, տղուն հայրը շահեցաւ իր որդիին բժշկութիւնը:
  • Յիսուսի խօսքը հասցէի կարիք չունեցաւ: Տղան գտնելու դժուարութիւն չունեցաւ: Ան՝ Խօսքը, ամենուրէք ըլլալը կը ներկայացնէ. ամէն տեղ եղողը հասցէի պէտք չունի:
  • Տէր Յիսուս հիւանդութեան տեսակը գիտնալու պէտք չունէր: Անոր խօսքը ամէն բանէ վեր է. ամենահնար է: Խօսքին զօրութեամբ ամէն բան կը բժշկուի:

Դուն ո՞վ ունիս տանդ, գործիդ կամ միջավայրիդ մէջ, որ հիւանդ է կամ դժուարութիւն, անգործութիւն եւլն. ունի:

  • Յիսուս հոն ներկայ է: Խնդրէ, որ խօսի անոնց համար եւ հաւատքով ընդունէ զանիկա, ու պիտի տեսնես բժշկութիւն եւ յաջողութիւն:
  • Փորձէ տեսնել հաւատքովդ, թէ Անոր խօսքը տիեզերական է, ամենուրէք, ամենակալ, ամենատես եւ ամենահնար է:
Նախորդ Հրապարակում Թարմ Օծութիւն
Յաջորդ Հրապարակում Փոխանցուող Իշխանութիւնը