Պօղոս կ'ուզէ ցոյց տալ հիմնական վարդապետական գիտելիք մը, թէ՝ Քրիստոնէական կեանքը յաջողապէս ապրիլը կախեալ է Քրիստոնէական դաստիարակութենէն եւ ուսուցումներէն:
Երբ Սատանան յաջողի անտարբեր պահել հաւատացեալը, կը յաջողի նաեւ զայն թոյլ եւ անզօր պահել:
Այս հատուածին միջոցաւ Պօղոս բեռ չ'աւելցներ կամ պարտականութիւն չի տար հաւատացեալին, հապա կը թելադրէ անոր, որ ճանչնայ Քրիստոսով մեռած եւ ետքը յարութիւն առած իր ինքնութիւնը:
Ինչպէս որ ճանչցուած էինք մեռած եւ դատապարտուած Ադամով, այդպէս ալ հիմա ճանչցուած ենք արդար եւ կենդանի Քրիստոսով:
The Bible Exposition Commentary–ին մէջ շատ գեղեցիկ յորդոր մը կը գտնենք: Հռ 5.12-ին մէջ Պօղոս այլեւս «մեղքեր» բառը չի գործածեր, այլ՝ «մեղք» բառը, որ ընդհանուր իմաստ ունի: Ըսել կ'ուզէ, թէ Յիսուս Քրիստոս չմեռաւ սոսկ մարդոց մեղքերուն համար, հապա մեռաւ ընդհանրապէս մեղքը վերցնելու համար՝ անոր արմատը փճացնելու համար (հմմտ Եբր 2.14-15), եւ այդպիսով, հաւատացողները ստացան մեղքերու թողութիւն:
Փոխանորդական զոհով Յիսուս Իր վրայ առաւ մեր ինքնութիւնը, եւ փոխարէնը մեզի տուաւ նոր ինքնութիւն մը (Հռ 3.21--5.21):
Յիսուս մեզի համար մեռաւ, մեր մեղքերուն համար: Ան մեղքին պարտքը վճառեց եւ արդարութիւնը դրուեցաւ մեր հաշիւին մէջ: Մենք Անոր մահով փրկուեցանք:
Անոր հետ մեռանք: Ան մեռաւ մեղքին համար եւ մեղքին զօրութիւնը կոտրեց: Մենք արդարութիւնը ստացանք եւ Ան մեր կեանքէն մաս մը եղաւ: Անոր կեանքով մենք փրկուեցանք (Հռ 6 - - 8):
Ուրեմն, հաւատքով արդարանալը սոսկ օրինական գործ մը չէ մեր եւ Աստուծոյ միջեւ, հապա ողջ յարաբերութիւն մը, որ կեանք կը շնորհէ:
Հաղորդակից Մահուան
(3)Երբ Քրիստոսի կը միանանք, մեր հին կեանքին վերաբերող բաները կը մեռնին, որովհետեւ հաղորդակից եղած կ'ըլլանք Անոր մահուան:
Կա՛մ այդ բաները կը մեռնին կա՛մ ալ Քրիստոսի բերած բարիքներէն զրկուած կեանք մը կ'ապրինք: Այդ բաները մեր հին մարդը եւ մեղանչական կեանքն են (6):
Նոր ինքնութիւնը մեղքին չի ծառայեր որեւէ ձեւով եւ որեւէ պատճառով (հմմտ Գղ 2.20):
Կցորդ Փառքին (4-5)
(4) Թաղուելով է, որ մահուան հաղորդ եղանք եւ ոչ սոսկ Քրիստոնեայ կոչուելով (հմմտ Ա.Կր 13.5: Եփ 4.1): Նպատակով մը յանձն առինք ատիկա, որպէսզի Քրիստոսի փառքին հաղորդակից ըլլանք:
(5) Այսինքն՝ բոլոր այն բաժինները, որոնք չեն մեռած, Քրիստոսի փառքը չեն վայելեր (Հռ 8.9): Այդ պատճառով է, որ կարգ մը հաւատացեալներ չեն օրհնուիր կամ չեն վայելեր խոստումները:
Կ'ապրինք Նոր Կեանքը (8-9)
Կ'ապրինք այն նոր կեանքը, որ մեռելներէն յարութիւն առնելով ստացանք՝ Քրիստոսով:
Մեր պարտականութիւնն է ապրիլ՝ մեռած մեղքէն եւ կենդանի Աստուծոյ:
(10-11) Քրիստոս մեռաւ մէկ անգամուան համար, եւ հիմա կենդանի է Աստուծոյ համար: Նոյնպէս մենք, կը մեռնինք աշխարհին ու մեղքին համար եւ կը սկսինք ապրիլ Աստուծոյ համար, որովհետեւ մեր կեանքը Քրիստոսի հետ պահուած է երկինքի մէջ (Կղ 3.2-3):
(12-14) Որպէսզի մեղքի թագաւորութիւնը չիշխէ մեր մահկանացու եւ մարմնաւոր տկար բնութեան վրայ՝ զայն ցանկութեան հնազանդեցնելու նպատակով, անհրաժեշտ է, որ մեր անձերը մեռած պահենք մեղքէն եւ կենդանի՝ Քրիստոսով:
(13) Հաւատացեալը կրնայ եւ ունի զօրութիւնն ու գիտութիւնը մեղքին անձնատուր չըլլալու: Աստուծոյ խօսքէն հեռու եղող ամէն սովորութիւն եւ վարժութիւն մեզ անիրաւութեան գործիք կը դարձնէ, իսկ Աստուծոյ յանձնուելու գործողութիւնը մեզ Աստուծոյ ձեռքին մէջ գործող գործիք կը դարձնէ (հմմտ 16):
(14) Եզրակացութիւնը այն է, որ երբ շնորհքի զաւակ ենք, մեղքը պէտք չէ կարենայ իշխել մեր վրայ:
(17-18)Սրտանց հնազանդութիւնը այն բանալին է, որ կ'ազատէ մեղքի տիրապետութենէն եւ արդարութեան ծառայ կը դարձնէ քեզ:
(20-21) Երբ հաւատացեալը մեղքի կամ սխալի մը մէջ ըլլայ, կը զգայ ատոր հետեւանքը, ատիկա կը տանջէ ու կը չարչարէ զինք, որովհետեւ անոր հետեւանքը մահ է: Ատիկա մարդը կը հեռացնէ Աստուծմէ եւ այդպիսով Քրիստոսի մօտեցնելու գործը (Եփ 2.13-15) կը խափանուի:
(22) Մեր հոգեւոր կեանքի շահը կը սկսի երբ կը նուիրուինք սրբութեան կեանքին, որուն կատարելութիւնը կամ տիպարը յաւիտենական կեանքն է: