Աստուծոյ հետ մեր ուխտը Քրիստոսով մեծ օրհնութիւն է. կը տարածուի մեր հոգեւոր եւ մարմնաւոր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ եւ կը ծածկէ զանոնք: Մեզ կը բարձրացնէ, որպէսզի ժառանգենք երկիրը եւ ըլլանք օրհնութիւն աշխարհին՝ ամէն բանի մէջ:
Սով (Ծն 26.1-2)
Սով- Ընդհանրապէս կը պատահէր իբրեւ հետեւանք մեղքի եւ Աստուծմէ հեռու ըլլալու:
- Սովը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ վաճառականութեան, ժողովուրդին յարաբերութիւններուն եւ բարոյականին ու ապրելակերպին վրայ:
Աստուծոյ Խոստումը Իսահակին (Ծն 26.1-2)
Երբ սովը եղաւ, Աստուած չուզեց, որ Իսահակ իջնէ Եգիպտոս, հապա ուզեց, որ մնայ այդ երկիրին մէջ: Աստուած կ'ուզէր Աբրահամին հետ կատարած ուխտը ՅԱՅՏՆԵԼ նաեւ Իսահակին: Այսինքն՝ յայտնել Իսահակին, թէ իր հօրը Աբրահամին հետ կատարուած ուխտը պիտի շարունակուէր իրեն հետ ալ:
Իսահակ արդէն ժառանգորդ ունէր, այսինքն՝ Եսաւը եւ Յակոբը, եւ Աստուած ապագայի մասին խոստումներ տուած էր իրեն, բայց տակաւին Աբրահամի պէս Իսահակ ալ ՄԵԾ ՎԱԽԵՐ կ'ունենար:
- Այս բաները մեզի կը սորվեցնեն, թէ երբ Աստուած մեզի հետ կը խօսի, կամ խոստումներ կու տայ մեզի, կ'ակնկալէ, որ Իր միջամտութիւնը ակնկալենք եւ չըլլայ որ Իր ներկայութիւնը միայն մեր երեւակայութեան համար ընդունած ըլլանք:
- Տիրոջ ներկայութիւնը ակնկալենք մեր կեանքի բոլոր մասերուն մէջ՝ գործ, ընտանիք, բարեկամութիւն, ազգ եւլն.:
Աստուծոյ Ծրագիրը (Ծն 26.3-4)
Պանդո՛ւխտ եղիր: Այսինքն՝ ժամանակաւոր կերպով.
- Շրջէ՛:
- Բնակէ՛:
- Օտար ժողովուրդի մէջ ապրէ՛:
Տէրը կ'առաջարկէ, որ Իսահակ պանդուխտ ըլլայ երկիրի մը մէջ, ուր սով կայ:
- Տէրը այնպէս չի տեսներ, որ Իսահակի համար սովի երկիրին՝ Փղշտացիներու երկիրին մէջ ըլլալը արգելք է կոչումին կամ խոստումներուն կատարուելուն:
- Տէրը այնպէս չի տեսներ, որ Աբրահամի տրուած խոստումները կրնան արգելքի՝ գոց դուռի մը կամ պատի մը հանդիպիլ: Ընդհակառակը, Ան կը թելադրէ, որ Իսահակ մնայ Փղշտացիներուն մէջ, եւ Տէրը կ'աւելցնէ ըսելով. «Ես քեզի հետ պիտի ըլլամ», այսինքն՝ Տէրը կարծես ըսել կ'ուզէ, թէ ներկայ պայմաններդ փոխելով յայտնած պիտի ըլլամ ուխտիս քու հետդ շարունակուիլը:
- Դժուար պայմաններու մէջ ըլլալը իբրեւ տկարութիւն կամ վնաս պէտք չէ թարգմանուի, որովհետեւ ըստ երեւոյթին ճիշդ այդ տեղին եւ վիճակին մէջ է, որ Տէրը կոչումիդ կողքին կը պատերազմի:
- Մեր պարագային, Քրիստոսով Ան ոչ միայն մեզի հետ է, հապա՝ որպէս Իր տաճարները, մեզի հետ ալ կը բնակի:
«Քեզի հետ պիտի ըլլամ եւ քեզ պիտի օրհնեմ», կ'ըսէ Տէրը:
- «Օրհնեմ»՝ եբր. «Պարախ» բառը, ունի զանազան իմաստներ.
