Տէր Յիսուս չեկաւ Թագաւորութեան մասին խօսելու համար միայն, այլ եկաւ Աստուծոյ թագաւորութեան գիտութիւնը վերադարձնելու մարդկութեան, որպէսզի մարդիկ սկսին Թագաւորութիւնը գործնականապէս ապրիլ իրենց կեանքերուն մէջ:
Յիսուս կը սորվեցնէր Թագաւորութեան մասին, բայց նաեւ կը կատարէր հրաշքներ, եւ Սուրբ Հոգիին բերած յաղթութիւնները կ'երեւէին Իր առաքելութեան ընթացքին:
Յիսուս նաեւ մարզեց Իր աշակերտները, որպէսզի շարունակեն Իր առաքելութիւնը, եւ Երկինքի Թագաւորութեան յանձնարարութիւնը փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ, ունենալով տարբեր մակարդակի յաջողութիւններ:
Իւրաքանչիւր անձ եւ իւրաքանչիւր երեղեցի պէտք ունի Սուրբ Հոգիին եւ պէտք է շարժի Սուրբ Հոգիով ու իրականացնէ իրեն սահմանուածը:
Ո՞վ է Սուրբ Հոգին եւ ինչպէ՞ս կը գործէ մեր մէջ: Ինչո՞ւ Սուրբ Հոգիին պարգեւները (եւ յատկապէս լեզուներու պարգեւը) անհրաժեշտ են՝ մեզ նորոգելու եւ շինելու համար (Ա.կր 14.4) եւ ի՞նչ է ճիշդ ձեւը պարգեւները գործածելու: