Պօղոս Իր Վստահութիւնը Կը Հաստատէ (Հռ 1.16Ն.Թ.)
«Ասիկա կ'ըսեմ, որովհետեւ ամօթ չեմ համարեր Աւետարանը: ընդհակառակը, անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն է՝ որ կը փրկէ ամէն հաւատացող, նախ Հրեան, ապա նաեւ ոչ-Հրեան»:
Հռոմի մէջ աւետարանը աղքատ ատաղձագործի մը խաչին վրան մեռնելուն լուռն էր: Հրեաները արժէք չունէին իրենց քով: Իրենց համար խաչի մահը ոճրագործի մը պատիժն էր... ինչո՞ւ հաւատային խաչուած Հրեայի մը:
Պօղոսին համար Աւետարանը Աստուծոյ զօրութիւնն էր (Հռ 1.16ա): Պօղոս Աստուծոյ կողմէ տրուած յանձնարարութիւն կը նկատէ աւետարանը, երբ կ'ըսէ. (Հռ 1.1) «[…] պաշտօն տուաւ Աստուծոյ Աւետարանը քարոզելու»:
Աւետարանը Աստուծոյ զօրութիւնն էր փրկութեան համար (Հռ 1.16բ):
Այդ օրերուն «փրկութիւն» բառը արժէք ունէր, կը նշանակէր «ազատագրութիւն» եւ կայսրին կը նայէին որպէս «փրկիչ» կամ «ազատող»: Այս օրերուն ալ շատեր նիւթականը փրկիչի տեղ ընդունած են (Jackpot-ը Աստուծոյ տեղ դրուող օրինակը):
Պօղոս կ'ըսէ թէ Աւետարանին ճամբով փրկութիւն կայ բոլորին, թէ հրեային եւ թէ ոչ հրեային (Հռ 1.16գ):
(Հռ 1.17) «Վասնզի անով Աստուծոյ արդարութիւնը, որ է հաւատքէն, հաւատքի համար կը յայտնուի. Ինչպէս գրուած է թէ՝ “Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի”»:
Աւետարանչութիւնը բոլոր հաւատացողներուն համար է: Պօղոս բոլոր այս բաները կ'ըսէ եւ կ'ընէ, «Աստուծոյ Արդարութիւնը» ներկայացնելու համար բոլորին:
Ան ամօթ չէր զգար Յիսուսի աւետարանը քարոզելէ, նոյնիսկ Հռոմի մէջ, հակառակ որ՝
- Ան կու գար Հռոմի գրաւած երկիրներէն մէկուն մայրաքաղաքէն:
- Քրիստոնեաները այդ օրերուն ազնուական մասը չէին ընկերութեան մէջ, այլ սովորական մարդիկը կամ գերիները:
- Հռոմ ունեցած էր շատ փիլիսոփաներ: Մարդիկ ինչո՞ւ ուշադրութիւն դարձնէին առասպելի մը, կամ Հրեայի մը, որուն համար կ'ըսուի. թէ մեռելներէն յարութիւն առած է (Ա.Կր 1.18-25):
- Քրիստոնեաները իրարու հետ որպէս քոյր եղբայր կ'ապրէին եւ կը կանչէին, մէկ էին Քրիստոսով, ինչ որ Հռոմէացիներուն հպարտութեան եւ արժանապատուութեան հակառակ էր:
Վրան շինող Հրեայի մը միջոցաւ քարոզուիլը, Հռոմայեցիներուն համար խնդալիք էր: Բայց Պօղոս ամօթ չէր զգար եւ մի քանի պատճառներ կուտայ, թէ ինչու չէր ամչնար՝
- Աւետարանին ծագումը-Քրիստոսի աւետարանն էր:
- Աւետարանին գործունէութիւնը -Աստուծոյ զօրութիւնն էր:
- Աւետարանին արդիւնքը-Աստուծոյ զօրութիւնն է փրկութեան համար:
- Աւետարանչութիւնը- Բոլոր հաւատալ ուզողներուն է:
- Աւետարանին Ծագումը-Քրիստոսի Աւետարանն է
Որեւէ նամակ մը որ Կայսրին կողմէ տրուէր, Հռոմայէցիներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէր անմիջապէս: Բայց աւետարանին լուրը «Աստուծոյ Որդիէն» էր, որ Պօղոս կը կոչէ «Աստուծոյ Աւետարանը» (Հռ 1.1):
- Աւետարանին Գործունէութիւնը - Աստուծոյ Զօրութիւնն է
Ի՞նչպէս ամչնալ զօրութենէն: Զօրութիւնը Հռոմէացիներուն հնազանդութեան հիմնական բանն էր: Յոյները ունեցան փիլիսոբաներ բայց Հռոմէացիները ունէին զօրութիւն: Հռոմէական իշխանութեան վախը ամբողջ կայսրութեան վրայ էր ամպի պէս:
Բոլոր յաղթութիւններով եւ գրաւուած երկիրներով հանդերձ «Սենեքա» փիլիսոբան կ'ըսէ. Հռոմ «մեղքի կոյալիճ»՝ աման մըն է: Պօղոս մեղաւոր Հռոմին կը տանէր նամակը, «բարի լուրը» որ մարդոց կեանքերը փոխելու զօրութիւն ունէր:
Պօղոս տեսած էր, այդ զօրութիւնը կատարուած Կորնթոսի եւ Եփեսոսի մէջ եւ վստահ էր Հռոմի մէջ ալ պիտի յաջողի: Իր կեանքին փոխուելուն նման, կը հաւատար որ ուրիշներն ալ կրնայ փոխել:
- Աւետարանի Արդիւնքը-Աստուծոյ Զօրութիւնն է Փրկութեան Համար (Հռ 1.16բ)
Պօղոսի օրերուն «Փրկութիւն» բառը արժէք եւ իմաստ ունէր: Հիմնականօրէն կը գործածուէր «ազատագրութիւն»:
Կայսրին կը նայէին իբրեւ «Փրկիչ» մը, նման բժիշկի մը որ կը բժշկէ քեզ հիւանդութենէն եւ կ'ազատէ: Նոյնպէս Աւետարանը կ'ազատէ մեղաւորները մեղքին զօրութենէն եւ պատիժէն:
«Փրկութիւնը» այս նամակին ամենակարեւոր նիւթն է եւ մարդկութեան պէտքը (Հռ 10.1,9-10): Եթէ մարդիկ պիտի փրկուին, միակ ձեւը Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ է եւ Աւետարանին հռչակուելովը:
- Աւետարանչութիւնը-Բոլոր Հաւատալ ուզողներուն է (Հռ 1.16գ)
Բոլորին համար է եւ ոչ միայն Հրեային, որովհետեւ բոլորը «փրկուելու պէտք ունին»: Այս համարը բանալին է ամբողջ Հռոմայէցիներու նամակին:
Հռ 1.17-ին մէջ, Պօղոս կը յայտնէ, թէ փրկութիւնը կատարուեցաւ՝
- «Աստուծոյ Արդարութեամբ», որ կը յայտնուի Քրիստոսի մահով մեղքերու քաւութիւն տալու:
- Յարութեան միջոցաւ կը յայտնէ, թէ բոլոր մեղաւորներուն փրկութիւնը ապահովուած է հաւատքի միջոցաւ:
Հռոմայէցիներուն նամակին մէջ, մօտ 60 անգամներ օգտագործուած է «արդարութիւն» բառը:
Ի՞նչպէս կրնայ «Սուրբ» Աստուած ներել մեղաւորները եւ մնալ «Սուրբ»:
Պատասխանը Աւետարանին մէջն է: Ատիկա կ'ըլլայ Յիսուսի արիւնով (Հռ 3.23-26)՝
«Արդարեւ, թէպէտ բոլոր մարդիկ մեղանչեցին եւ Աստուծոյ փառքէն զրկուած կը մնան, սակայն Աստուած զանոնք կ'արդարացնէ իր ձրիօրէն պարգեւած շնորհքովը, Քրիստոս Յիսուսի փրկագործութեան միջոցաւ: Որովհետեւ Աստուած նախասահմանեց, որ Քրիստոս իր թափած արիւնով քաւութեան միջոց ըլլայ անոնց՝ որոնք իրեն կը հաւատան: Անցեալին մէջ Աստուած իր արդարութիւնը ցոյց կու տար՝ անձիշաչար գտնուելով մարդոց գործած մեղքերուն հանդէպ. իսկ ներկայիս, նոյն արդարութիւնը կը յայտնէ՝ մեղքերուն թողութիւն շնորհելով, ցոյց տալով թէ արդար է ինք եւ կ'արդարացնէ ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի կը հաւատայ»:
Մարդուն մեղանչումը եւ արեան պղծուիլը բերաւ դատաստան: Իսկ Յիսուսի արիւնը Նոր Ուխտի արիւնն է, որով երկինքի թագաւորութեան սերունդը սկսաւ:
Քրիստոսով Արդարացածները եւ Անոնց Պաշտօնը
Հին Կտակարանին մէջ «արդարութիւնը» գործով է, իսկ Նոր Կտակարանին մէջ «արդարութիւնը» հաւատքով է:
Պօղոս մէջբերումը ըրած է Ամբակումայ 2.4-ին մէջէն «[…] արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի», որ երեք անգամ յիշուած է Նոր Կտակարանին մէջ:
Հռ 1.17-ին մէջ շեշտը Արդարին վրայ է: Գղ 3.11-ին մէջ շեշտը Հաւատքին վրայ է: Եբր 10.38-ին մէջ շեշտը Ապրելուն վրայ է՝ «Եւ Արդարը հաւատքով պիտի ապրի ու եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի»:
Մեր արդարութիւնը կու գայ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալով (Հռ 5.1-6):
Մենք Աստուծոյ Արդարներն Ենք (Ա.Կր 5.21):
Հայրը փրկագործութիւնը վստահեցաւ Քրիստոսի եւ Յիսուս Քրիստոս փրկագործութիւնը կատարեց խաչին վրայ արիւնը թափելով եւ մեռնելով: Ան Իր անմեղ արիւնը բարձրացուց Հօր առջեւ մեր փրկութիւնը գնելու (Ա.Պտ 1.18-19: Ա.Կր 6.19-20):
Հայրը արդարացուց մեզ Անոր արիւնով (Հռ 5.9): Որդին Փրկագործութիւնը յանձնեց Սուրբ Հոգիին (Յհ 14.16):
Սուրբ Հոգին մեզ փոխակերպեց (Բ.Կր 3.17-18) ներսէն դուրս (Ա.Յհ 4.4):