- Ծունկի գալ, ծնկադրել կամ ծունկի բերել (դրական իմաստով)
- Գովաբանել
- Շնորհաւորել
- Լատիներէն արմատ ունեցող «Սալութ» բառը կը նշանակէ՝ ողջունել, այսինքն՝ լաւագոյնը մաղթել:
«Բոլոր այս երկիրները քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ»:
- Երբ կ'ըսէ, թէ բոլոր երեւցած երկիրները մեր սերունդին պիտի տայ՝ տրուած ըլլալով, որ մենք հաւատքի ճամբով Աբրահամի սերունդն ենք, ատիկա կը նշանակէ, թէ Ան կը խօսի հոգեւոր եւ ֆիզիքական մնայուն օրհնութեան մասին:
- Ան կը խօսի նիւթական աշխարհին մէջ պատահելիք բոլոր տեսակի օրհնութիւններուն մասին:
- Երկիրին մէջ գտնուող ամէն բանի առաջնահերթ իրաւունքը եւ սեփականութիւնը մեզի տալ կը խոստանայ:
- Առողջապահական (տե՛ս Եր 32.40-41, 33.6,9), գործերուդ յաջողութիւն (տե՛ս Յես 1.8) ինչպէս նաեւ Բ.Օրինաց 28.1-14-ի բոլոր խոստումները
- Այդ խոստումները տալով, Աստուած Իր խոստումին եւ ուխտին գագաթը կը ներկայացնէր, կը հրամցնէր: Մանաւանդ երբ աւելցնելով կ'ըսէ՝ «Քու հօրդ Աբրահամին ըրած երդումս պիտի հաստատեմ»:
Խոստումները Իրական են (Ծն 26.4-5)
Աբրահամին եւ Իսահակին եղած ուխտին սերունդը այսօր մենք ենք Քրիստոսով, որ պիտի շատնայ, երկիրը լեցնէ եւ ազգերը օրհնէ ամէն բանի մէջ:
- «Ազգերը պիտի օրհնուին» կը նշանակէ՝ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:
Հինգերորդ համարը կը պարզէ, թէ յաջողութեան գաղտնիքը Տիրոջ ձայնին ականջ տալն է, ինչպէս նաեւ հրամանները, պատուիրանները եւ կանոնները կատարելը:
Իսահակի Մտավախութիւնները (Ծն 26.6-11)
Իսահակ ալ ունէր իր հօրը Աբրահամի պէս մտավախութիւններ, բայց ատոնք բնաւ արգելք չէին, որ ան յաջողէր:
Հարիւրապատիկ Արդիւնք
Իսահակ Փղշտացիներու երկիրին մէջ եւ տակաւին սովի՛ ժամանակ ցանեց եւ հարիւրապատիկ արդիւնք քաղեց: Հարիւրապատիկ արդիւնքը բնական պատճառներով չէր, հապա՝ Տիրոջ անոր հետ ըլլալուն պատճառով. Ան «օրհնեց զանիկա» (հմմտ Մտ 28.20):
Իսահակ Արդիւնք Քաղեց Իրեն Եւ Շուրջիններուն Համար
Մինչ սովը տիրած էր, արտերը չոր եւ պարապ էին, անասունները չէին արածուէր՝ Իսահակ հարիւրապատիկ արդիւնք քաղեց: Ան քաղեց իրեն եւ շուրջիններուն համար: Ան օրհնութեան աղբիւր եղաւ բոլոր շուրջիններուն համար: Իր շրջաններուն մէջ գործը եւ վաճառականութիւնը չէին ազդուած սովէն, հապա՝ բոլորին համար բաւարար կար: Վերջապէս ան տնտեսութեան գլուխը եղաւ Տիրոջմով եւ Անոր նպատակներուն համաձայն: Բոլորին կողմէ ճանչցուեցաւ, թէ օրհնուած էր Տիրոջմէն: Հոգեւոր բաներու մէջ ալ հաշիւը ընելու սկսան:
- Իսահակ բարձրացաւ, յարգուեցաւ եւ կարեւոր նկատուեցաւ: Ընդարձակուեցաւ իրական եւ երեւելի կերպով:
- Իսահակ ունեցաւ զօրութիւնը, որ բաներ կամ առարկաներ բազմապատկէ եւ աւելի մեծ կամ շատ ընէ զանոնք քան կրնային ըլլալ բնական չափով:
- Իսահակ շատ ստացուածք ունեցաւ (հմր 14):
Հին եւ Գոց Ջրհորները Բացաւ
Անոր մեծութիւնը բոլորին վախի պատճառ եղաւ (հմր 16): Բոլոր գոց ջրհորները նորէն բացաւ եւ նորեր ալ բացաւ (հմր 15,18-22): Ջրհորը այդ օրերուն ամէն բանէ աւելի արժէքաւոր եւ կենսական բանն էր. ապրելու եւ կեանքը շարունակելու համար ամենակարեւոր կալուածն էր:
- Ջրհորները այն տեղերն են, ուրկէ ծածկուած տեղէ ջուր դուրս կու գայ, ինչ որ խորհրդանշաբար կը նմանցնեմ մեր կեանքերուն մէջ գտնուող ծածկուած բաներուն, զորս Տիրոջ շնորհքով կը յաջողինք դուրս բերել:
Տէրը Կը Հաստատէ
Սովի ժամանակ Փղշտացիներուն երկրին մէջ պանդուխտ ըլլալէն եւ բոլոր դէպքերուն պատահելէն ետք, Տէրը գիշերով կ'երեւի Իսահակին: Տէրը կը գնահատէ անոր ընթացքը եւ յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ, թէ բոլոր այդ բաները Իր խոստումներուն համաձայն կատարած էր եւ տակաւին պիտի կատարէր ամէն խոստում, որ տուած էր անոր Հօր Աբրահամին:
Խաղաղութեան Առաջարկ (Ծն 26.26-33)
Աբիմելէք եւ իր մարդիկը խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն կը խնդրեն եւ կը կնքեն Իսահակի հետ: Անոնք Իսահակի Աստուծոյ մարդը ըլլալէն վախցան եւ ըսին՝ «Դուն Տիրոջ օրհնեալն ես»:
Մե՛ծ Տեսիլքով Աղօթէ
Ուստի մինչ կ'ապրինք եւ մանաւանդ կ'աղօթենք, մեր կեդրոնացումը մեր չունեցածներուն ազդեցութեամբ թող չշեղի, հապա՝ մեր աղօթքը Տիրոջ մեզի հետ կատարած ուխտին եւ տուած խոստումներուն համաձայն կատարենք: Եթէ Տիրոջ հետ ուխտ ըրած ենք եւ Անոր կը պատկանինք, Ան մեծ բաներ պիտի ընէ մեր միջոցաւ եւ պիտի բարձրացնէ մեզ: