Աստուածաշունչը կ'ըսէ, որ երբ Աննա նուիրումով կեցաւ եւ կրցաւ իր դժուարութեան մէջէն Աստուծոյ նայիլ, Աստուած յիշեց Աննան (Ա. Թգ 1.19), եւ Աննային ծնաւ որդի մը՝ Սամուէլը:
Աստուած մոռցած չէր Աննան, բայց Աննայի նուիրումն էր որ շնորհքին դուռը բացաւ: Ճիշդ Աստուածպաշտութեամբ Աստուծոյ ներկայութեան գալով Աստուծմէ պատասխան առնելու վիճակին մէջ կ'ըլլանք,եւ Աստուած կը պատասխանէ մեզի:
Աննա Աստուծոյ հետ յարաբերութեան վիճակ մը ունեցաւ (2.1): Ան Տիրոջմով ուրախացաւ ու սկսաւ թշնամիներուն դէմ խօսիլ: Երբ Տիրոջ կը նուիրուինք,մեր կեանքին մէջ պիտի ունենանք Տիրոջ ուրախութիւնը,զոր դժուարութիւնները եւ պայմանները պիտի չկարենան նուաճել: Սուրբ Հոգին դէմ պիտի դնէ թշնամիին եւ մեզի թշնամիին ետեւէն վազելու զօրութիւնը պիտի տայ (Ես 59.19):
Երբ Սամուէլ ծնաւ,Աննա զանիկա Տիրոջ նուիրեց: Սամուէլ,իր փոքր տարիքէն,Աստուծոյ ծառայելու սկսաւ (2.11)՝ Անոր հետ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալով (2.18): Ան օրէ-օր կը մեծնար եւ Տիրոջ ու մարդոց հաճելի էր: Տէրը Սամուէլի հետ էր (Ա.Թգ 3.19-21):
Նո՛յն Հոգին,որ Սամուէլի հետ կը գործէր,այսօր հաւատացեալներուս մէջ է եւ եթէ ճիշդ չափով արժեւորենք զԻնք,Աստուած մեզի հետ պիտի հաղորդակցի: Սուրբ Հոգիին մեր մէջ ըլլալը աննպատակ չէ,նոյնիսկ երբ յաճախ ճնշումներու տակ ըլլաով՝ մեր հոգեւոր կեանքը աննպատակ զգանք: Աստուած ամէն վայրկեան պիտի աշխատի Իր նպատակը լրումին հասցնելու համար,բայց մեր նուիրումն ու ճիշդ ձեւով Աստուծոյ առջեւ կենալն է որ մեզ կ'ընէ այն ինչ որ Ինք կ'ուզէ որ ըլլանք:
Միւս կողմէ,երբ Քրիստոնեաներ չեն ապրիր Աստուծոյ նուիրուելով եւ իրենց անձնական շահերուն համար կը ծառայեն,թշնամիէն կը տիրապետուին: Հեղի քահանայապետին որդիները քահանայ էին,բայց իրենց սիրտը նուիրուած չէր: Անոնք Տէրը չէին ճանչնար (Ա.Թգ 2.12) եւ ժողովուրդին մատուցանած զոհէն կը գողնային բռնի ուժով (13-16),եւ մարդիկ անոնց պատճառով Տիրոջ զոհը կ'արհամարհէին (17): Անոնք վկայութեան խորանին առջեւ կիներու հետ կը պառկէին (Ա.Թգ 2.22), Տիրոջ ժողովուրդը կը մոլորեցնէին (24) եւ խօսք մտիկ չէին ըներ (25):
Այսօր, նոյն բաները կրնան գտնուիլ հաւատացեալներուն կեանքին մէջ, երբ անոնք հոգեւոր կեանքի արժէքները չեն արժեւորեր: Դիտումնաւոր չարութեան հետեւանք՝ անցեալէն ի վեր եղած օրհնութիւնները կը խաբանուին (31): Հետեւաբար, Աստուծոյ առջեւ կենանք Սամուէլի՛ նման, ըլլալով ժողովուրդին մէջ նուիրուած, Աստուծոյ շնորքով լեցուած եւ Աստուծոյ հաճելի: