Այս գլուխին մէջ, Պօղոս կը հետապնդէ հիմնական երկու նպատակներ:
- Հիանալի առանձնաշնորհում մըն է Քրիստոնեայ ըլլալը: Մեր արդարանալը միայն երկինք երթալու խոստում մը չէ, հապա ներկայ ժամանակին օրհնութեան աղբիւրը վայելելու համար է:
- Արդարութիւնը եւ օրհնութիւնները մնայուն են: Պօղոս կը փորձէ հաստատել, թէ արդարութիւնը չի կորսուիր, ինչ ալ ըլլան պայմանները:
«Արդ՝ մենք հաւատալով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով » (Հռ 5.1):
Խաղաղութիւն՝ Աստուծոյ հետ
Եսայի երկու համարներու միջոցաւ կը պարզաբանէ խաղաղութեան գաղափարը՝
- «Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան. կ՝ըսէ Տէրը» (48.22):
- «[...] Արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան » (32.17):
Դատապարտութեան ենթակայ անձը մեղաւոր է եւ հետեւաբար՝ Աստուծոյ հետ պատերազմի մէջ, մինչ արդարացածին եւ Աստուծոյ միջեւ խաղաղութիւն կայ:
Մօտենալ Աստուծոյ (Հռ 5.2)
Տաճարին օրերուն, վարագոյրէն անդին չէին կրնար անցնիլ՝ Տիրոջ ներկայութեան մտնելու համար: Քրիստոսի միջոցաւ կը մօտենանք Աստուծոյ շնորհքին, որովհետեւ պատը վերցուեցաւ (Մտ 27.51: Եփ 2.14) եւ մուտքը բոլորին արտօնուած է (Եփ 2.18: Եբր 10.19-25), վայելելու համար աներեւակայելի բարիքները (Եփ 1.7, 2.4, 3.8):
Մենք այսօր Աստուծոյ Փառքին Յոյսով Կը Պարծենանք (2): Ասիկա կը նշանակէ, թէ՝
- Աստուծոյ հետ խաղաղութիւնը կը հոգայ «անցեալ»ին:
- Աստուծոյ ներկայութեան մտնելը կը հոգայ «ներկայ»ին:
- Աստուծոյ փառքին յոյսով պարծենալը՝ ուրախանալը, կը հոգայ «ապագայ»ին:
Ներկայէն մինչեւ ապագայ հասնիլը հովանաւորուած պիտի ըլլայ Աստուծոյ փառքով:
Քրիստոնէական Նկարագիր (Հռ 5.3-4)
Արդարանալ չի նշանակեր՝ փախչիլ նեղութենէն եւ փորձութենէն:
«[...] Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք [...]» (Յհ 16.33):
Փորձութիւնները կ'ըլլան ի շահ հաւատացեալին եւ ոչ անոր դէմ: Նեղութիւնները չեն կրնար մեզ բաժնել Տիրոջմէն (Հռ 8.35-39):
Նեղութիւնները կը կերտեն մեզ եւ կը շնորհեն «Քրիստոնէական նկարագիր»: Հռ 5.4-ին մէջ գործածուած «փորձութիւն» բառը կը նշանակէ՝ փորձուած նկարագիր:
Յոյսը եւ Աստուծոյ Սէրը (Հռ 5.5-8)
Երբ յոյսով կը սպասենք, Աստուծոյ սէրը մեր մէջ կը հոսի՝ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ:
Հռ 5.1-ին մէջ, հաւատացեալը խաղաղութիւն կը գտնէ, 2-ին մէջ՝ պարծանք եւ ուրախութիւն, իսկ 5-ին մէջ, Աստուծոյ սէրը կը ներգործէ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ: Այդպիսով, Սուրբ Հոգիին երեք պտուղները կը կատարուին հաւատացեալին կեանքին մէջ:
Նոր Արարածը եւ Նոր Նայուածքը (Հռ 5.12-21)
Ադամով մահը տարածուեցաւ, իսկ Քրիստոսով՝ շնորհքը, որ անբաղդատելիօրէն աւելի ազդու է (12,15-16):
«[...] Շնորհքը շատ մեղքերէ արդարութեան տարաւ» (16):
Աշխարհը կը մղէ, որ ապրիս մեղքին տակ, բայց շնորհքը անկէ զօրաւոր է (Ա.Յհ 4.4):
(Հմր 17)Կեանքի պայմանները կը մղեն, որ նայիս մահուան հետքերուն եւ ազդեցութեան, բայց Սուրբ Հոգին կը բժշկէ մահկանացուն (Հռ 8.11), երկնքի թագաւորութեան զօրութեամբ: