Հռ 1.1-32 Ն.Թ.
«[…] Արդարը իր հաւատքով պիտի փրկուի» (Հռ 1.17):
Այս համարին բերած պայծառութեամբ ամենամեծ բարեկարգիչները փրկուած են եւ առաքելութիւն ստացած են:
Ես եւ դուն կը կարդանք նոյն գիրքը, որ Martyn Luther-ի, John Wesley-ի եւ շատերուն տուաւ կեանք եւ զօրութիւն:
Հին ատեն, նամակի մը հեղինակը, նամակ կը սկսէր իր անունը գրելով: Հռոմայեցիներուն ղրկուած նամակին պարագային, քանի որ այդ ժամանակ Պօղոս անուն ունեցողները շատ կ'ըլլային, այդ պատճառով Պօղոս ուզեց իր անունը իր կոչումին համապատասխան տալ:
Ի՞նչ էին Պօղոսի Կոչումին Անունները:
1. Ծառայ էր (Հռ 1.1ա)՝ «Ես, Պօղոս, ծառան եմ Քրիստոս Յիսուսի […]»:
Պօղոս օգտագործեց «գերի» կամ «ստրուկ» բառը, որ կրնար անիմաստ ըլլալ Հռոմայեցիներուն, որովհետեւ այն ատեն 60 միլիոն ստրուկ կար Հռոմէական կայսրութեան մէջ: Ստրուկները կը ճանչցուէին իբրեւ առարկայի կտոր մը եւ ո՛չ իբրեւ անձեր:
Պօղոս Յիսուսի հանդէպ իր սէրէն եւ նուիրումէն մղուած՝ ինքզինք ստրուկ կոչեց, իբրեւ Անոր կամքին հնազանդող ծառայ:
2. Առաքեալ էր (Հռ 1.1բ)՝ «[…]որ զիս կանչեց իր առաքեալը ըլլալու[…]»:
Կը նշանակէ, մէկը որ ղրկուած է իշխանութեամբ: Այդ օրերուն կը գործածուէր կայսրին կողմէ ղրկուած ներկայացուցիչներուն համար:
Առաքեալ ըլլալու պահանջքներէն մէկը յարութիւն առնող Յիսուսը տեսնելն էր (Ա.Կր 9.1-2):
«Միթէ ազատ չե՞մ. միթէ առաքեալ չե՞մ. միթէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ես իմ աչքերովս չտեսա՞յ. միթէ իմ աշխատանքովս չէ՞ր որ դուք Տիրոջ պատկանեցաք: Նոյնիսկ եթէ ուրիշներուն համար առաքեալ չեմ, բայց եւ այնպէս ձեզի համար՝ եմ. եւ իմ առաքելութեանս կնիքը դո՛ւք էք, որ Տիրոջ կը պատկանիք»:
Պօղոս տեսաւ Քրիստոսը Դամասկոսի ճամբուն վրայ (Գրծ 9.1-9):
Աստուածաշունչը կ'ըսէ թէ սիրտով մաքուրները պիտի տեսնեն զԱստուած (Մտ 5.8) իսկ հաւատքը քննողները պիտի զգան Անոր ներկայութիւնը (Բ.Կր 13.5):
3. Աւետարանիչ էր (Հռ 1.1գ-4)
Աւետարանիչը Աւետարանին քարոզիչ է, այսինքն բարի լուրին, որ է Քրիստոսի մեռնիլը մեղքերու քաւութեան համար, թաղումը, յարութիւնը եւ այսօր բոլոր իրեն վստահողներուն փրկութիւնը (Ա.Կր 15.1-4):
4. Հեթանոսներուն Միսիոնարն էր (Հռ 1.5-7)
«Ա՛ն էր որ ինծի առաքեալ ըլլալու շնորհքը տուաւ, որպէսզի իր անունին հաւատալու եւ հնազանդելու հրաւիրեմ բոլոր ազգերը, որոնց կարգին դուք ալ Յիսուս Քրիստոսի պատկանելու կանչուեցաք: Ողջո՜յն բոլորիդ որ Հռոմ կը բնակիք. ձեզի՝ որ Աստուած սիրեց եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու կանչեց: Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի»:
Միսիոնար բառը առաքեալ բառին լատիներէնն է, որ կը նշանակէ «ղրկուածը»: Պօղոս գիտեր որ ղրկուած էր...
Պօղոս Իր Մտահոգութիւնները Արտայայտեց (Հռ 1.8-12)
«Նախ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իմ Աստուծոյս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլորին համար, որովհետեւ ամբողջ աշխարհի մէջ կը խօսուի ձեր հաւատքին մասին: Աստուած, որուն կը ծառայեմ հոգիովս՝ իր Որդիին Աւետարանը քարոզելով, վկայ է՝ թէ անդադար կը յիշեմ ձեզ, եւ միշտ աղօթքներուս մէջ կը խնդրեմ որ Աստուծոյ կամքով յաջողիմ ձեզի գալ: Որովհետեւ շատ կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որպէսզի ձեզի փոխանցեմ ոեւէ հոգեւոր պարգեւ որ ձեզ ամրապնդելու կը ծառայէ. այսինքն՝ ձեր մէջ ըլլալով՝ իրար քաջալերենք այն հաւատքով որ ունինք դուք եւ ես: Բայց կ'ուզեմ որ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, որ բազմիցս մտադրեցի գալ ձեզի, սակայն մինչեւ հիմա արգելքներ ունեցայ: Որովհետեւ կ'ուզեմ ձեր մէջ եւս վաստակ ունենալ, ինչպէս ունիմ ուրիշ ազգերու մէջ. որովհետեւ, ինչպէս ինքզինքս պարտական զգացի թէ՛ Յոյնին եւ թէ՛ ոչ-Յոյնին, թէ՛ իմաստունին եւ թէ՛ անմիտին հանդէպ, այնպէս ալ պարտական կը զգամ յօժարութեամբ աւետարանել ձեզի, որ Հռոմի մէջ էք»:
Պօղոս Հռոմի Եկեղեցիին համար խոր մտահոգութիւններ ունէր: Այսօր մենք ալ պէտք է մտահոգուինք:
- Շնորհակալ էր (Հռ 1.8) անոնց համար:
- Կ'աղօթէր անոնց համար (Հռ 1.9-10)
Աղօթք կ'ընէր անոնց հոգեւոր կեանքին համար եւ անոնց քով երթալով՝ անոնց ծառայելու համար.
Թէեւ Պօղոս Հռոմ հասաւ ձերբակալուած, բայց իր գործը չդադրեցաւ:
- Սիրեց զԱնոնք (Հռ 1.11-12)
Պօղոս իր սրտէն յառաջ եկած խօսեցաւ երբ ըսաւ «Որովհետեւ շատ կը փափաքիմ ձեզ տեսնել […]»: Իր մէջ մեծ փափաքը կար հասնելու բոլորին եւ փոխանցելու իր փորձառութիւնները:
- Ինքզինք Պարտական Կը զգար Բոլորին հանդէպ (Հռ 1.13-14)
Յոյները ոչ յոյներուն բարբարոս կը նկատէին, բայց Պօղոս պարտական կը զգար անոնց հանդէպ:
- Այցելելու Մեծ Փափաք Ունէր (Հռ 1.15)